ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ
Սարսափելի կրնայ թուիլ այն տեսակի պահ մը, երբ մեզի առիթ կ՛ընծայուի յետմահու գիտնալու, թէ ի՛նչ դրոշմած ենք այս աշխարհին կամ մեր շրջանակին մէջ:
Աւելի քան հարիւր տարի առաջ մարդ մը առաւօտեան թերթը կարդացած ժամանակ անակնկալի առջեւ կու գայ, երբ սոսկումով իր անունը կը կարդայ մահազդի սիւնակին մէջ:
Առաջին հակազդեցութեամբ, ան կը ցնցուի, վայրկեանի մը համար կասկածելով իր գոյութեան: Ապա երբ ան կը վերականգնէ իր գիտակցութիւնը, իր երկրորդ հակազդեցութեամբ ան կ՛ապշի, երբ կը նկատէ, թէ մահազդը ինչպէ՛ս կ՛անդրադառնայ իր մահուան, «Ռումբի թագաւորը կը մահանայ, ան մահուան վաճառականն էր»:
* * *
Հարկ է պահ մը ետ նայիլ այն մեր «սխրագործութիւններուն», զորս հպարտութեամբ կը յիշենք, այն «անձնանուէր» ժամանակին, զոր տրամադրած ենք, այն «համեստութեան», որով ապրած ենք, այն «անկեղծութեան», որով յարաբերած ենք, եւ այն «հնազանդութեան», որով գործած ենք:
Վերոնշեալները շատ հաւանաբար կրնան յարաբերական ըլլալ, որովհետեւ ի վերջոյ մեր իրականութիւնը մեր կամ մեր նեղ շրջանակէն կախեալ չէ, ոչ ալ այս կամ այն շահերով մեր շուրջը հաւաքուած սրինգ նուագողներով է:
Օրինակ` ուրիշին վնաս հասցնելը եւ միայն մեր անձնական ջաղացքը դարձնելը սխրագործութիւն չէ, այլ անկարելին իրագործելն է, ուրիշին օգտակար դառնալ առանց հաշիւի: Ժամանակ տրամադրելն ու պերճախօսութիւն ընելը անձնուիրութիւն չեն, այլ այդ ժամանակն ու խօսքերը իրապէս գործի դնելն է նուիրում:
Մեր անձը կուրօրէն գերադասելը համեստութիւն չէ, այլ իսկական հեզութեամբ կ՛ըլլայ համեստութիւնը: Հերքումն ու իրականութիւններու կուրացումը անկեղծութիւն չեն, այլ ճշմարիտ ըլլալով է անկեղծութիւնը: Անպատկառին խոնարհիլն ալ հնազանդութիւն չէ, այլ` ստորադասութեան բարդոյթ:
Ի դէպ, մեր իրականութիւնը մեր հրիտակով է, որուն մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ մեր նկարագիրն ու բարոյականը:
Մեր անշահախնդրութիւնը եւ իրաւական մօտեցումը առօրեայ հարցերու եւ խնդիրներու, պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու ոչ մէկ փոխարէնի կամ երախտագիտութեան, յանդգնութիւնը` գերաճառեալ ու չանսացող ըլլալ անարդարութեան դիմաց, կը կազմեն այդ բարոյականը:
Մեր անկաշառակեր ըլլալն ու պարկեշտութիւնը եւ յատկապես մեր դիմադրողականութիւնը եւ ըմբոստ կարգավիճակը ընկերային ու մարդկային արժէքներն ու սկզբունքները բռնաբարողին հանդէպ, կը կազմեն այդ բարոյականը:
Առ այդ, սկզբունքի տէր անձ ըլլալով եւ անարդարութեան դիմաց ոտքի կանգնելով է այդ բարոյականը: Սխալի դիմաց անշարժ մնալը մեզ մեղսակից կը դարձնէ եւ ոչ` չէզոք կամ վերապահ: Գայլի ահէն մեր գիւղը պէտք չէ մոռնանք: «Միակ անհրաժեշտ բանը, որ կը նպաստէ պատուհասի նուաճման, այն է, որ ողջամիտ անձիք ոչինչ ընեն»:
Եւ այդպէս մը չէ, որ իւրաքանչիւր անհատ դիւրութեամբ եւ շտապօրէն «ամբողջական» անձի կրնայ վերածուիլ, ո՛չ, բայց կրնանք այդ ուղղութեամբ դիրքորոշուիլ` մաքրուելով նենգ ու պղծուած մտածելակերպերէ եւ եսակեդրոն հանգամանքներէ:
* * *
«Մահի վաճառականը» իր մասին գրուած բառերը կարդալէն ետք կ՛որոշէ, որ ինք այդ ձեւով չէ, որ պիտի յիշուի եւ ասկէ ետք պիտի աշխատի նպաստելու խաղաղութեան տարածման համար:
Անոր անունը Ալֆրետ Նոպել էր եւ այսօր ան կը յիշուի Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակով: Ան իր գիտակցութեան հետ կրկին կապ հաստատեց ու վերասահմանեց իր արժէքները:
Առ այդ, հիմնական մարտահրաւէրը առաջին հերթին աշխարհը փոխել չէ, այլ` մեր անձն ու մտածելակեպը, կաղապարումէ ելլելն է եւ այլախոհութեամբ է, մեր առօրեային մէջ նորութիւն ներառելով է, ուրիշը ընդունելով է, պարկեշտութեամբ է:
Ժամանակի պատահականութեան պէտք չէ ձգենք այդ փոփոխութիւնը, այլ` մեր անխնայ ճիգերուն: Պէտք չէ, ըստ սովորութեան, ուրիշը այպանել, երբ տակաւին մենք մեզ չենք կարողացած «փոխել»:
Կարելի է անձ մը «տիտղոսէ» զրկել, սակայն անոր բարոյականն ու հրիտակը կը մնան անձեռնմխելի: Իսկ անդին` կարելի է ուրիշին բարձրագոյն «տիտղոսները» տալ, սակայն անոր հոգիի նիւթականացուած սեւութիւնն ու կեղծիքը միշտ կը մնան անոր կնիքը:
Իսկ եթէ կը կարծենք, որ մեր յիշատակը ուրիշներու մօտ անպայման պերճախօսութեամբ պիտի մտաբերուի, չարաչար կը սխալինք:
Ընկերութեան ու մարդկութեան դատարանը ոչ ոքի կը խնայէ:
Մեր հրիտակը պիտի ըլլայ այն, որուն արժանի ենք:
Իսկ դուն մտածա՞ծ ես արդեօք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ հրիտակդ:
* Հրիտակ – ժառանգութիւն, legacy, bequest


