Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յեղաշրջման Ուղիով. Հայաստանի Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Առիթով

Մարտ 31, 2017
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ժամկէտը արդէն հասած է: Բոլոր կուսակցութիւններն ու դաշինքները իրենց քարոզարշաւը արդէն իսկ աւարտած են: Տարբեր լոզունգներ, խոստումներ, ակնկալիքներ ողողած են Հայաստանը: Կայ մէկ երեւոյթ, որ կը միացնէ բոլորը. ան ալ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնն է: Ոմանց մօտ այդ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը պարզապէս ընտրական քարոզչական եզր է, որ կեղծ է եւ զուրկ` խորքային որեւէ փոփոխութեան տեսլականէ: Ի վերջոյ կարելի չէ, որ այն կուսակցութիւններն ու անձերը, որոնք Հայաստանի մենաշնորհներու փաղանգին մաս կը կազմեն,  կը խօսին փոփոխութեան մասին անկեղծօրէն: Ուրիշներու մօտ, սակայն, այդ փոփոխութիւնը խորքային անհրաժեշտութիւն է: Անոնք կը գիտակցին Հայաստանի այսօրուան ճգնաժամին, կ՛անդրադառնան արտագաղթի ահաւոր տարողութեան, երկրի տնտեսական ու ընկերային տագնապին եւ մենաշնորհներու ոտնձգութիւններուն: Մենաշնորհներ, որոնք իրենց հարստութիւնը դիզած են ժողովուրդի իրաւունքներու հաշուոյն, եւ որոնք յաճախ կը վայելեն իշխանութեան մեղսակցութիւնը: Երբեմն նաեւ իշխանութիւններու մաս կազմող անձերն են մենաշնորհեալները, որոնք ժողովուրդին ծառայելու անուան տակ կը յափշտակեն ժողովուրդի իրաւունքը` անոր հետ տանելով նաեւ ժողովուրդի հաւատքը երկրի ապագային հանդէպ:

Ժողովուրդը ապրելով այս իրականութիւնը` աւելի ու աւելի կը կորսնցնէ հաւատքը քաղաքական կուսակցութիւններուն հանդէպ: Կ՛ընդհանրացնէ յաճախ որոշ կուսակցութիւններու յատկանիշները այլոց հետ եւ կը նախընտրէ յաճախ ուղղուիլ դէպի քաղաքացիական հասարակական շարժումներ, ան կը պոռթկայ, սակայն դժբախտաբար այդ պոռթկումը յաճախ զուրկ կ՛ըլլայ յստակ ծրագիրէ եւ այդ իսկ պատճառով շատ արագ կը մարի` ժողովուրդին պատճառելով նոր ու աւելի խոր հիասթափութիւն:

Եւ այսպէս, ընտրութիւններու նախօրեակին ժողովուրդը չի հաւատար, որ ան իր քուէարկութեամբ կրնայ կացութիւնը փոխել: Ասոր կողքին, ընտրակաշառքն ու զանազան անհատներու կողմէ ճնշումները կը մղեն ժողովուրդի որոշ հատուածը, որ ընտրեն ոչ իրենց ցանկութեամբ կամ ընդհանրապէս բացակային ընտրութիւններէն, որ իր կարգին կրնայ առիթ տալ զեղծարարութեան:

Այս կացութեան դէմ յանդիման է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը մասնակցի ընտրութիւններուն` հաւատալով, որ այս ընտրութիւնները առիթ կ՛ըլլան նոր սկիզբի մը` կերտելու արդար Հայաստան: Նոր սկիզբ, որովհետեւ այս ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան նոր սահմանադրութեամբ եւ նոր ընտրական օրէնքով, որոնք աւելի դժուար կը դարձնեն զեղծարարութիւնները: Իսկ արդար Հայաստանի տեսլականը, որ դժբախտաբար մեր հայրենի ժողովուրդը սկսած է կորսնցնել  կը շարունակէ մնալ Դաշնակցութեան ծրագրի գլխաւոր նպատակներէն մէկը:

Այսօր հայրենի ժողովուրդի պարտականութիւնն է, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու ճնշումներուն, տոկալու, ընտրելու իր խղճին համաձայն, ընտրելու փոփոխութեան համար, ընտրելու Հայաստանի ապագային համար: Այսօր ժողովուրդը աւելի քան երբեք պէտք է հաւատայ, որ ինք կրնայ փոխել կացութիւնը:  Ժողովուրդը պէտք չէ յաւելեալ առիթ տայ, որ այս ընտրութիւնները դառնան իշխանութեան վերարտադրութեան մեքենան: Ան մերժելով ընտրակաշառքն ու անտեսելով բոլոր տեսակի ճնշումները, իր քուէարկութեամբ պէտք է կերտէ հզօր ու արդար Հայաստան:

Նախորդը

Արհեստական Բանականութեան Հետքերով

Յաջորդը

Կոչ Կ՛ուղղեմ Կազմելու Արեւելքի Քրիստոնեաներու Լոպի Մը, Որպէսզի Կարելի Ըլլայ Դուրս Գալ Փոքրամասնութիւններու Նուաստ Հանգամանքէն Եւ Պաշտպանողական Դիրքերէն Անցնիլ Մտաւոր, Մշակութային, Քաղաքական Եւ Իրաւական Յարձակումներու» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Լեւոն Զաքի Ետալեան

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Յուլիս 2, 2025
Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ
Զաւարեանական

Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ

Յուլիս 2, 2025
Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը
Զաւարեանական

Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը

Յուլիս 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?