Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարածքային Ամբողջականութիւն Ընդդէմ Ինքնորոշման Իրաւունքի

Հոկտեմբեր 20, 2017
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ ԹԱՊԱԳԵԱՆ

Տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը երկու կարեւոր սկզբունքներ են, որոնք կը կիրարկուին միջազգային իրաւունքի եւ քաղաքականութեան մէջ: Այս սկզբունքները կը սահմանեն այն յարաբերութիւնները, զորս երկիր մը պէտք է մշակէ ուրիշ երկրի մը հետ, յատկապէս` համաշխարհային քաղաքականութեան առումով: Ինքնորոշման սկզբունքը կը հաւատայ, որ ազգերը իրաւունք ունին ազատօրէն որոշելու իրենց երկրին միջազգային կարգավիճակն ու ինքնիշխանութիւնը` առանց արտաքին միջամտութեան: Միւս կողմէ, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին համաձայն, երկիր մը պէտք է խուսափի սահմանային փոփոխութիւններէ, ինչպէս նաեւ պէտք չէ խթան հանդիսանայ ուրիշ երկիրներու մէջ անջատողական շարժումներու: Թէեւ այս երկու սկզբունքները կարեւոր դեր կը խաղան միջազգային քաղաքականութեան մէջ, սակայն երբեմն զիրար կը հակասեն օրէնքի կիրարկման ատեն:

Ինչպէս նախապէս նշեցինք, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը կը պնդէ, որ պետութիւններ պէտք չէ ձգտին սահմանային փոփոխութեան եւ պէտք չէ աջակցին ուրիշ երկիրներու մէջ անջատողական շարժումներու: Այս սկզբունքը մշակուած է դարեր առաջ` այն համոզումին պատճառով, որ այլ տարածք ներխուժելը նախայարձակ արարք է, ինչ որ կը հիմնաւորէ ապագայ պատերազմները: ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան որդեգրումը նեցուկ կը կանգնի տարածքային ամբողջականութեան: Արդարեւ, այս սկզբունքին առաւելութիւններէն մէկը այն է, որ կը փորձէ պաշտպանել պետութիւններ` այլ պետութիւններու կողմէ կատարուած յարձակողական գործողութիւններէ: Հետեւաբար սահմաններու պաշտպանութեամբ ժողովուրդը ապահով պիտի զգայ, առանց պատերազմի վախի: Ան նաեւ կը պաշտպանէ պետութեան մը ինքնիշխան բնոյթը եւ կը կանխարգիլէ արտաքին կողմերու միջամտութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ շրջանային քաղաքականութեան: Տեղին  է նշել, որ առաւելութիւններու կողքին, տարածքային ամբողջականութիւնը ունի նաեւ թերութիւններ: Անիկա ձեւով մը կ՛արգիլէ նոր պետութեան մը ստեղծումն ու զարգացումը: Նորաստեղծ երկրի մը իշխանութիւնը տրամաբանօրէն կ՛ըլլայ աշխուժ եւ կորովի, սակայն կը կարծուի, որ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը կ՛անտեսէ այս տեսակէտը` հաւատալով հաստատ սահմաններու անձեռնմխելիութեան:

Ինքնորոշման սկզբունքը կը ձգտի հնարաւորութիւն տալ պետութիւններու` ազատօրէն սահմանելու իրենց միջազգային քաղաքական կարգավիճակն ու ինքնիշխանութիւնը` առանց արտաքին միջամտութեան: Այս սկզբունքին հիմը դրուած է 19-րդ դարու կէսերուն` չմոռնալով, որ անցեալի պատմական իրադարձութիւնները, որոնց շարքին` ամերիկեան յեղափոխութիւնը, կը նկատուին այս սկզբունքին հիմքերէն: Այս իրաւունքին օգուտներէն մէկը ժողովրդավարութեան խթանման ձգտումն է: Ան կը պաշտպանէ ժողովուրդի մը կամքի իրականացումը` առանց օտար գործիչներու միջամտութեան, ինչ որ համահունչ է ժամանակակից ժողովրդավարութեան: Ուրիշ անկիւնէ դիտուած` ինքնորոշման իրաւունքի կարեւորագոյն «տկարութիւններէն» մէկը կը յառաջանայ նոյնինքն իրաւունքին հետ կապուած սահմանումներէն: Անիկա կ՛օգտագործէ այնպիսի բառեր, որոնք չեն սահմանուած միջազգային իրաւունքի մէջ,  որոնց մէջ, օրինակի համար, «ժողովուրդ» բառը: ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն մէջ «ժողովուրդ»-ը կը համարուի տարածքային միաւորի մը ամբողջ բնակչութիւնը` անկախ անոր յատկանիշներու տարբերութիւններէն: Տեղին է նշել, որ միջազգային իրաւունքի մէջ փոքրամասնութիւններն ու ցեղային խումբերը չեն ճանչցուած որպէս առանձին ժողովուրդներ:

Այսպէս, տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին վերոնշեալ երկու սկզբունքներուն միջեւ: Ինքնորոշման իրաւունքը, որ կողմնակից է ժողովուրդին, կը հակադրուի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին` այն պատճառով, որ պետութիւն մը օրինական կը դառնայ իր ժողովուրդին շնորհիւ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ժողովուրդին ազատութիւն պէտք է տրուի` որոշելու իր պետական վարչաձեւն ու անոր սահմանները: Հետեւաբար ինքնորոշման իրաւունքը կը հակասէ տարածքային ամբողջականութեան, որ, իր կարգին, կը պաշտպանէ պետութիւններու միջեւ հաստատուն սահմանները, որոնք պէտք է յարգուին միջազգային ընտանիքին կողմէ` խուսափելու համար յարձակողական արարքներէ: Ներկայիս բազմաթիւ ժողովուրդներ կը տառապին այս հարցէն: Այս հարցին մէջ կը գտնուին` Արցախը, Քաթալոնիան, Քոսովոն եւ այլն…

1991-ին տեղի ունեցած հանրաքուէին համաձայն, արցախահայութիւնը որոշեց անջատուիլ Ազրպէյճանէն եւ հիմնել անկախ պետութիւն: 2014-ի եւ 2017-ի հանրաքուէներով Քաթալոնիոյ ժողովուրդը հաստատեց Սպանիայէն բաժնուելու իր ձգտումը, իսկ 2008-ին Քոսովոն յայտարարեց իր անկախութիւնը` Սերպիայէն: Այս երեք ժողովուրդները կը բաժնեկցին նոյն դժուարութիւնները: Անոնք տէ ֆաքթօ յաջողեցան կերտել անկախ պետութիւններ (Արցախ եւ Քոսովօ), սակայն մինչեւ օրս անոնց կարգավիճակը կը մնայ հարցական, տրուած ըլլալով, որ այս անկախ պետութիւնները տակաւին չեն ճանչցուած միջազգային ընտանիքին կողմէ, անդամ չեն Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ ոչ մէկ նշան կայ, որ մօտիկ ապագային պիտի փոխուի անոնց կարգավիճակը` այն պատճառով, որ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը արգելք կը հանդիսանայ նոր պետութիւններու ստեղծման եւ կը պաշտպանէ Ազրպէյճանի, Սպանիոյ եւ Սերպիոյ հողային ամբողջականութիւնը:

Եզրակացնելու համար, երբ այս երկու սկզբունքները դէմ յանդիման կու գան, հարկաւոր է գերադասել ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը` նկատի ունենալով, որ անիկա ունի գերագոյն որակ` տարածքային ամբողջականութենէն: Ինքնորոշման իրաւունքը կ՛արտօնէ ժողովուրդի մը որոշելու իր սեփական ապագան` շնորհիւ ներքին որոշումներու, առանց արտաքին միջամտութեան: Միւս կողմէ` տարածքային ամբողջականութիւնը աւելի տկար կը սեպուի, որովհետեւ կը սահմանէ տարածքները` իբրեւ  ինքնիշխանութեան որոշման միջոց, ընդդէմ ժողովուրդի կամքին: Տրուած ըլլալով, որ ժողովրդավարութիւնը կը պաշտպանէ ժողովուրդի մը կամքը, հետեւաբար, եթէ ժողովուրդը (խօսքը յատկապէս բնիկ ժողովուրդին մասին է) խաղաղօրէն եւ իրաւացիօրէն որոշէ հիմնել անկախ երկիր մը` հանրաքուէներու միջոցով եւ վայելելով ՄԱԿ-ի հովանաւորութիւնը, ապա պէտք է յարգուի անոր կամքը: Ուստի ինքնորոշման իրաւունքը կարելի է համարել ժամանակակից աշխարհի ժողովրդավարութեան հիմքերէն մէկը:

 

 

 

Նախորդը

«Դէպի Հայք» («Պըրթրայթ Արմինիա»)

Յաջորդը

Բարի՛ վերամուտ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?