ԱՆԲՆԱԿԱՆ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Տարօրինակ զգացում մը կը ճնշէր վրաս, երբ ամբողջացուցած էի Արշակ Չօպանեանի «Հրաշքը» թատերախաղը: Չեմ գիտեր` ճիշդ ո՛ր թուականին գրուած է այս թատերախաղը, բայց Չօպանեան թատերախաղին սկիզբը կը նշէ. «Այս թատերախաղը ես գրած եմ քիչ յետոյ Լոզանի խորհրդաժողովէն, ուր դաշնակից մեծ ազգերը հայ ժողովուրդին հանդէպ իրենց բոլոր յանձնառութիւնները ոտնակոխ ըրին...»: Այս է ժամանակագրական եւ քաղաքական կացութիւնը թատրերգութեան: Այս էր, որ հետաքրքրական...