Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դէպի Հայք» («Պըրթրայթ Արմինիա»)

Հոկտեմբեր 20, 2017
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼԵԱԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

«Դէպի Հայք» ծրագիրը առիթը կու տայ հայ երիտասարդներու` երթալու Հայաստան ու մաս կազմելու Հայաստանի առօրեայ կեանքին` մնալով հիւրընկալ ընտանիքի մը մօտ, կատարելով կամաւոր աշխատանք, սորվելով հայոց լեզուն ու նաեւ մասնակցելով պտոյտներու` մօտէն ծանօթանալու համար հայրենիքին: Զանազան առիթներով այցելած եմ Հայաստան` ընտանիքով կամ բարեկամներով, այցելած եմ բոլոր եկեղեցիներն ու յուշարձանները:

Սակայն դպրոցական եւ ապա համալսարանական տարիներէս այս ծրագրին մասին լսած ըլլալով` վստահ էի, որ այս փորձառութիւնը պիտի ըլլար բոլորովին տարբեր: Նախ` նկատի ունենալով որոշ ատեն Հայաստան ապրելու առիթը, երկրորդ` հոն կամաւոր աշխատիլը եւ, մանաւանդ, տարբեր գաղութներէ եկած հայ երիտասարդներու  ծանօթացումը: Այս բոլորը լաւ գիտնալով հանդերձ, անցեալ ամառ ունեցայ ակնկալածէս շատ աւելի մեծ փորձառութիւն մը:

Տարիներու ընթացքին, ծնած ու մեծցած ըլլալով Լիբանանի մէջ, ինքզինքս կը նկատէի ամենահզօր գաղութի երիտասարդուհի մը, ինչպէս միշտ ու միշտ կը կրկնեն մեզի: Միշտ ալ ինքզինքս նկատած եմ իտէալ գաղութի հունձք: Մենք` լիբանանահայ երիտասարդներս, Հայաստանը կը նկատենք այն սուրբ հողը, ուր մեզմէ բաժին մը կ՛ապրի, այն մայր հողը, ուր կ՛երթանք նորոգուելու, շունչ քաշելու: Սակայն ինծի համար Հայաստանի յաջորդական այցելութիւններս այնքան ալ տպաւորիչ չեն եղած: Որքան ալ հայրենասէր ըլլամ եւ կամ սիրեմ հայ մշակոյթը, Հայաստան աշխարհը ինծի համար նոյն տարողութեամբ չէ ոգեւորած: Արդեօք այս փորձառութիւնը այդ մէ՞կն ալ պիտի փոխէր մէջս:

Այս այցելութեանս ծանօթացայ ինծի տարեկից երիտասարդներու, որոնք իրենց ծնողքէն բացի ոչ մէկ հայ կը ճանչնան: Ո՛չ հայ բարեկամ, ո՛չ հայ ուսուցիչ, ո՛չ հայ խանութպան, ո՛չ հայկական հաստատութիւն… Այդ պահուն էր, որ զգացի, թէ մենք` լիբանանահայերս, որքա՜ն բախտաւոր ենք այսքան մեծաթիւ հայրենակիցներով շրջապատուած ըլլալնուս համար: Ապահովութիւն, հանգստութիւն… Այս բոլորը ունինք… Զիրար ունինք… Եւ դեռ…

Այս բոլորով մէկտեղ, այդ սփիւռքահայ նոր բարեկամներս ունեցած են քաջութիւնը` մնալու հիւրընկալ ընտանիքներու մօտ: Անոնք հայերէն չգիտնալով` ընտանիքին հետ խօսելու ոչ մէկ միջոց ունին, հաղորդակցելու ոչ մէկ լեզու: Անոնցմէ կարեւոր մաս մը Հայաստան կը մնայ  նկատի առնուած ժամկէտէն աւելի երկարաձգելով իր կեցութիւնը: Մաս մը նոյնիսկ դիմած է գործի եւ որոշած է հաստատուիլ հոն: Ինծի համար շատ հետաքրքրական էին այս ծանօթութիւնները, որովհետեւ ինծի ցոյց տուին, թէ ի՛նչ տարբեր ձեւերով անհատ մը կրնայ արտայայտել իր սէրը հայրենիքին նկատմամբ: Ոչ միայն` թրքականը մերժելով եւ կամ ազգային երգեր երգելով: Նոյնիսկ հայերէն խօսիլը ինծի համար այլեւս չափանիշ չէ հայրենասիրութեան, այլ այդ մէկը կու գայ մարդոց պատկանելիութեան զգացումէն, անոնց նայուածքէն, երբ կը տեսնեն հայրենիքը առաջին անգամ, անոնց հաստատ կամքէն` սորվելու հայոց լեզուն, անոնց բարեացակամութենէն` մնալու ու կամաւոր աշխատելու, անոնց հաւատքէն ու յոյսէն` հայրենիքի զարգացման նկատմամբ: Իսկ կապը, որ կը ստեղծուի հայ երիտասարդներու միջեւ, արդէն կը փաստէ միատեսակութիւն մը: Այս բոլորը նկատի առնելով` հայրենիքի տեսարժան վայրերու պտոյտներս բոլորովին տարբեր անդրադարձ ունեցան ինծի համար: Գացինք Օշական, Արագած, Ամբերդ… Այո՛, գիտեմ, 10 անգամ գացած էինք: Բայց իմ այս տարեկիցներուս հետ երթալով` տեսայ, որ այդ նոյն բարեկամներս, որոնք մինչեւ առտու գիտեն քէֆ ընել, միաժամանակ գիտեն արժեւորել պատմութիւնը, մշակոյթը, եկեղեցիներն ու կոթողները: Ինծի համար շատ սովորական էին մեր այդ այցելած վայրերը: Սակայն բացատրութեան ժամանակ չէի կրնար անտարբեր մնալ ընկերներուս ցուցաբերած հետաքրքրութեան ու լրջութեան ի տես: Անիի աւերակներուն առջեւ բոլորը նստան ու դիտեցին: Ճիշդ է` չէին գիտեր պատմութիւնը, բայց վստահ եմ, որ կ՛երեւակայէին անոր հզօր փառքը:

Ո՛չ մէկ գանգատ: Ո՛չ մէկ նեղութիւն: «Ժամը 7:00-ին Երեւան պէտք է ըլլայինք»: Հարց չէ, միասին աւելի ժամանակ կ՛անցընենք: «Այսօր քէֆի ժամանակ չմնաց»: Այսօր քէֆը հանրակառքին մէջ է: «Ճամբան շատ երկարեցաւ»: Եկէք` հայերէնի դասերը վերաքաղ ընենք: Եւ այսպիսով ամբողջ վերադարձ մը ես ու Լիբանանէն հետս եկած բարեկամուհիս անցուցինք մեր ամերիկահայ բարեկամին լեզուական խաղեր ու քննութիւններ կատարելով, մինչեւ որ ամբողջ խումբը միացաւ մեզի: Սքանչելի էր տեսնել հանդարտութիւնը, հեւքի ու մտահոգութեան պակասը: Այո՛, բոլորս ալ ճամբորդութեան ատեն հանգիստ կ՛ըլլանք եւ` մեր առօրեայ մտահոգութիւններէն հեռու: Սակայն նոյնիսկ հոն ես կը նկատէի հեւքը` որոշումներ տալու, տեղ երթալու, աճապարելու, ամէն բան շուտ ու արագ ընելու:

Լիբանանի բարեկամներուս հետ կը նեղանայինք խումբին դանդաղ ու հանդարտ ընթացքէն: Բայց ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ աճապարել` փոխանակ վայելելու: Այլ գաղութներու երիտասարդները ունին իրենց հեւքն ու կեանքի դժուարութիւնները: Սակայն,  ատով հանդերձ, գիտեն իրենց ժամանակը առնել` նախքան կեանքի ու գործի նետուիլը: Իսկ մենք հոս հեւքի մէջ ենք` ուսանելու, մասնագիտանալու, սորվելու, ապա` աշխատելու: Որպէսզի ի՞նչ:

Արդեօք աւելի ճիշդ չէ՞ մենք մեզ ճանչնանք եւ համապատասխան ժամանակը տանք ամէն բանի` փոխանակ ստանձնենք տեսակաւոր պարտականութիւններ, որոնք կարծես կը խճողեն մեր առօրեան:

«Դէպի Հայք» ծրագիրը նաեւ առիթ կու տայ իր կամաւորներուն ներկայ ըլլալու դասախօսութիւններու եւ հանդիպումներու, ինչպէս` պաշտպանութեան նախարարին եւ կամ արուեստագէտներու հետ: Այս հանդիպումները մեզի` կամաւորներուս կու տան առիթ` աւելի մօտէն գիտնալու Հայաստանի դրուածքը, բայց նաեւ` տեսնելու աշխատանքի նոր դաշտեր, հիմնուելով այլ կամաւորներու ստեղծած գործերուն վրայ: Երբ մեզի կ՛առաջարկուի նոր ծրագիրներ հիմնել հայրենիքի մէջ, կը տատամսինք, կը մտահոգուինք, շատ կը քննենք:

Սակայն «Դէպի Հայք»-ի միջոցով մեր հանդիպումները նախկին կամաւորներու հետ, որոնք արդէն իսկ հաստատուած են հայրենիք, ինծի կու տար հանգստութիւն եւ ապահովութիւն: Հետաքրքրական էր մեծ թիւը այն կամաւորներուն, որոնք արդէն գործի առիթ կը փնտռեն եւ կամ պարզապէս նոր նախաձեռնութիւններու կը դիմեն Հայաստանի մէջ: Անոնք մեծ յոյսերով գացած են հայրենիք եւ հաւատք ունին զայն զարգացնելու: Ըսեմ նաեւ, որ «Դէպի Հայք»-ի քոյր միութիւնը` AVC-ն, նաեւ մղած էր շատ մը օտարներ` հաստատուելու Հայաստան: Շատ հաճելի էր լսել քանատացի մը եւ կամ Ամերիկայի քաղաքացի մը, որ կը փորձէ սորվիլ հայոց լեզուն:

Կամաւոր ըլլալով` մեր պարտականութիւնն էր տալ, նուիրել ու նուիրուիլ: Բայց ես այս փորձառութենէն նաեւ շատ բան սորվեցայ, եւ ես ու իմ բոլոր ընկերներս, որոնց ծանօթացայ հոն, եւ որոնց մեծ մասը տակաւին հոն է, գիտեմ, թէ ստեղծեցինք կապ մը, որ երբեք չի խզուիր: Հիւսեցինք յիշատակներ Երեւանի ամէն մէկ անկիւնը, անցուցինք անմոռանալի պահեր, եւ մեր այս խումբով ամբողջ` ձգեցինք մեր հետքը հայրենիքի մէջ: Այդ նոյն հետքը անհատաբար ձգեցինք նաեւ մեր աշխատած վայրերուն մէջ, ուրիշներ` զիրենք հիւրընկալող ընտանիքին մէջ:

Բայց կարեւորագոյնը ինծի համար այն էր, որ բոլորս իրարու վրայ ձգեցինք այդ հետքը` իրարմէ սորվելով, իրարու ծանօթանալով ու զգալով այդ մտերմութիւնը: «Դէպի Հայք» ծրագիրին օժանդակութեամբ, ոչ ոք առանձին զգաց, այլ բոլորս կերտեցինք նոր ընտանիք մը:

Գիտեմ` ես ալ «50 անգամ գացած եմ Հայաստան», «մեծ թիւով հայեր գիտեմ հոս», կը կարծէի, որ «շատ ալ լաւ գիտեմ դուրսի հայերը»… Այո՛, նախապէս ես ալ այսպէս  կը մտածէի: Սակայն փորձենք, միայն փորձենք անգամ մը մակերեսէն իջնել խորք: Փորձենք տեսնել աւելի հեռուն, զգալ այն, ինչ որ կարելի չէ զգալ, երբ կը շօշափենք մակերեսի ալիքները, լրջօրէն մօտենանք ու զգաստանանք` մեր այսօրուան վիճակին անդրադառնալով: Փորձենք արժեւորել ամէն մարդ եւ ամէն բան` առանց աւելորդ ինքնագովութեան, առանց ամէն բան պարզ ու սովորական նկատելու, որովհետեւ կեանքի մէջ ամէն բան կրնայ թուիլ անհեթեթ, մինչեւ որ ժամանակի ընթացքին սկսինք աշխարհը տեսնել խորքէն եւ ոչ միայն ծովափէն…

 

 

Նախորդը

Տեղեկատու

Յաջորդը

Տարածքային Ամբողջականութիւն Ընդդէմ Ինքնորոշման Իրաւունքի

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Մեր Խօսքը

Ապրիլ 24, 2025
Վերադարձի Պահը Հասած Է
Զաւարեանական

Վերադարձի Պահը Հասած Է

Ապրիլ 24, 2025
Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը
Զաւարեանական

Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը

Ապրիլ 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?