ՌՈՒԲԻՆԱ
«Ֆեմինիզմ»-ը` իբրեւ շարժում, սկիզբ առած է 20-րդ դարուն եւ համաշխարհային գետնի վրայ ծանրակշիռ դատ մը դարձած է ֆրանսացի փիլիսոփայ եւ փորձագրող Սիմոն տը Պովուարի աշխատանքին եւ յատկապէս անոր «Երկրորդ սեռը» (Le Deuxième Sexe, 1949) փորձագրութեան շնորհիւ: Սիմոն տը Պովուար այսօր կը նկատուի Եւրոպայի մէջ ծնունդ առած «ֆեմինիսթ» շարժումին ռահվիրաներէն մէկը, եթէ ոչ` ռահվիրան: «Ֆեմինիզմ»-ը այսօր գոյութիւն չէր ունենար, եթէ գոյութիւն չունենար արական գերիշխանութեամբ վարուող ընկերութիւն մը, որ բացասաբար կը զատորոշէ կինը այր մարդէն: «Ֆեմինիսթ» շարժումը եկած է հակադարձելու կնոջ անարդար սահմանումին:
Հայրիշխանական ընկերութիւնը անաթոմական տարբերութիւններու արդիւնքը չէ, տրուած ըլլալով, որ կնոջ բնութիւնը չէ, որ զինք կը սահմանէ, այլ իրեն վերապահուած դերը` այր մարդուն կողմէ, որ ինք` ընկերային ազդակ մըն է: Կնոջ իրաւունքներու եւ ազատութիւններու կաշկանդումը, ինչպէս նաեւ անոր կարծրատիպի գոյատեւումը անհատներու դաստիարակութեան եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուող մտածելակերպին հետեւանքն է, որ առիթ չի տար կնոջ ընտրելու իր ինքնութիւնը, երբ իրեն համար կեանքի բոլոր կարելիութիւնները` բացի ամուսնութենէն եւ մայրութենէն, անտեսանելի կ՛ըլլան կամ` տեսանելի, բայց անհասանելի` ապակեայ առաստաղէն անդին, ան կը ստանձնէ իր «կնոջական» դերը այլընտրանք չունենալուն պատճառով: Այս իրավիճակին աւելի վատ տարբերակը այն է, որ շատ յաճախ կին չդարձած` իգական սեռին պատկանող անհատ մը, առանց նոյնիսկ նկատի ունենալու կեանքի այլընտրանքները, ինքզինք ճակատագրուած կը տեսնէ ամուսնութեան եւ ապա մայրութեան, դեր մը, որ իրեն անուղղակիօրէն փոխանցած է իր մայրը, պարզապէս որովհետեւ ընկերութեան աւանդական կանոնները այդպէս կը պահանջեն:
Փիեռ Պուրտիէօ` ֆրանսացի ընկերաբան եւ մարդաբան, իր «Արական գերիշխանութիւնը» (La Domination Masculine, 2002) փորձագրութեան մէջ կը բացատրէ, որ կին-այր աւանդական դերերու վերանորոգումը արդիւնքն է աշխատանքներու սեռային բաժանումին. ընտանիքը, ընկերային առաջին եւ ամենանեղ օղակը կազմուած է այր մարդէն, կնոջմէն եւ երեխայէն, որ մանկութենէն սկսեալ կը դիտէ իր մօր եւ հօր աշխատանքները, կը ներառէ սեռային բաժանումը, եւ անոր համեմատ կը կազմէ իր սեռային ինքնութիւնը` հետագային յանձն առնելու համար իրեն վերապահուած դերը` իբրեւ կին կամ այր: Սեռային բաժանումը ներառող ընկերային մարմինը առիթը չունի մտածելու, թէ ինչո՞ւ իր մօրը եւ հօրը կատարած դերերը սահմանուած են անոնց սեռային պատկանելիութեամբ: Այս իմաստով, Սիմոն տը Պովուար իր «Երկրորդ սեռը» փորձագրութեան մէջ կը գրէ. « Համակերպումի եւ ենթարկումի աւանդութիւն մըն է, համապարտութեան եւ հաւաքական գիտակցութեան պակաս մը… »: Սեռային խտրութեամբ եւ արական գերիշխանութեամբ դաստիարակուող մարմինը կը վերանորոգէ աւանդական կանոնները իր իսկ կազմած ընկերային օղակին ընդմէջէն:
«Ֆեմինիսթ» շարժումը, որ կը միտէր ձերբազատել կինը զինք կաշկանդող ընկերային աւանդական կանոններէն, ժամանակի ընթացքին այլակերպուելով եւ շեղելով իր հիմնական գաղափարաբանութենէն` այսօր կամայականօրէն կը մեկնաբանուի եւ, հետեւաբար, դարձած է պիտակ մը, զոր այսօր ամէն կին ստիպուած է կրել բնականաբար իր կին ըլլալուն պատճառով: Սակայն «ֆեմինիզմ»-ի տարբեր մեկնաբանութիւնները, որոնք պատահականօրէն կը խմբաւորեն ընկերային մարմինները, անպայմանօրէն չեն համապատասխաներ անհատին, ըլլայ այր մարդուն թէ կնոջ, «ֆեմինիզմ»-ի հասկացողութեան: Աւելի՛ն. շատ յաճախ «ֆեմինիսթ» որոշիչը կը ծառայէ ժխտական իմաստով նկարագրելու անհատին մտածելակերպն ու վարուելակերպը: Նոյնիսկ երբ ընկերութիւնը կը փորձէ արժեւորել կինը` իբրեւ մարդ, անոր յատկացնելով միջազգային օր մը, այս մէկը ինքնին այլ սահմանում մըն է կնոջ համար: Ինչո՞ւ մէկ օրուան մէջ սահմանել կնոջ հանդէպ մեր ունեցած յարգանքն ու սէրը: Ինչո՞ւ ընկերութիւնը կարիքը պիտի ունենայ միջազգային օր մը յատկացնելու կնոջ համար: Առանց միջազգային օրուան արդեօ՞ք կինը բնականաբար յարգուած եւ սիրուած չէ: Միջազգային օրը կնոջ ենթագիտակցութեան մէջ կը տպաւորէ այն միտքը, որ ինք պէտք է յարգանքի արժանանայ, մինչ այր մարդը պէտք չունի միջազգային օրուան, որովհետեւ ան բնականաբար յարգուած է ընկերութեան մէջ: Ահա թէ ինչպէ՛ս յարգանքը, մարդկային ամենասկզբնական արժէքը, կը պարզէ խորհրդանշական ունեցուածքի անարդար բաժանումը:
Բայց եւ այնպէս, ճիշդ չէ նաեւ այր մարդուն մէջ տեսնել կնոջ թշնամին, որովհետեւ այր մարդն ալ ոչ միայն արական գերիշխանութեան զոհ է, ան նոյնիսկ առաջին զոհն է, յարաբերաբար կնոջ: Հայրիշխանական ընկերութիւնը եւ այդ մտայնութեան սերունդէ սերունդ վերանորոգումը հսկայական պատասխանատուութիւններ կը դնէ այր մարդուն ուսերուն, զորս կարելի է ամփոփել այսպէս. հայրիշխանական ընկերութիւնը կը պահանջէ, որ այր մարդը` ընտանիքին պետը, պահպանէ եւ բազմացնէ ընտանիքին եւ, հետեւաբար, ազգին խորհրդանշական ունեցուածքը, ինչպէս` պատիւը, փառքը, հաւատքը, ուժը, տիրապետութիւնը այլ ընտանիքներու կամ ազգերու վրայ, եւ վերջապէս, արական գերիշխանութեան եւ հայրիշխանութեան սկզբունքը եւ անոր կիրարկումը կարելի դարձնող ազդակներուն գոյատեւումը: Իսկ այս բոլորին առաջին հնազանդողը եւ հպատակողը պէտք է ըլլայ այր մարդը: Հետեւաբար ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կը փորձէ ամէն ներկայացող առիթի ապացուցել, թէ ինք կը լրացնէ այր մարդու կարծրատիպի չափանիշները:
Վերադառնալով Սիմոն տը Պովուարի մշակած «ֆեմինիզմ»-ի սկզբունքներուն` «Կին չեն ծնիր, այլ կին կը դառնան» հիմնական գաղափարին, աւելցնեմ հետեւեալը. կին չեն ծնիր մէկ օրուան համար, այլ կին կը դառնան ամողջ կեանքի մը ընթացքին: Կին դառնալը աւարտ մը չունի, մտածելակերպ մըն է եւ ապրելակերպ մը, որ սահմանում չի ճանչնար եւ չի կրնար ժխտական վիճակի մը մարմնացումը ներկայացնել (խօսքը կին ըլլալու բնական եւ կենսաբանական «աննպաստ» երեւոյթներուն մասին է): Թէ ինչպէս մէկը իր կին ըլլալը կ՛ապրի, կախեալ է իր որոշումերէն եւ, անշուշտ, զինք շրջապատող ընկերային ազդակներէն, որոնց մէջ շատ կարեւոր դեր կը կատարէ այր մարդը: Վերջ տալու համար հայրիշխանութեան բռնատիրութեան` այր մարդը եւ կինը կրնան միայն իրարու ընկերակցիլ մարդ դառնալու ճամբուն վրայ: