Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ տնտեսական եւ ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներու ճաշ մատուցելու նախաձեռնութիւն մը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ, կէսօրուան ժամը 12:30-2:30: Զաւարեանականներու եւ կամաւոր երիտասարդներու կողմէ պատրաստուած ճաշը հրամցուեցաւ 50 ընտանիքներու անդամներու: Այս աշխատանքը նաեւ ունէր դաստիարակչական բնոյթ: Արդարեւ, նման աշխատանքներ կազմակերպելու նպատակներէն մէկն է նաեւ պատրաստել այնպիսի երիտասարդ ուսանողութիւն մը, որ ծանօթ է «տալ»-ու գաղափարին, գիտէ նուիրուիլ գործին եւ ծառայել իր հայրենակիցներուն: Ինչպէս գիտենք, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար նորութիւն մը չէ ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներու օգտակար դառնալու աշխատանքը, եւ այդ դաստիարակութենէն մեկնած, ձեռնարկը յաջողեցաւ ջանքերովը Զաւարեան ուսանողական միութեան «Zavarian Goodwill Initiative» ծրագիրին, որ կը նպատակադրէ սատար հանդիսանալ գաղութի կարիքաւոր խաւին հոգեկան եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ նիւթական վիճակի բարելաւման: Գաղափարը ծագեցաւ ուսանողութեան կողմէ ներկայացուած մտահոգութիւններուն լոյսին տակ, որոնք կը վերաբերին երկրի տնտեսական ծանր վիճակին:
ԶՈՄ-ի այս աշխատանքը պիտի ըլլայ շարունակական եւ պիտի չսահմանափակուի միայն ճաշի մատուցումով, այլ միութիւնը ծրագրած է նաեւ բարեսիրական բնոյթի այլ տիպի աշխատանքներու նախաձեռնել: Աշխատանքներու ծիրին մէջ կ՛իյնայ տնտեսական եւ ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներու զաւակներուն համար դաստիարակչական, ինչպէս նաեւ հաճելի նախաձեռնութիւններ կազմակերպելը` հաւատալով, որ այս օրուան երեխան մեր ապագայի գործօն տարրն է:


