Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը. Յեղաշրջման Ուղիով

September 1, 2016
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

logo41

Դէպի Երկիր գաղափարապաշտը բարձր չափանիշներու օրինակը դարձաւ ո՛չ միայն զաւարեանականին, այլ նաեւ` հայ երիտասարդին:

Անձնազոհ Մհերը գերադասեց հայրենիքի կանչը ամէն ինչէ` ուղղուելով Արցախ եւ աշխուժօրէն մասնակցելով ազատագրական պաքարին` հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն հպարտալի ժամանակաշրջանին:

Ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանի նկատմամբ հաւատքը մղեց Մհերն ու անոր ընկերները պատերազմի ճակատ, ազատ հայու տեսիլքը ուղղեց Մհերը նահատակութեան խորան, «հայու արժանավայել կեանքը հայրենի հողի վրայ»-ի հաւատքն էր, որ ըմբոստացուց Մհերի յեղափոխաշունչ նկարագիրը:

Ան չգնաց Հայաստան, այլ վերադարձաւ հայրենիք: Ան կեանքը չզոհեց միայն, այլ հոգին անմահացուց: Ան նահատակուեցաւ, որպէսզի հայը մնայ հպարտ, որպէսզի հայը ըլլայ անզիջողական, հայը ապրի հայրենի հողին վրայ, մեռնի հայրենի հողին վրայ, եւ եթէ հարկ ըլլայ,  զոհուի հայրենիքի պաշտպանութեան եւ կերտման ճամբուն վրայ:

Հայրենիքի կերտման երթը, սակայն, մեծապէս ընդհատուած է այսօր: Հայու արժանավայել ու բարգաւաճ կեանքը կը գտնուի միայն սփիւռքի երկիրներուն մէջ:

Ափսոս, թշուառ ու տաժանակիր կեանքը դարձած է Հայաստանի իրողութիւնը:

Ուրիշներու օրինակով Մհերը եւ Մհերի օրինակով ուրիշներ դարձան հայրենիքի մարդկային պարիսպները թշնամիին դէմ` թուրքին դէմ:

Անոնք սակայն պիտի չհաւատային, թէ հայը հայուն արտագաղթին պատճառը պիտի ըլլար օր մը, ձեւով մը` բռնագաղթ, սակայն` աւելի լուռ ու մեղմ. պիտի չհաւատային, թէ հայը հայուն ճակատագիրը պիտի տնօրինէր ժխտական կերպով:

Աչազուրկ ազգայնականութիւնը վարժեցուցած է հայուն ընդհանրապէս այլ հայ մը տեսնել իբրեւ եղբօր, ընկերոջ, բարեկամի ու ազգակիցի, իբրեւ «անձեռնմխելի» անձի:

Ի դէպ, պէտք է գիտակցիլ, թէ ամէն հայ հայրենիքը գերադասել չի գիտեր, ինչպէս Մհերը, թէ կան պնակալեզ հայեր, որոնց որկրամոլ ագահութիւնը դարձած է անոնց ինքնութիւնը, տզրուկ հայեր, որոնք ճիգ չեն խնայեր բարգաւաճելու Հայաստանի ու հայութեան հաշուոյն, եւ թէ ոչ մէկ հայ անձեռնմխելի է, ոչ մէկը անմահ է:

Անմահ է Մհերին հաւատքը, անմահ է Մհերին յոյսը, անմահ է Մհերին տեսիլքը, եւ բոլոր անոնք, որոնք արգելք են  այս բոլորին ուրեմն հայութեան, Հայաստանին եւ անոր պետականութեան ծայրագոյն թշնամիներն են ու պատուհասները:

Սիմոն Զաւարեան կը հաստատէ. «Մեր ուղղութիւնը պարզ է` ծառայել մեր ժողովուրդին, թեթեւցնել անոր կրած ծանր բեռը, բանալ անոր աչքերը, կռուիլ զայն կեղեքողներուն եւ խաբողներուն դէմ: Սակայն կեանքի հրապոյրները մեծ են, եւ ազատութեան ճանապարհը` փշոտ»:

Առ այդ, մենք պիտի շարունակենք ըլլալ մեր առասպելներուն արժանավայել հրիտակները` մեր անզիջողականութեամբ, պայքարի ոգիով ու յեղափոխական շունչով:

Նախորդը

Առիւծ Մհերին Օրինակով

Յաջորդը

Գաղութէ – Գաղութ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.