Տեղեկատու
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ տնտեսական եւ ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներու ճաշ մատուցելու նախաձեռնութիւն մը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ, կէսօրուան ժամը 12:30-2:30: Զաւարեանականներու եւ կամաւոր երիտասարդներու կողմէ պատրաստուած ճաշը հրամցուեցաւ 50 ընտանիքներու անդամներու: Այս աշխատանքը նաեւ ունէր դաստիարակչական բնոյթ: Արդարեւ, նման աշխատանքներ կազմակերպելու նպատակներէն մէկն...







