Գիտութիւն

Կը Վերանորոգուի Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւնը

Կը Վերանորոգուի Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւնը

Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան 21 յունուարին Պոլսաբնակ մալաթիացիներու հայրենակցական միութեան Բ. ատենապետ Սարգիս Չիզմեճիի եւ անդամներէն Գէորգ Էօզգարակէօզի ու Սերտար Պոյաճըի ընկերակցութեամբ այցելած է Մալաթիա: Արամ սրբազան յատուկ այցելութիւն մըն ալ տուած է քաղաքի կուսակալ Սիւլէյման Քամչըի: Ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ կը տեղեկացնէ, որ յառաջիկայ յունիս ամսուան մէջ կը սկսի քաղաքի «Թաշխորան» անունով ծանօթ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը:...

Անգարայի Քաղաքապետարանը Հայկական Հարցի Մասին Գիրքեր Կը Բաժնէ

Անգարայի Քաղաքապետարանը Հայկական Հարցի Մասին Գիրքեր Կը Բաժնէ

Անգարայի քաղաքապետարանի աւագանին որոշում կայացուցած է Հայկական հարցի թեմայով անվճար գիրքեր եւ գրքոյկներ բաժնել ուսումնական եւ հետազօտական հաստատութիւններուն: Թրքական «haber3.com.tr» կայքէջին համաձայն, Անգարայի քաղաքապետարանը, «Նոր Թուրքիա» հրատարակչութենէն գնելով «Հայկական հարցի ժողովածու» 5 հատորեակը, «Օսմանեան նախագիծ» 12 հատորեակը եւ հայկական հարցին վերաբերեալ 20 այլ գրքոյկներ, կը պատրաստուի այդ գիրքերը անվճար բաժնել դպրոցներուն, գրադարաններուն, հետազօտական կեդրոններուն, միութիւններուն ու հիմնադրամներուն: Նշեալ գրքերու տարածումը...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներու Գագաթնակէտը 22-24 Ապրիլին Է

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներու Գագաթնակէտը 22-24 Ապրիլին Է

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրի ընդունումը կը նկատէ Հայաստանի ու սփիւռքի միասնականութեան դրսեւորում: «Սա առաջին փաստաթուղթն է, որ ընդունուել է պետական յանձնաժողովի կողմից, որը իր մէջ ներառում է սփիւռքեան բոլոր առանցքային կառոյցների դիրքորոշումը: Հռչակագրի ընդունման փաստն, այն էլ այսպիսի նրբին հարցի շուրջ, արդէն մեծ երեւոյթ է ու պատասխան է նրանց, ովքեր պատմութիւններ են...

Ցեղասպանութենէն Փրկուած Բացառիկ Նմուշներու Լուսանկարներու Գիրքը` Պահանջատիրութեան Վկայարան

Ցեղասպանութենէն Փրկուած Բացառիկ Նմուշներու Լուսանկարներու Գիրքը` Պահանջատիրութեան Վկայարան

Անուանի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեանը հանրութեան ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նոր պատկերագիրք-ուսումնասիրութիւնը: Գիրքը հայկական մշակութային պահանջատիրութեան հիմնական վկայարաններէն մէկը պիտի ըլլայ: «Ես հայոց պատմութիւն չեմ գիտցած: Երեխայ եղած ատենս դպրոցին մէջ լաւ չեմ սորված, եւ հիմա ժամանակն է տարիներու ընթացքին սորվածս փոխանցելու նախ իմ աղջիկներուս, ապա առհասարակ` հայութեան», կէս կատակ, կէս լուրջ ըսած է լուսանկարիչը` ընդգծելով, որ իր...

Սկսած Է Գործել Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Կայքը

Սկսած Է Գործել Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Կայքը

Յունուար 30-ին սկսաւ գործել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախաձեռնութիւններուն նուիրուած պաշտօնական կայքը` Armeniangenocide100.org-ը: Անիկա պատրաստուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովին որոշումով: Կայքը հասանելի է երեք լեզուներով` հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն: Բաղկացած է քանի մը բաժիններէ` Ցեղասպանութիւն, Ճանաչում, Պատմիր քո կեանքը, Նորութիւններ եւ Գրադարան:

Ցեղասպանութեան Վերաբերող Անգլերէն Հանդէսին Առաջին Թիրախները Թուրքիոյ Համալսարաններն Են

Ցեղասպանութեան Վերաբերող Անգլերէն Հանդէսին Առաջին Թիրախները Թուրքիոյ Համալսարաններն Են

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հայ հանրութեան ներկայացուց իր հայերէն «Ցեղասպանագիտական Հանդէս» եւ անգլերէն «International Journal of Armenian Genocide Studies» ամսագիրներուն անդրանիկ թիւերը: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան իրադարձութիւնը պատմական նկատելով` նշեց, որ ամսագիրներէն օրինակներ առաջին հերթին պիտի առաքուին թրքական համալսարաններուն: «Հրապարակ բերելով Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնների առաջին միջազգային հանդէսը` լուրջ յայտ ենք ներկայացնում ցեղասպանագիտութեան ասպարէզում: Թանգարանը եւս մէկ այցեքարտով է հանդէս...

Թուրք Պատմաբանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Իր Գիրքը Կը Ձօնէ Էրտողանին

Թուրք Պատմաբանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Իր Գիրքը Կը Ձօնէ Էրտողանին

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է թուրք պատմաբան Քատիր Մըսըրօղլուի` «Հայկական հարցը եւ բռնութիւնները» վերնագրով գիրքը, որուն առանցքային նիւթն ու նպատակը 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը որպէս «փոխադարձ ջարդեր» ներկայացնելն է: Իր տեսակէտները թուրք պատմաբանը (իբր թէ) հիմնաւորած է փաստաթուղթերով: Ինչպէս կը յայտնէ թրքական «haberleriz.com» լրատու կայքէջը` Մըսըրօղլուն իր գիրքը ձօնած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին` հետեւեալ գրութեամբ. «Ես մեծ հպարտութիւն կը զգամ` ձօնելով...

«Հիսթուար Լա Փրովանս»-ը Ամբողջ Թիւ Մը Նուիրած Է Ցեղասպանութեան

«Հիսթուար Լա Փրովանս»-ը Ամբողջ Թիւ Մը Նուիրած Է Ցեղասպանութեան

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ ֆրանսական «Հիսթուար Լա Փրովանս» ամսագիրը ամբողջական թիւ մը նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Ամսագիրի այս նորագոյն թիւը կը բաղկանայ 136 էջերէ եւ վաճառքի հանուեցաւ փետրուար 13-ին: Ամսագիրին այս թիւը խորագրուած է` «Հայերը Փրովանսի մէջ», եւ անոր էջերուն վրայ կը ներկայացուին 1915-1920 հայ ժողովուրդին ողբերգական ճակատագիրը, ինչպէս նաեւ` Փրովանսի մէջ հայ գաղթականներու պատմութիւնն ու գործունէութիւնը:

Ժուսթ Լակենտիժքի Ուշագրաւ Մտածումները Փերինչեքի Դատավարութեան Մասին.  «Տողու Փերինչեք Կրնայ Ուրանալ, Բայց Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Պէտք Չէ Ուրանայ»

Ժուսթ Լակենտիժքի Ուշագրաւ Մտածումները Փերինչեքի Դատավարութեան Մասին. «Տողու Փերինչեք Կրնայ Ուրանալ, Բայց Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Պէտք Չէ Ուրանայ»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» Լակենտիժք Թուրքիա-Եւրոմիութիւն խորհրդարանական խառն յանձնաժողովի նախկին համանախագահ, ներկայիս «Զաման» թերթի աշխատակից Ժուսթ Լակենտիժք իր սիւնակին մէջ ուշագրաւ յօդուած մը ունի Տողու Փերինչեքի ԵՄԻԱ-ի մօտ բացուած դատավարութեան մասին: Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք այդ յօդուածը.- Կեանքի մէջ ամէնէն դժուար բաներէն մէկն է ընդունիլ հակառակորդի մը իրաւացի ըլլալը: Այդ զգացումն է, որ ապրեցայ անցեալ շաբաթ, երբ Տողու Փերինչեք ԵՄԻԱ-ի Վերին պալատին...

«ՄԻԵԴ-ի Ստորին Պալատը Աղէտալի Սխալներ Է Թոյլ Տուել Այս Գործում»  «Փաստինֆօ»-ի Բացառիկ Հարցազրոյցը Հայաստանի Կառավարութիւնը Ներկայացնող Միջազգային Փաստաբան Ամալ Քլունիի Հետ

«ՄԻԵԴ-ի Ստորին Պալատը Աղէտալի Սխալներ Է Թոյլ Տուել Այս Գործում» «Փաստինֆօ»-ի Բացառիկ Հարցազրոյցը Հայաստանի Կառավարութիւնը Ներկայացնող Միջազգային Փաստաբան Ամալ Քլունիի Հետ

Յունուար 28-ին Մարդու իրաւունքների Եւրոպական դատարանում տեղի ունեցաւ «Փերինչեքն ընդդէմ Զուիցերիայի» գործի լսումները: Մեծ պալատում լսումների աւարտից յետոյ «Փաստինֆօ»-ի թղթակցի հարցերին է պատասխանել Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայացնող Լոնտոնի «Տաութի Սթրիթ Չեմպըրզ» փաստաբանական պալատի անդամ, միջազգային յայտնի փաստաբան Ամալ Քլունին: «ՓԱՍՏԻՆՖՕ».- Տիկի՛ն Քլունի, դատարանում ձեր ելոյթի ժամանակ Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանի ստորին պալատին մեղադրեցիք դատական սխալներ թոյլ տալու մէջ` նշելով, որ Ցեղասպանութեան...

Թաներ Աքչամի Յօդուածը.  «Փերինչեքը Մզկիթի Բակէն Առնուած Անմեղ Մարդ Է»

Թաներ Աքչամի Յօդուածը. «Փերինչեքը Մզկիթի Բակէն Առնուած Անմեղ Մարդ Է»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» Պատմաբան Թաներ Աքչամ «Թարաֆ» թերթի իր սիւնակին մէջ ծաղրանքով կը խօսէր ԵՄԻԱ-ի բարձրագոյն ատեանին կողմէ Տողու Փերինչեքի հարցով կայացած դատավարութեան մասին: Աքչամ կը պատմէ, որ երբ բանտարկուած էր, կը տեսնէր, որ բոլոր բանտարկեալները կը պնդէին, որ իրենք անմեղ էին, անիրաւ կերպով բանտարկուած էին: Ասոնց համար կը գործածուէր` «Մզկիթի բակէն առնուած ու բերուած» բացատրութիւնը: Այս բացատրութիւնը հիմա շատ վայել...

Արա Սարաֆեան. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Քննարկելու Համար Պետական Յանձնաժողովներու Կարիքը Չունինք»

Արա Սարաֆեան. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Քննարկելու Համար Պետական Յանձնաժողովներու Կարիքը Չունինք»

Նախագահ Էրտողան թրքական TRT պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ քննական երկխօսութեան կարիքը շեշտեց: Էրտողանի խօսքերը կտրուկ կերպով պիտի չմերժեմ: Իր ըսածին մէջ առատ հռետորաբանութիւն կայ, սակայն կարելի է արդիւնաւէտ կերպով անոր հակադարձել: 2007-ին փորձեցի թուրք պաշտօնակիցներու հետ քննական երկխօսութեան առիթ մը ստեղծել: Թուրք լրագրողներու ճամբով առաջարկեցի ուսումնասիրել 1915-ին Խարբերդի եւ անոր դաշտի հայերու նկատմամբ...

Խօսում Են Եշիլգիւղցի Հայերը

Խօսում Են Եշիլգիւղցի Հայերը

«Ակօս» Միջին Արեւելքի արհեստագիտական  համալսարանի ընկերաբանութեան բաժանմունքի դոկտորայի թեկնածու եւ Պէյքենթ համալսարանի հետազօտող Զէյնեփ Պայքալն իր մագիստրոսական աշխատանքը կատարել է պոլսահայերի ինքնութեան ձեւաւորման եւ այս գործընթացի վրայ ազդած ուժաբանութեան եւ Եշիլգիւղցի հայերի առանձնայատկութեան վերաբերեալ: Իր աշխատութեան մէջ Պայքալը, դիտարկելով այս ինքնութեան ձեւաւորման վրայ պատմական անցեալի, առօրեայ յարաբերութիւնների եւ ազգ-պետութիւն յարաբերութիւնների թողած ազդեցութիւնը, նշում է, որ համայնքում բազմաշերտ հայկական ինքնութիւնը վերակառուցւում...

«Հայերու Ունեզրկումը Եղած Է Հայոց Մեծ Եղեռնի Դրդապատճառներէն Մէկը».   Անահիտ Աստոյեան

«Հայերու Ունեզրկումը Եղած Է Հայոց Մեծ Եղեռնի Դրդապատճառներէն Մէկը». Անահիտ Աստոյեան

Զրուցեց` ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ 2013-ին հրատարակուեցաւ Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Անահիտ Աստոյեանի «Դարի կողոպուտը. հայերու ունեզրկումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ,1914-19 թթ.է գիրքը: Հեղինակին վկայութեամբ, հայ ժողովուրդի անհատական եւ հաւաքական ունեցուածքի իւրացումը թրքական պետութեան կողմէ ծրագրուած ըլլալու մասին վկայութիւններ կան թէ՛ վերապրողներու, թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին գործած օտար դիւանագէտներու զեկուցագիրներուն մէջ եւ թէ՛ թրքական աղբիւրներու մէջ, որոնք կը հաստատեն, որ հայերու ունեզրկումը հայ ժողովուրդի բնաջնջման...

Ականատեսներու Վկայութիւններ-Հեղնար Գաբրիէլի Ղուկասեանի Վկայութիւնը

Ականատեսներու Վկայութիւններ-Հեղնար Գաբրիէլի Ղուկասեանի Վկայութիւնը

ՎԵՐԺԻՆԷ ՍՎԱԶԼԵԱՆ Ես ծնած եմ Բասէնի գաւառի Տալիպապա գիւղին մէջ: Ծննդեանս թուականը յայտնի չէ, քանի որ սովորութիւն էր, որ նորածինի անունը եւ թուականը գրէին եկեղեցւոյ Աւետարանի կողքին: Մեր Աւետարանը գերի մնաց թուրքին: 1915 թ. գաղթի ժամանակ իմ հաշիւներով մօտ 18-19 տարեկան էի: Հայրս` տէր Գաբրիէլը, հոգեւորական էր, օծուած էր Վանի մէջ: Մեր Տալիպապա գիւղին մէջ շատ գեղեցիկ եկեղեցի կար: Հօրմէս...

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած «1915» Շարժանկարի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Ապրիլ 24-ին Լոս Անճելըսի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած «1915» Շարժանկարի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Ապրիլ 24-ին Լոս Անճելըսի Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած նոր` «1915» շարժանկարը այս տարուան գարնան պիտի ներկայացուի հանրութեան: Հոգեբանական զգայացունց շարժանկարի բեմադրիչն ու բեմագրութեան հեղինակներն են Կարին Յովհաննիսեան եւ Ալեք Մուհիպեան, իսկ ամերիկահայ ռոք երգիչ, երգահան, յայտնի «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբի մենակատար Սերժ Թանկեան շարժանկարի երաժշտութեան հեղինակն է: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ, շարժանկարի պաշտօնական` 1915themovie.com կայքը կը տեղեկացնէ, որ «1915» հոգեբանական զգայացունց շարժանկարը կը ներկայացնէ ժամանակակից պատմութեան...

Ըստ Թուրք Պատմաբանին` Օսմանեան Արխիւի Հայկական Փաստաթուղթերը Վաճառուած Են Պուլկարիային

Ըստ Թուրք Պատմաբանին` Օսմանեան Արխիւի Հայկական Փաստաթուղթերը Վաճառուած Են Պուլկարիային

Թուրք պատմաբան Ռաշիտ Կիւնտողտունը յօդուած մը հրապարակած է «Ետիքըթայ պատմութեան եւ մշակոյթի» ամսագրի յունուարի թիւին մէջ: Պատմաբանը կը պնդէ, որ 1931-ին, օսմանեան արխիւի` Հայկական հարցին եւ Պուլկարիայի պատմութեան վերաբերող փաստաթուղթերը վաճառուել են Պուլկարիային: Թրքական «Թայմ թուրք» լրատուական կայքը անդրադարձած է յօդուածին, որտեղ գրուած է, որ փաստաթղթերի վաճառքում մեծ դեր է ունեցել Կալաթասարայի շրջանաւարտ Պանչօ Տորեֆը, որ օսմանեան արխիւների մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարած...

Լոյս Տեսաւ Ջարդարար Թուրք Ղեկավարներու Ահաբեկումներու Մասին «Նեմեսիսի Գործողութիւնը» Գիրքը

Լոյս Տեսաւ Ջարդարար Թուրք Ղեկավարներու Ահաբեկումներու Մասին «Նեմեսիսի Գործողութիւնը» Գիրքը

Արդէն հրապարակի վրայ է Էրիք Պօղոսեանի «Նեմեսիսի գործողութիւնը» անգլերէն գիրքը, որ հրատարակուեցաւ Little, Brown and Company հրատարակչատան կողմէ: Hachettebookgroup.com կայքը կը գրէ, որ 1921-ին հայրենասէրներու փոքր խմբակ մը որոշեց Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ մէկ միլիոն զոհերուն վրէժը լուծել: Անոնք իրենց գործողութիւնը կոչեցին փոխհատուցման յունական չաստուածուհիին անունով` «Նեմեսիս»: Անոնք քանի մը տարուան ընթացքին հետապնդեցին եւ ահաբեկեցին թուրք նախկին ղեկավարներ: Այս գաղտնի գործողութեան...

Պոլսահայ Ճարտարապետին Գերեզմանաքարը Յայտնաբերուած Է Պոլսոյ Քաղաքապետարանին Պատկանող Տարածքին Մէջ

Պոլսահայ Ճարտարապետին Գերեզմանաքարը Յայտնաբերուած Է Պոլսոյ Քաղաքապետարանին Պատկանող Տարածքին Մէջ

Պոլսահայ ականաւոր ճարտարապետական Պալեան ընտանիքի անդամներէն մէկուն` Կարապետ Պալեանի կորսուած գերեզմանաքարը յայտնաբերուած է Պոլսոյ քաղաքապետարանին պատկանող կառոյցներէն մէկուն տարածքին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականը: Գերեզմանաքարը յայտնաբերուած է քաղաքապետարանին պատկանող տարածքի փլուզուած շէնքերուն մէջ: Կ՛ենթադրուի, որ գերեզմանաքարը գողցուած է Պեշիքթաշի հայկական գերեզմանատունէն: Կարապետ Պալեանի գերեզմանաքարէն բացի` նոյն տարածքին մէջ յայտնաբերուած են դժուար ընթեռնելի հայերէն գրութիւններով...

Պոլսոյ Քաղաքապետութեան Ցուցահանդէսին Մէջ Հայերու Դէմ Թշնամական Դիրքաւորում

Պոլսոյ Քաղաքապետութեան Ցուցահանդէսին Մէջ Հայերու Դէմ Թշնամական Դիրքաւորում

Համացանցէն կը կարդանք, որ Պոլսոյ քաղաքապետութիւնը Թաքսիմի պետական ցուցահանդէսի սրահին մէջ բացած է «Հարիւր տարի առաջ» նիւթով ցուցահանդէս մը, որուն մէջ հայերու եւ յոյներու դէմ թշնամական արտայայտութիւններ կան, եւ ուր հայերն ու յոյները յստակ կերպով ցոյց կը տրուին որպէս թիրախ: Այստեղ ցուցադրուած են հարիւր տարի առաջուան մամուլէն կամ այլ հրատարակութիւններէ առնուած կտրօններ` մասնաւոր կերպով ընտրուած, քանի որ անոնք կը ծանրանան...

Page 22 of 25 1 … 21 22 23 … 25

Արխիւներ