Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Աշակերտութեան Կողմէ. Յարգանքի Տուրք` Ցեղասպանութեան Նահատակներու Եւ «Նեմեսիս»-ի Կազմակերպիչներու Յիշատակին
Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը 100-ամեակի աշակերտական իր ոգեկոչումներուն բացումը կատարեց Ցեղասպանութեան յուշակոթողներու այցելութեան շարքով մը, որ երկարեցաւ 18-20 մարտ 2015: Չորեքշաբթի, 18 մարտին, քոլեճին եօթներորդ դասարանի աշակերտները այցելեցին Պիքֆայայի Եղեռնի նահատակաց յուշարձան եւ ծաղիկներ զետեղելով` յարգանքի իրենց տուրքը ընծայեցին մեր մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին: Յուշարձանին առջեւ աշակերտներ ներկայացուցին գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր: 100-ամեակի աշակերտական յանձնախումբին խօսքը փոխանցեց Բալիկ Հապոյեան:...



















