Միջազգային

«Ուիքիլիքս» Հրապարակած Է Թուրքիոյ  Իշխող Կուսակցութեան  Ելեկտրոնային Նամակները

«Ուիքիլիքս» Հրապարակած Է Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Ելեկտրոնային Նամակները

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ «Ուիքիլիքս» հրապարակած է Թուրքիոյ իշխող` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ելեկտրոնային  նամակներու առաջին մասը` շուրջ 290.000 հատ: «Ուիքիլիքս» յայտարարած է, որ պիտի հրապարակէ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան պատկանող շուրջ 500.000 փաստաթուղթ եւ 300.000 ելեկտրոնային նամակ: «Ելեկտրոնային նամակները վերցուած են Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գլխաւոր akparti.org.tr կայքէն: Վերջին հաղորդագրութեան թուականն է 6 յուլիս 2016, իսկ հնագոյնը` 2010: Կայքին...

Վրաստանի Եւ Թուրքիոյ Կառավարութիւնները  Պիտի Ստեղծեն Բարձր Մակարդակի  Ռազմավարական Խորհուրդ

Վրաստանի Եւ Թուրքիոյ Կառավարութիւնները Պիտի Ստեղծեն Բարձր Մակարդակի Ռազմավարական Խորհուրդ

«Արմէնփրես» կը նշէ, որ Վրաստանի կառավարութեան վարչակազմը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնները համաձայնութիւն գոյացուցած են ստեղծելու բարձր մակարդակի ռազմավարական խորհուրդ: Վարչակազմին համաձայն, համապատասխան փաստաթուղթը ստորագրած են Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլին եւ անոր թուրք պաշտօնակիցը` Պինալի Եըլտըրըմը: Ստորագրութեան արարողութիւնը կայացած է Անգարայի մէջ` Վրաստանի վարչապետին Թուրքիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ: Փաստաթուղթին համաձայն, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնները կը խորացնեն...

Ճափոնի Մէջ Տաքին Պատճառով  Մէկ Շաբթուան Մէջ Երեք Հոգի Մահացած Է

Ճափոնի Մէջ Տաքին Պատճառով Մէկ Շաբթուան Մէջ Երեք Հոգի Մահացած Է

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ճափոնի մէջ մէկ շաբթուան ընթացքին տաքին պատճառով երեք հոգի մահացած է, եւ գրեթէ 3100 ուրիշներ հիւանդանոցներու դարմանում ստացած են: Նախորդ շաբթուան հետ բաղդատելով, ներկայիս տաքը նուազած է, այդ պատճառով ալ հիւանդանոցներուն մէջ դարմանումի ենթարկուողներուն թիւը նուազած է: Ճափոնի մէջ տաք եղանակին պատճառով արեւահար եղած են բազմաթիւ մարդիկ, մասնաւորաբար` տարեցներ եւ երեխաներ:  

Թրամփ Պաշտօնապէս Միացեալ Նահանգներու  Նախագահի Պաշտօնին Հանրապետական  Կուսակցութեան Թեկնածու

Թրամփ Պաշտօնապէս Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Պաշտօնին Հանրապետական Կուսակցութեան Թեկնածու

Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութիւնը Քլիվլընտի մէջ իր ընդհանուր ժողովին ընթացքին Տանըլտ Թրամփը յայտարարեց 8 նոյեմբերին նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան իր թեկնածուն: Թրամփ հինգշաբթի օր կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին աւարտին պիտի յայտարարէ իր թեկնածութեան որդեգրումը եւ վերադառնայ ընտրապայքարի: 70-ամեայ Թրամփ ապահոված է ընդհանուր ժողովի մասնակիցներէն 1237 պատուիրակներուն աջակցութիւնը: Ան ստացած է Նիւ Եորքէն 89 պատուիրակներու աջակցութիւնը` այդպիսով ապահովելով կուսակցութեան թեկնածուն դառնալու...

Սուրիա ՄԱԿ-էն Պահանջեց Դատապարտել  Ֆրանսական Օդուժին Կողմէ  Մընպեժի Ռմբակոծումը

Սուրիա ՄԱԿ-էն Պահանջեց Դատապարտել Ֆրանսական Օդուժին Կողմէ Մընպեժի Ռմբակոծումը

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յղեց նոյնանման բովանդակութեամբ նամակ մը, որուն մէջ պահանջեց դատապարտել Մընպեժ շրջանին մէջ ֆրանսական օդուժին ռմբակոծումներուն հետեւանքով տասնեակ սուրիացի քաղաքայիններու ջարդը: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պատասխանատուութեամբ վարուելու համաշխարհային ապահովութիւնը հաստատելու իր գործին հետ:  

«Կիւլեն Չի Զբաղիր  Հակաօրինական Գործունէութեամբ»  Կ՛ըսէ Թոնըր

«Կիւլեն Չի Զբաղիր Հակաօրինական Գործունէութեամբ» Կ՛ըսէ Թոնըր

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով միջազգային լրատուամիջոցները կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր երէկ յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն կը գտնէ, որ Միացեալ Նահանգներ բնակող թուրք ընդդիմադիր Ֆեթհուլլա Կիւլեն, որ Անգարայի կողմէ մեղադրուած է Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի փորձ կազմակերպելու մէջ, չի զբաղիր հակաօրինական գործունէութեամբ: «Ամերիկեան վարչակազմի տեսակէտէն` Կիւլեն կը գործէ օրէնքին համապատասխան», ըսած է Թոնըր: Ըստ...

Թուրքիա Կիւլենի Արտայանձնման Պահանջով  Պաշտօնապէս Պիտի Դիմէ Միացեալ Նահանգներուն

Թուրքիա Կիւլենի Արտայանձնման Պահանջով Պաշտօնապէս Պիտի Դիմէ Միացեալ Նահանգներուն

«Չորեքշաբթի Կարեւոր Որոշում Մը Պիտի Տրուի, Եւ Դրացի Երկիրներուն Հետ Մեր Տարակարծութիւնները Պիտի Ձգենք Մեր Ետին». Ըսաւ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ թրքական կառավարութիւնը չորեքշաբթի օր պիտի որդեգրէ կարեւոր որոշում մը: Ան ժողովրդային հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց. «Կարելի չէ ականջ փակել յեղաշրջում կատարողները մահապատիժի ենթարկելու ժողովուրդին պահանջներուն նկատմամբ, իսկ այդ հարցը քննարկելու վայրը պիտի ըլլայ խորհրդարանը»: «Ժողովուրդը միասնակամ...

Չափազանցուած Քայլերու  Չդիմելու Ամերիկեան Յորդոր.  Էրտողան Դարձեալ Կը Խօսի  Մահապատիժի Վերականգնման Մասին

Չափազանցուած Քայլերու Չդիմելու Ամերիկեան Յորդոր. Էրտողան Դարձեալ Կը Խօսի Մահապատիժի Վերականգնման Մասին

«Տեմոքրաթհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի փորձին մասին հարցազրոյցի մը ընթացքին նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ մահապատիժը վերականգնելու վերաբերեալ քննարկումներուն: Ըստ Էրտողանի, ժողովուրդին պահանջը իրենց կողմէ երբեք չ՛անտեսուիր: «Ասիկա հայրենիքի բացայայտ դաւաճանութիւն է: Մենք չենք կրնար անտեսել այդ պահանջը: Սակայն, ի հարկէ, այդ հարցին մէջ սահմանադրական մակարդակով որոշ փոփոխութիւն կատարելու համար...

Եւրոպական Միութիւնը Կը Բացառէ 2016-ին  Թուրքիոյ Հետ Մուտքի Արտօնագիրի  Դրութեան Ջնջման Կարելիութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Բացառէ 2016-ին Թուրքիոյ Հետ Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Ջնջման Կարելիութիւնը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան տնտեսութեան եւ հասարակութեան հարցերու յանձնակատար Կունթեր Օթինկըր յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ մէջ պետական յեղաշրջումի փորձէն ետք բացառած է 2016-ին Անգարայի համար առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան հաստատումը: Ըստ անոր, թրքական իշխանութիւնները նախ անհրաժեշտ է, որ կատարեն Պրիւքսէլի կողմէ դրուած պայմանները: Մասնաւորաբար, Թուրքիոյ մէջ պէտք է օրէնքի գերակայութիւն հաստատուի: «Ներկայ պահուս մենք...

ՏԱՀԵՇ Ստանձնած Է Գերմանիոյ Մէջ Գնացքի  Ճամբորդներուն Դէմ Յարձակումին  Պատասխանատուութիւնը

ՏԱՀԵՇ Ստանձնած Է Գերմանիոյ Մէջ Գնացքի Ճամբորդներուն Դէմ Յարձակումին Պատասխանատուութիւնը

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը յայտարարութեան մը մէջ ստանձնած է գերմանական գնացքի մը ճամբորդներուն դէմ յարձակումը: Պատկերասփիւռի տուեալներով` «ՏԱՀԵՇ յայտարարած է Գերմանիոյ մէջ յարձակումին իր պատասխանատուութեան մասին` նշելով, որ յարձակողը եղած է իր զինեալներէն մէկը»: Նախապէս հաղորդուեցաւ, որ գերմանական ոստիկանութիւնը Գերմանիոյ մէջ գնացքի մը դէմ յարձակում գործած աֆղանին տան մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դրօշ յայտնաբերած է: 18 յուլիսի...

Լինքընշայրի Մէջ  Երեք Անձեր Սպաննուած Են

Լինքընշայրի Մէջ Երեք Անձեր Սպաննուած Են

Բրիտանական ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ Սփալտինկի Լինքընշայր շրջանին մէջ լողաւազանի մը մօտ կրակոցի պատճառով սպաննուած են երեք անձեր: Զոհերուն շարքին էր զինեալը: Սպաննուած են երկու կիներ եւ այր մարդ մը: Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ դէպքին հարցով կասկածեալներ չեն փնտռեր: Ոստիկանութեան բանբեր մը յայտնեց, որ չկայ որեւէ ցուցանիշ, որ դէպքը ահաբեկչութեան առնչուած է: Սաութ Հոլլանտի շրջանային խորհուրդի ղեկավարը յայտնեց, որ կը կարծուի, թէ...

Ազրպէյճանի Մէջ Փակուած Է Կիւլենի  Հարցազրոյցը Սփռած Պատկերասփիւռի Կայանը

Ազրպէյճանի Մէջ Փակուած Է Կիւլենի Հարցազրոյցը Սփռած Պատկերասփիւռի Կայանը

Ազրպէյճանի «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պատկերասփիւռի եւ ռատիոհեռարձակման ազգային խորհուրդը` հիմնուելով գլխաւոր դատախազութեան դիմումին վրայ, որոշած է ժամանակաւորապէս կասեցնել «Էյ.Էն.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին սփռումը` վերջինիս կողմէ իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի հարցազրոյցի սփռումին պատճառով: Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կարծիքով` այդպիսի սփռումները կրնան «վատթարացնել ռազմավարական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ»: Թուրքիոյ իշխանութիւններն ու Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը խոր մտահոգութիւն յայտնած էին Կիւլենի հարցազրոյցին սփռումին...

Իրան Ռուսիայէն Ստացած Է  «Էս-300»-ի Առաջին Խմբաքանակը

Իրան Ռուսիայէն Ստացած Է «Էս-300»-ի Առաջին Խմբաքանակը

«Արմէնփրես»` յղում կատարելով իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Իրան Ռուսիայէն ստացած է «Էս-300» հակաօդային համակարգերու առաջին խմբաքանակը: «Իրան ստացած է «Էս-300ՊՄՈՒ2» համակարգերու հրթիռներու առաջին խմբաքանակը: Այդ համակարգերը պիտի ուժեղացնեն Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը», ըսուած է լրատու գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ: Այս տարուան ապրիլին հաղորդուած էր Իրանին «ԷՍ-300» հակաօդային հրթիռային համակարգերու մատակարարումներուն սկսելու մասին: Այդ համակարգերու առանձին տարրեր, մասնաւորաբար, ռատարները,...

Ալիեւ Կ՛ուզէ Երկարաձգել Նախագահի  Պաշտօնավարման Ժամկէտը Եւ Վերցնել  Տարիքային Սահմանափակումը

Ալիեւ Կ՛ուզէ Երկարաձգել Նախագահի Պաշտօնավարման Ժամկէտը Եւ Վերցնել Տարիքային Սահմանափակումը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կ՛առաջարկէ նախագահի պաշտօնավարման ժամկէտը դարձնել 7 տարի: Ալիեւ Ազրպէյճանի սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծը հանրաքուէի դնելու թղթածրարը ուղարկած է երկրի խորհրդարանին: Բացի ատկէ, ան կ՛առաջարկէ նախագահի թեկնածու առաջադրուող անձերու պարտադիր պահանջներու մասին հատուածէն վերցնել տարիքային սահմանափակման կէտը:

Վերջին Ժամ.  Կացինով Յարձակում` Հարաւային  Գերմանիոյ Գնացքներէն Մէկուն Մէջ

Վերջին Ժամ. Կացինով Յարձակում` Հարաւային Գերմանիոյ Գնացքներէն Մէկուն Մէջ

Գերմանիոյ Պաւարիա նահանգի ոստիկանութեան բանբերը երէկ կէս գիշերին հաստատեց, որ հարաւային Գերմանիոյ Վուրցպուրկ շրջանի գնացքներէն մէկուն մէջ կացինով յարձակում գործողը սպաննուած է ապահովութեան ուժերուն փամփուշտով: Նշենք, որ գերմանական լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ Վուրցպուրկի գնացքներէն մէկուն մէջ կացինով զինուած անհատ մը յարձակում գործած է գնացքի ճամբորդներուն վրայ եւ վիրաւորած 21 քաղաքայիններ: Յարձակումին դրդապատճառները մնացին անյայտ:

«Ուիքիլիքս» Կը Պատրաստուի Էրտողանի  Վերաբերող Հազարաւոր  Փաստաթուղթեր Հրապարակելու

«Ուիքիլիքս» Կը Պատրաստուի Էրտողանի Վերաբերող Հազարաւոր Փաստաթուղթեր Հրապարակելու

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ «Ուիքիլիքս» «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ կը պատրաստուի Թուրքիոյ բարձրագոյն պետական այրերու, ներառեալ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը վարկաբեկող հազարաւոր գաղտնի փաստաթուղթեր հրապարակելու: «Պատրաստ եղէք պայքարի: Մենք պիտի հրապարակենք 100 հազարէն աւելի փաստաթուղթեր` Թուրքիոյ քաղաքական կառոյցի մասին», նշած է «Ուիքիլիքս»: Կայքը լուրին կցած է Էրտողանի մէկ ծաղրանկարը, ուր ան ձեռնաշղթայ կ՛անցընէ լրագրողի մը ձեռքին` ըսելով. «Մի՛ քննադատէր»:

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Թուրքիոյ  ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութիւնը Վտանգուած Է»

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Թուրքիոյ ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութիւնը Վտանգուած Է»

Քերրի Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Ժողովրդավարական Արժեչափերը «Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձին մէջ կասկածելիներու դէմ աննախադէպ բռնաճնշումներու առնչութեամբ Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած է` հետեւելու ժողովրդավարական սկզբունքներուն: Քերրի մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ պետական յեղաշրջումի փորձէն ետք շարունակուող ձերբակալութիւններու եւ հազարաւոր պետական պաշտօնեաներու բանտարկութեան առնչութեամբ: Թուրքիոյ...

«Թուրքիան Վերատեսութեան Պիտի Ենթարկէ  Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները,  Եթէ Կիւլենը Չարտայանձնուի»  Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

«Թուրքիան Վերատեսութեան Պիտի Ենթարկէ Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները, Եթէ Կիւլենը Չարտայանձնուի» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ Անգարա կրնայ օրակարգ բերել Միացեալ Նահանգներու հետ բարեկամական յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու հարցը, եթէ Ուաշինկթըն չարտայանձնէ թուրք քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը` զինեալ յեղաշրջումի փորձին հարցով: «Մենք շնորհակալութիւն յայտնած ենք մեր բոլոր բարեկամներուն, որոնք զօրակցութիւն յայտնեցին Թուրքիոյ: Միացեալ Նահանգները մեր բարեկամներն են, մեր...

Մերքել. «Թուրքիոյ Մէջ Մահապատիժի Սահմանումը  Պիտի Փակէ Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Հարցը»

Մերքել. «Թուրքիոյ Մէջ Մահապատիժի Սահմանումը Պիտի Փակէ Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Հարցը»

Գերմանական «Տի Ցայթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել զգուշացուցած է, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները վերջ պիտի գտնեն, եթէ Անգարա որոշէ դարձեալ մահապատիժ սահմանել: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Շթեֆան Զայպերթ յայտարարած է. «Այն երկիրը, ուր մահապատիժ կայ, չի կրնար Եւրոպական Միութեան անդամ ըլլալ` եթէ Թուրքիան մահապատիժը վերականգնէ, ապա այդ երկրին համար...

«Յեղաշրջումէն Ետք Թուրքիոյ Մէջ  Ձերբակալուածներու  Ցանկը Նախապէս Կազմուած Էր»  Կ՛ըսէ Հան

«Յեղաշրջումէն Ետք Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուածներու Ցանկը Նախապէս Կազմուած Էր» Կ՛ըսէ Հան

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Եոհաննես Հան յայտարարած է, որ Թուրքիան չի պահպաներ միջազգային իրաւունքը` հետապնդումներու սկսելով յեղաշրջման ձախողած փորձէն ետք` աւելցնելով, որ ձերբակալուած անձերուն ցանկը նախապէս կազմուած էր: «Մեր մտավախութիւնը ա՛յս էր: Ես եւ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Մոկերինին յեղաշրջումէն ետք մտավախութիւն յայտնեցինք, յաջորդելիք դէպքերուն մասին` նշելով, որ տեղի ունեցածը պէտք է...

Page 778 of 882 1 … 777 778 779 … 882

Արխիւներ