Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յեղաշրջումէն Ետք Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուածներու Ցանկը Նախապէս Կազմուած Էր» Կ՛ըսէ Հան

July 19, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hahn_71816«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Եոհաննես Հան յայտարարած է, որ Թուրքիան չի պահպաներ միջազգային իրաւունքը` հետապնդումներու սկսելով յեղաշրջման ձախողած փորձէն ետք` աւելցնելով, որ ձերբակալուած անձերուն ցանկը նախապէս կազմուած էր:

«Մեր մտավախութիւնը ա՛յս էր: Ես եւ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Մոկերինին յեղաշրջումէն ետք մտավախութիւն յայտնեցինք, յաջորդելիք դէպքերուն մասին` նշելով, որ տեղի ունեցածը պէտք է համապատասխանէ իրաւունքի գերակայութեան միջազգային չափանիշերուն: Այն, ինչ կը տեսնենք, կը վկայէ, որ արժեչափերը չեն պահպանուիր», ըսած է Հան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք թրքական իշխանութիւնները օգտուա՞ծ են իրավիճակէն` սեփական շահերէն մեկնելով, ան ըսած է. «Առնուազն, ատիկա նախապատրաստուած եղած է»:

«Այն իրողութիւնը, որ ցանկերը արդէն պատրաստ էին իրադարձութիւններէն առաջ, կը վկայէ, որ անոնք նախապատրաստուած էին նման պահ մը օգտագործելու համար», ըսած է յանձնակատարը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի իր կարգին շեշտեց. «Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձէն ետք պէտք է պաշտպանել օրէնքի իշխանութիւնը»:

Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին կատարած իր յայտարարութեան մէջ ան ըսաւ, որ օրէնքի իշխանութեան պաշտպանութիւնը կը բխի Թուրքիոյ շահերէն:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսէյ Միսքով յայտնեց. «Մոսկուա մօտէն կը հետեւի Թուրքիոյ զարգացումներուն»` նշելով. «Երկու երկիրներուն իշխանութիւնները յեղաշրջման ձախողած փորձէն ետք հեռաձայնային շարք մը հաղորդակցութիւններ ունեցան»:

«Ներկայիս թրքական հողերուն վրայ գտնուող ռուս քաղաքացիներուն անվտանգութեան բոլոր երաշխիքները տրուեցան Թուրքիոյ կողմէ», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիա Ձերբակալած Է Քուէյթի Մէջ Թրքական Դեսպանատան Զինուորական Կցորդը

Յաջորդը

Մերքել. «Թուրքիոյ Մէջ Մահապատիժի Սահմանումը Պիտի Փակէ Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Հարցը»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.