
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յղեց նոյնանման բովանդակութեամբ նամակ մը, որուն մէջ պահանջեց դատապարտել Մընպեժ շրջանին մէջ ֆրանսական օդուժին ռմբակոծումներուն հետեւանքով տասնեակ սուրիացի քաղաքայիններու ջարդը: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պատասխանատուութեամբ վարուելու համաշխարհային ապահովութիւնը հաստատելու իր գործին հետ:


