
«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը յայտարարութեան մը մէջ ստանձնած է գերմանական գնացքի մը ճամբորդներուն դէմ յարձակումը:
Պատկերասփիւռի տուեալներով` «ՏԱՀԵՇ յայտարարած է Գերմանիոյ մէջ յարձակումին իր պատասխանատուութեան մասին` նշելով, որ յարձակողը եղած է իր զինեալներէն մէկը»:
Նախապէս հաղորդուեցաւ, որ գերմանական ոստիկանութիւնը Գերմանիոյ մէջ գնացքի մը դէմ յարձակում գործած աֆղանին տան մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դրօշ յայտնաբերած է:
18 յուլիսի երեկոյեան կացինով եւ դանակով զինուած տղամարդը յարձակում գործած էր Թրոյխթլինկենէն Վիւրցպուրկ (Պաւարիա) մեկնող գնացքի ճամբորդներուն դէմ: Վիրաւորուած էին 15 մարդիկ, որոնց երկուքը ծանր վիճակի մէջ փոխադրուած են հիւանդանոց, երկու այլ վիրաւորներու կեանքը վտանգուած է:
Յարձակում գործողը եղած է Աֆղանիստանէն Գերմանիա ապաստանած 17-ամեայ երիտասարդ մը, որ գնացքէն դուրս գալէն ետք սպաննուած է:


