Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Վերատեսութեան Պիտի Ենթարկէ Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները, Եթէ Կիւլենը Չարտայանձնուի» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

July 19, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Yildirim_71816

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ Անգարա կրնայ օրակարգ բերել Միացեալ Նահանգներու հետ բարեկամական յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու հարցը, եթէ Ուաշինկթըն չարտայանձնէ թուրք քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը` զինեալ յեղաշրջումի փորձին հարցով:

«Մենք շնորհակալութիւն յայտնած ենք մեր բոլոր բարեկամներուն, որոնք զօրակցութիւն յայտնեցին Թուրքիոյ: Միացեալ Նահանգները մեր բարեկամներն են, մեր ռազմավարական գործընկերները: Սակայն ես Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան կ՛ըսեմ` այստեղ ընդհանրական սպառնալիք գոյութիւն ունի, օրինական իշխանութիւնները տապալելու փորձ, ժողովուրդին կամքը ոտնահարելու հրահանգ, ոչ մէկ կրօնքի կամ կրօնական արժէքներու մասին խօսք չկայ: Ալ ի՞նչ ապացոյցներ պէտք է ըլլան: Եթէ, անկախ այս բոլորէն, մեր բարեկամները նախկինի պէս ապացոյցներ պահանջեն, ապա, պիտի ներէք, բայց մենք շատ պիտի վշտանանք եւ օրակարգ պիտի մտնէ մեր բարեկամութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը», ըսած է Եըլտըրըմ:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ Ուաշինկթըն Կիւլենը արտայանձնելու որեւէ դիմում չէ ստացած եւ թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` Միացեալ Նահանգներ բնակող իսլամ քարոզիչին դէմ շօշափելի ու համոզիչ փաստեր ներկայացնելու:

 

 

Նախորդը

Մերքել. «Թուրքիոյ Մէջ Մահապատիժի Սահմանումը Պիտի Փակէ Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Հարցը»

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Թուրքիոյ ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութիւնը Վտանգուած Է»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.