Դամասկոս Պատրաստ Է Առանց Նախապայմանի Շարունակելու Միջսուրիական Երկխօսութիւնը
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Դամասկոս պատրաստ է առանց նախապայմանի շարունակելու միջսուրիական երկխօսութիւնը: Նախարարութիւնը նշեց, որ կառավարութիւնը նախանձախնդիր է հասնելու սուրիական ճգնաժամի քաղաքական լուծումի մը, որ սուրիացի ժողովուրդին ձգտումներուն համահունչ է: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս յայտնեց, որ երկխօսութիւնը յանգի ամբողջական լուծումի մը` առանց արտաքին միջամտութիւններու: Նախարարութիւնը աւելցուց, որ հետաքրքրութեամբ հետեւած է «ահաբեկչութեան դէմ պայքարի» ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան:




















