
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Իրան Ռուսիայէն ստացած է «Էս-300» հակաօդային համակարգերու առաջին խմբաքանակը:
«Իրան ստացած է «Էս-300ՊՄՈՒ2» համակարգերու հրթիռներու առաջին խմբաքանակը: Այդ համակարգերը պիտի ուժեղացնեն Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը», ըսուած է լրատու գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Այս տարուան ապրիլին հաղորդուած էր Իրանին «ԷՍ-300» հակաօդային հրթիռային համակարգերու մատակարարումներուն սկսելու մասին: Այդ համակարգերու առանձին տարրեր, մասնաւորաբար, ռատարները, ցուցադրուած էին 17 ապրիլին Թեհրանի մէջ կայացած զինուորական տողանցքին ընթացքին:
Իրանին «ԷՍ-300»-ի մատակարարման համաձայնագիրը կնքուած էր 2007-ին, սակայն ատոր գործադրութիւնը դադրեցուած էր 9 յունիս 2010-ին որդեգրումով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ թիւ 1929 բանաձեւին, որ արգիլած էր Իրանին այդ սպառազինութեան, ներառեալ հրթիռներու եւ հրթիռային համակարգերու յանձնումը:
Անցեալ տարուան ապրիլին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը վերցուց Իրանին «ԷՍ-300» համակարգերու մատակարարման արգելքը, եւ այդպիսով նոյն թուականի նոյեմբերին համաձայնագիրը մտաւ ուժի մէջ:
«Ռոստեխ» պետական ընկերութեան ղեկավար Սերկէյ Չեմեզով յայտարարած է, որ մինչեւ այս տարուան աւարտը Ռուսիան պիտի ամբողջացնէ Իրանին «ԷՍ-300» հակաօդային համակարգերու մատակարարումները:


