
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան տնտեսութեան եւ հասարակութեան հարցերու յանձնակատար Կունթեր Օթինկըր յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ մէջ պետական յեղաշրջումի փորձէն ետք բացառած է 2016-ին Անգարայի համար առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան հաստատումը:
Ըստ անոր, թրքական իշխանութիւնները նախ անհրաժեշտ է, որ կատարեն Պրիւքսէլի կողմէ դրուած պայմանները: Մասնաւորաբար, Թուրքիոյ մէջ պէտք է օրէնքի գերակայութիւն հաստատուի: «Ներկայ պահուս մենք ատիկա չենք տեսներ», ըսած է Օթինկըր:
Յանձնակատարը քննադատած է երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէն զրկելու համար Թուրքիոյ մէջ վերջերս որդեգրուած օրէնքը: Ըստ անոր, այդ օրէնքը ուղղուած է ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ջնջման, երկրին մէջ ազատ խօսքի ճնշման եւ խռովութիւններէ ետք մաքրագործումներու կատարման:
«Պետութիւնը պէտք չէ հազարներով ձերբազատի անյարմար դատաւորներէ: Դատական համակարգի անկախութիւնը առանցքային տարր է», աւելցուցած է յանձնակատարը:
Օթինկըր միեւնոյն ժամանակ քննադատած է մահապատիժը վերականգնելու կարելիութեան մասին թրքական իշխանութիւններուն յայտարարութիւնները:
«Ոչ մէկ պետութիւն կրնայ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալ, եթէ այնտեղ գոյութիւն ունի մահապատիժ», եզրակացուցած է ան:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չէ բացառած երկրին մէջ 2004-ին վերցուած մահապատիժի վերականգնումը, եթէ խորհրդարանը հաւանութիւն տայ այդ օրէնքին:


