Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կիւլենի Արտայանձնման Պահանջով Պաշտօնապէս Պիտի Դիմէ Միացեալ Նահանգներուն

Յուլիս 20, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Erdogan_71916

«Չորեքշաբթի Կարեւոր Որոշում Մը Պիտի Տրուի,
Եւ Դրացի Երկիրներուն Հետ Մեր
Տարակարծութիւնները Պիտի Ձգենք Մեր Ետին». Ըսաւ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ թրքական կառավարութիւնը չորեքշաբթի օր պիտի որդեգրէ կարեւոր որոշում մը:

Ան ժողովրդային հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց. «Կարելի չէ ականջ փակել յեղաշրջում կատարողները մահապատիժի ենթարկելու ժողովուրդին պահանջներուն նկատմամբ, իսկ այդ հարցը քննարկելու վայրը պիտի ըլլայ խորհրդարանը»:

«Ժողովուրդը միասնակամ է եւ երկրին պիտի չարտօնէ դէպի անորոշութիւն ուղղուիլ», ըսաւ Էրտողան` նշելով, որ Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդը այսօր պիտի գումարէ ժողով մը:

«Դրացի երկիրներուն հետ մեր տարակարծութիւնները պիտի ձգենք մեր ետին», յայտնեց Էրտողան` աւելցնելով. «Վճռակամ ենք մեր երկիրը ձերբազատելու բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն: Թուրքիոյ մէջ պետութեան մէջ պետութեան տեղ չկայ»:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտարարեց, որ իր երկրին իշխանութիւնները յառաջիկայ օրերուն պաշտօնական դիմում պիտի ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներուն` պահանջելով արտայանձնել ընդդիմադիր իսլամական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը, որուն կը նկատեն Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի փորձի գլխաւոր գաղափարախօսը:

Ան յիշեցուցած է երկու պետութիւններուն միջեւ գործին մէջ յանցագործներու արտայանձնման մասին համաձայնագիրը` աւելցնելով. «Երբ Միացեալ Նահանգներ կը խնդրեն արտայանձնել իրենց քաղաքացիներէն մէկը, մենք կը կատարենք խնդրանքը: Այդ հարցերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը անհրաժեշտ է»:

16 յուլիսին Էրտողան իր կողմնակիցներու հաւաքին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային կոչ ուղղած էր արտայանձնելու Կիւլենը: «Եթէ մենք զինուորական գործընկերներ ենք, կատարեցէ՛ք մեր խնդրանքը: Չէ որ մենք արտայանձնած ենք ձեր ահաբեկիչները: Հիմա տուէ՛ք անոնք, որոնք մեր ահաբեկիչներու ցուցակին վրայ են», ըսած էր ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի պատասխանած էր, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի բաւարարեն Թուրքիոյ պահանջը, եթէ Անգարան լուրջ ապացոյցներ ներկայացնէ:

Կիւլեն իր կարգին յայտարարած էր, որ պատրաստ է արտայանձնման: «Եթէ այդպէս որոշեն, ուրեմն, թող այդպէս ըլլայ», ըսած էր ան` հերքելով Անգարայի մեղադրանքները:

 

 

 

Նախորդը

Չափազանցուած Քայլերու Չդիմելու Ամերիկեան Յորդոր. Էրտողան Դարձեալ Կը Խօսի Մահապատիժի Վերականգնման Մասին

Յաջորդը

«Կիւլեն Չի Զբաղիր Հակաօրինական Գործունէութեամբ» Կ՛ըսէ Թոնըր

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?