Սէուտական Արաբիա Ձերբակալած Է Քուէյթի Մէջ Թրքական Դեսպանատան Զինուորական Կցորդը
Դիւանագիտական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է, որ սէուտական իշխանութիւնները ձերբակալած են Քուէյթի մէջ թրքական դեսպանատան զինուորական կցորդը, երբ վերջինս երկրին օդակայաններէն մէկուն ճամբով Քուէյթէն մուտք գործած է Սէուտական Արաբիա: Աղբիւրը կը նշէ, որ Քուէյթի թրքական դեսպանատան զինուորական կցորդը ներկայիս սէուտական իշխանութիւններուն մօտ ձերբակալուած է: Անոր ձերբակալումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ խնդրանքով` երբ փորձած է փախուստի դիմել Թուրքիոյ մէջ...




















