Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չափազանցուած Քայլերու Չդիմելու Ամերիկեան Յորդոր. Էրտողան Դարձեալ Կը Խօսի Մահապատիժի Վերականգնման Մասին

Յուլիս 20, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kerry_71916

«Տեմոքրաթհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի փորձին մասին հարցազրոյցի մը ընթացքին նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ մահապատիժը վերականգնելու վերաբերեալ քննարկումներուն:

Ըստ Էրտողանի, ժողովուրդին պահանջը իրենց կողմէ երբեք չ՛անտեսուիր: «Ասիկա հայրենիքի բացայայտ դաւաճանութիւն է: Մենք չենք կրնար անտեսել այդ պահանջը: Սակայն, ի հարկէ, այդ հարցին մէջ սահմանադրական մակարդակով որոշ փոփոխութիւն կատարելու համար խորհրդարանի որոշում պէտք է ըլլայ, պէտք է ղեկավարները հանդիպին եւ քննարկեն: Եթէ համաձայնին այդ հարցը քննարկել, ես ալ` իբրեւ նախագահ, պիտի հաստատեմ խորհրդարանի որդեգրած որեւէ որոշում», յայտարարած է Էրտողան:

Բրիտանական իշխանութիւնները երէկ զգուշացուցին. «Թուրքիոյ մէջ մահապատիժի վերահաստատումը ետքայլ մըն է, որ անոր վնաս պիտի պատճառէ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Թուրքիոյ կառավարութիւնը յորդորեց պահպանելու հանդարտութիւնն ու կայունութիւնը եւ յարգելու ժողովրդավարական կառոյցներն ու օրէնքի գերակայութիւնը:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց. «Կը զօրակցինք յեղաշրջումի կազմակերպիչները արդարադատութեան յանձնելու քայլին, սակայն Անգարան կը յորդորենք յարգելու օրէնքը եւ չափազանցուած քայլեր չորդեգրելու»:

Թուրքիոյ բանակը յայտարարեց, որ յեղաշրջումի օրուան երեկոյեան ժամը 8:00-ին գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններ ստացած է ծրագիրին մասին:

Փենթակոնի բանբեր Փիթըր Քուք իր կարգին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի ձախող փորձը իրենց համար եւս անակնկալ էր, «ինչպէս նաեւ թուրքերուն ու այլ պետութիւններու»` նշելով, որ իրենք որեւէ տեղեկութիւն չունէին այդ փորձի ժամկէտին ու ծրագիրին մասին:

Քուք նշեց, որ գոյութիւն ունին պնդումներ, թէ օդանաւեր Ինճիրլիքէն թռիչք առնելով վառելանիւթ մատակարարած են յեղաշրջումին մասնակից օդանաւերու` նշելով, որ ռազմակայանին մէկ մասը իրենցն է, իսկ մնացեալը կ՛օգտագործեն թուրք զինուորներ: Ան աւելցուց, որ ամերիկացի զինուորներուն յեղաշրջումէն անտեղեակ ըլլալը բնական է:

Թուրքիոյ Մէջ Պերմուտայի Եռանկի՞ւն

Բրիտանական «Տը Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձէն ետք թրքական ծովուժի 27 մարտանաւերէն 14-ը կապ չեն հաստատած հրամանատարութեան հետ:

Թերթը կը նշէ, որ բոլոր անհետացած նաւերը կը գտնուէին Սեւ ծովուն եւ Եգէականին մէջ: Բացի ատկէ, 16 յուլիսէն ի վեր կապ չէ հաստատած նաւատորմիղի հրամանատար Վէյսել Քեզլէն: Յայտնի չէ, թէ ան պատա՞նդ է, թէ ինք եւս միացած է յեղաշրջումի փորձ կատարած զինուորականներուն:

Նշենք, որ թրքական ծովուժը ունի 27 մարտանաւ եւ 13 սուզանաւ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ անհետացած է նաեւ 2 ուղղաթիռ, անյայտ կորսուած կը նկատուին նաեւ մասնայատուկ ուժերու 25 զինուորներ: Ուղղաթիռները թռիչք առած են Մարմարիսի ուղղութեամբ` մասնակցելու համար Էրտողանի դէմ յարձակումին: Կը նախատեսուէր, որ ուղղաթիռները 25 զինուորները փոխադրէին Մարմարիս, սակայն ծրագիրի տապալումէն ետք անհետացած են:

Ձերբակալութիւններն Ու Պաշտօնանկութիւնները Կը Շարունակուին

ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած են Սուրիոյ վերեւ ռուսական «Սու-24» ռմբաձիգը վար առած թրքական կործանիչի երկու օդաչուները: Թուրք պաշտօնատար մը ԱՖՓ-ին յայտնած է, որ անոնք ձերբակալուած են յեղաշրջումի փորձին յաջորդած գործողութիւններու ծիրին մէջ:

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ յեղաշրջումի փորձէն ետք Թուրքիոյ վարչապետի աշխատակազմի 257 աշխատակիցներ հեռացուած են իրենց պաշտօններէն, գրաւուած են նաեւ անոնց կալուածները: Պաշտօններէ վտարուած են նաեւ Թուրքիոյ կրօնական գործերու նախարարութեան 492 աշխատակիցներ: Կը նշուի, որ անոնք բոլորն ալ հեռացուած են իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի «Հիզմեթ» շարժումին հետ կապեր ունենալու պատճառով: Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը եւս 15.200 պաշտօնեայ վտարեց:

Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ յեղաշրջումէն 2 օր ետք սկսած են մահապատիժը վերականգնելու խօսակցութիւնները: Ձերբակալուած են աւելի քան 7000 մարդիկ: Անոնք կը պահուին ախոռներու մէջ` անարգանքի ենթարկելով եւ ստիպելով մերկանալ, կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»` ներկայացնելով լուսանկարներ:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Բացառէ 2016-ին Թուրքիոյ Հետ Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Ջնջման Կարելիութիւնը

Յաջորդը

Թուրքիա Կիւլենի Արտայանձնման Պահանջով Պաշտօնապէս Պիտի Դիմէ Միացեալ Նահանգներուն

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?