«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կ՛առաջարկէ նախագահի պաշտօնավարման ժամկէտը դարձնել 7 տարի:
Ալիեւ Ազրպէյճանի սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծը հանրաքուէի դնելու թղթածրարը ուղարկած է երկրի խորհրդարանին:
Բացի ատկէ, ան կ՛առաջարկէ նախագահի թեկնածու առաջադրուող անձերու պարտադիր պահանջներու մասին հատուածէն վերցնել տարիքային սահմանափակման կէտը: