Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կիւլեն Չի Զբաղիր Հակաօրինական Գործունէութեամբ» Կ՛ըսէ Թոնըր

Յուլիս 20, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Toner_71916

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով միջազգային լրատուամիջոցները կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր երէկ յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն կը գտնէ, որ Միացեալ Նահանգներ բնակող թուրք ընդդիմադիր Ֆեթհուլլա Կիւլեն, որ Անգարայի կողմէ մեղադրուած է Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի փորձ կազմակերպելու մէջ, չի զբաղիր հակաօրինական գործունէութեամբ:

«Ամերիկեան վարչակազմի տեսակէտէն` Կիւլեն կը գործէ օրէնքին համապատասխան», ըսած է Թոնըր: Ըստ անոր, ամերիկեան իշխանութիւնները կը գտնեն, որ Կիւլեն խաղաղօրէն կ՛ապրի Փենսիլվենիա նահանգի իր առանձնատան մէջ: Թոնըր նաեւ համոզում յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ զինուորական համագործակցութիւնը պիտի չտուժէ: «Մենք ատով մտահոգուած չենք», ընդգծած է ամերիկացի դիւանագէտը:

Ան հաստատած է, որ որքան ամերիկեան կառավարութեան յայտնի է, Թուրքիոյ ղեկավարութեան ներկայացուցիչները չեն հրաժարած ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի հարցերով միջազգային հանդիպումին մասնակցելու ծրագիրէն: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մօտ գտնուող Մերիլենտ նահանգի «Էնտրիւ» ռազմակայանին մէջ:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիան պաշտօնական դիմում ուղարկած է Կիւլենը արտայանձնելու հարցով: «Մենք Միացեալ Նահանգներուն ուղարկած ենք չորս թղթածրար` Կիւլենը արտայանձնելու համար: Մենք անոնց շատ աւելի փաստեր պիտի ներկայացնենք, քան իրենք կը փափաքին», ընդգծած է ան:

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ իր կարգին յայտարարեց. «Ֆեթհիւլլա Կիւլենի հարցով Ամերիկային ուղարկեցինք չորս թղթածրարներ եւ պատասխանի կը սպասենք»:

Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու աճապարանօք մեկնած է Ուաշինկթըն` աւելցնելով, որ ճամբորդութեան պատճառներէն մէկը Կիւլենի արտայանձնման բանակցութիւններն են:

Միացեալ Նահանգներ յայտնած էին, որ Կիւլենի արտայանձնումը Թուրքիոյ կարելի է միայն այն ժամանակ, երբ Անգարա «ծանրակշիռ ապացոյցներ» ներկայացնէ զինուորական յեղաշրջման փորձին անոր մասնակցութեան մասին:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն երէկ յայտարարեց. «Եթէ Ուաշինկթըն Կիւլենը արտայանձնելու մերժումին վրայ պնդէ, թուրք ժողովուրդը պիտի եզրակացնէ, որ Միացեալ Նահանգներ Կիւլենը կը պաշտպանեն»:

 

Նախորդը

Թուրքիա Կիւլենի Արտայանձնման Պահանջով Պաշտօնապէս Պիտի Դիմէ Միացեալ Նահանգներուն

Յաջորդը

Սուրիա ՄԱԿ-էն Պահանջեց Դատապարտել Ֆրանսական Օդուժին Կողմէ Մընպեժի Ռմբակոծումը

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?