«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ճափոնի մէջ մէկ շաբթուան ընթացքին տաքին պատճառով երեք հոգի մահացած է, եւ գրեթէ 3100 ուրիշներ հիւանդանոցներու դարմանում ստացած են:
Նախորդ շաբթուան հետ բաղդատելով, ներկայիս տաքը նուազած է, այդ պատճառով ալ հիւանդանոցներուն մէջ դարմանումի ենթարկուողներուն թիւը նուազած է:
Ճափոնի մէջ տաք եղանակին պատճառով արեւահար եղած են բազմաթիւ մարդիկ, մասնաւորաբար` տարեցներ եւ երեխաներ: