Միջազգային

Ռուպիօ Եւ Սաֆատի Քննարկեցին Սուրիոյ Մէջ  Զինադադարն Ու Շրջանի Ապահովական Կացութիւնը

Ռուպիօ Եւ Սաֆատի Քննարկեցին Սուրիոյ Մէջ Զինադադարն Ու Շրջանի Ապահովական Կացութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի Ուաշինկթընի մէջ քննարկեցին Սուրիոյ մէջ զինադադարը եւ շրջանին մէջ, ներառեալ պաղեստինեան հողերը, ապահովական կացութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Երկու կողմերը քննարկեցին Միացեալ Նահանգներու, Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ Սուրիոյ մէջ զինադադարի պահպանման շուրջ ստորագրուած եռակողմ համաձայնութիւնը»: «Ռուպիօ հարաւային Սուրիոյ մէջ ներկայ տագնապի...

Կիպրոսի Մէջ Անտառային Հսկայական Հրդեհ

Կիպրոսի Մէջ Անտառային Հսկայական Հրդեհ

Կիպրոսի հարաւը երկու զոհ արձանագրուեցաւ, հարիւրաւոր բնակիչներ հեռացուեցան եւ բնակարաններ հրկիզուեցան անտառային հսկայական հրդեհի պատճառով: Հրդեհը Լիմասոլ քաղաքի հիւսիսը գտնուող գինիի արտադրութեան շրջանին մէջ աւելի քան 100 քառակուսի քիլոմեթր տարածք քանդեց: Կիպրական ոստիկանութեան համաձայն, երկու զոհերը յայտնաբերուեցան բոցերով շրջապատուած իրենց ինքնաշարժին մէջ, եւ վիրաւորուած են առնուազն 10 անձեր, որոնցմէ երկուքին վիճակը ծանր է: Կիպրական իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ տակաւին կանուխ է...

Ռուսիոյ Ամուրի Մարզին Մէջ Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ

Ռուսիոյ Ամուրի Մարզին Մէջ Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ

Ռուսիոյ Ամուրի մարզին մէջ «Ան-24» տիպի օդանաւ մը ջախջախուեցաւ: Օդանաւին մէջ գտնուող բոլոր անձերը մահացած են: Այս մասին Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն յայտնած են ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան: «Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն, բոլորը զոհուած են: Մինչեւ հիմա փրկարարներով ուղղաթիռը չի կարենար էջք կատարել արկածի վայր, որ դժուարամատչելի տարածք է, լերան լանջ: Այդտեղ հրդեհ բռնկած է», ըսած է ռուսական լրատու գործակալութեան աղբիւրը: Նախապէս...

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Բացումը Մեծ  Նշանակութիւն Ունի, Պիտի Ամրապնդէ Միջին Միջանցքը»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Բացումը Մեծ Նշանակութիւն Ունի, Պիտի Ամրապնդէ Միջին Միջանցքը» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը

«Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումը մեծ նշանակութիւն ունի շրջանին համար, պիտի ամրապնդէ Միջին միջանցքը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան փոխանցումով յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Պիրոլ Աքկիւն: «Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք սկսած նոր ժամանակաշրջանին մէջ Զանգեզուրի միջանցքի բացումը մեծ նշանակութիւն ունի շրջանին համար: Մենք կ՛ուզենք, որ այս միջանցքը ըլլայ կապող կամուրջ, որ շրջանին մէջ...

Թայլանտ-Քամպոտիա Սահմանային Բախում

Թայլանտ-Քամպոտիա Սահմանային Բախում

Երէկ առաւօտեան Թայլանտի եւ Քամպոտիոյ սահմանին տեղի ունեցած է զինեալ բախում: Թայլանտի բանակին տուեալներով` քամպոտիական զօրքերը կրակ բացած են, վիրաւորելու թայլանտցի երկու զինուոր: Քամպոտիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը իր կարգին յայտարարած է, որ իրենց զօրքերը պատասխան քայլերու ձեռնարկած են միայն ինքնապաշտպանութեան համար: Թայլանտի իշխանութիւնները կը յայտնեն, թէ Քամպոտիան հրետանի օգտագործած է: Թայլանտի Սուրին նահանգի Քապչայինկ շրջանի ղեկավար սութթիրոթ Չարոյենթանասաք «Ռոյթըրզ» լրատու...

Ուքրանիոյ Մէջ Զելենսքիի Ստորագրած  Վիճայարոյց Օրինագիծին Մէջ Բողոքի  Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Ուքրանիոյ Մէջ Զելենսքիի Ստորագրած Վիճայարոյց Օրինագիծին Մէջ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Մայրաքաղաք Քիեւի եւ Ուքրանիոյ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ 23 յուլիսի երեկոյեան Փտածութեան դէմ պայքարի ազգային գրասենեակի եւ Փտածութեան դէմ պայքարի մասնագիտացած դատախազութեան անկախութիւնը սահմանափակող օրէնքի դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակուած են: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ն: Օրէնքը Գերագոյն ռատային կողմէ որդեգրուած է 22 յուլիսին: Այդ երեկոյեան, հակառակ բողոքի ցոյցերուն, օրինագիծը ստորագրուած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի կողմէ: 23...

Ըստ «Հիւրրիէթ»-ի.  Թուրքիան Եւ Սուրիան Զինուորական  Համագործակցութեան Համաձայնագիր  Պիտի Ստորագրեն

Ըստ «Հիւրրիէթ»-ի. Թուրքիան Եւ Սուրիան Զինուորական Համագործակցութեան Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրեն

Թուրքիան եւ Սուրիան կը պատրաստուին զինուորական համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրելու: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական կառավարամէտ «Հիւրրիեթ» օրաթերթը: Օրաթերթը չի նշեր, թէ փաստաթուղթի ստորագրումը ե՛րբ նախատեսուած է` նշելով, որ Անգարան եւ Դամասկոսը այս կարեւոր քայլը կը կատարեն Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ անվտանգութեան սպառնացող սպառնալիքներու լոյսին տակ: «Հիւրրիեթ» կը յիշեցնէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նախապէս յայտարարած էր, թէ իր երկիրը...

«Պրիթիշ Փեթրոլիում»-ը Եւ Իտալական «Էնի ՍփԱ»-ն  Ազրպէյճանէն Աղտոտած Քարիւղի  Մատակարարման Մասին Կը Յայտարարեն

«Պրիթիշ Փեթրոլիում»-ը Եւ Իտալական «Էնի ՍփԱ»-ն Ազրպէյճանէն Աղտոտած Քարիւղի Մատակարարման Մասին Կը Յայտարարեն

Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան խողովակաշարով մատակարարուող քարիւղը աղտոտած է օրկանական նիւթեր պարունակող վառելանիւթով. այս քիմիական նիւթերը կ՛օգտագործուին հում քարիւղի արտահանումը մեծցնելու համար: «Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ քարիւղի մեծագոյն արտահանող «Պրիթիշ Փեթրոլիում» ընկերութիւնը: Բրիտանական ընկերութիւնը յայտարարած է, որ բացայայտած է Ազրպէյճանէն քարիւղի առանձին առաքումներու առնչուած հաւանական աղտոտման խնդիրները: Աղտոտման վերագրուող օրկանական նիւթերը քիմիական նիւթեր են, որոնք զգալի քանակութեան...

Սուրիոյ Պաշտպանութեան  Նախարարութիւնը Կը Հաղորդէ.  «Նախարարը Կը Հետեւի Սուէյտայի Մէջ  Զինուորական Տարազ Հագած Անծանօթներու Կողմէ  Ցնցիչ Ոտնձգութիւններու Մասին Տեղեկութիւններուն»

Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հաղորդէ. «Նախարարը Կը Հետեւի Սուէյտայի Մէջ Զինուորական Տարազ Հագած Անծանօթներու Կողմէ Ցնցիչ Ոտնձգութիւններու Մասին Տեղեկութիւններուն»

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց. «Նախարարը կը հետեւի Սուէյտայի մէջ զինուորական տարազ հագած անծանօթներու կողմէ ցնցիչ ոտնձգութիւններու մասին տեղեկութիւններուն»: Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան գրասենեակը նաեւ հաղորդեց, որ կազմուած է Սուէյտա քաղաքին մէջ ոտնձգութիւններու հարցով եւ անոնց հեղինակներուն շուրջ հետաքննութիւն կատարելու համար յանձնախումբը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք յայտնած է. «Սուրիական ուժերը Սուէյտա մուտք չգործեցին, եւ...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Այսօր Միացեալ Նահանգներ – Իսրայէլ – Սուրիա  Եռակողմ Ժողով` Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ապահովական  Փոխհասկացողութիւններու Քննարկման Համար

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Այսօր Միացեալ Նահանգներ – Իսրայէլ – Սուրիա Եռակողմ Ժողով` Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Փոխհասկացողութիւններու Քննարկման Համար

Ամերիկացի պաշտօնատար մը եւ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Աքսիոս» կայքին յայտնած են. «Կը նախատեսուի, որ ամերիկացի, իսրայէլացի եւ սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ հինգշաբթի օր գումարեն ժողով մը` փորձելով հարաւային Սուրիոյ մէջ կացութեան վերաբերեալ ապահովական փոխհասկացողութիւններ գոյացնել»: Ամերիկեան կայքը նշեց. «Ասիկա անցեալ շաբաթ հարաւային Սուրիոյ Սուէյտա քաղաքին մէջ տագնապի յառաջանալէն եւ անոր յաջորդած Դամասկոսի վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումներէն ի վեր նշեալ կողմերուն միջեւ...

Փեզեշքիան. «Պատերազմ Չենք Ուզեր, Սակայն  Պատրաստ Ենք Իսրայէլի Կողմէ Որեւէ Զինուորական  Քայլի Եւ Զայն Դարձեալ Հարուածելու»

Փեզեշքիան. «Պատերազմ Չենք Ուզեր, Սակայն Պատրաստ Ենք Իսրայէլի Կողմէ Որեւէ Զինուորական Քայլի Եւ Զայն Դարձեալ Հարուածելու»

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Պատրաստ ենք իսրայէլեան որեւէ զինուորական քայլի, եւ մեր ուժերը պատրաստ են Իսրայէլի խորքը դարձեալ հարուածելու»: «Իսրայէլ մեզի ուժեղ հարուած հասցուց, եւ մենք անոր խորքը ուժեղ կերպով հարուածեցինք, սակայն ան իր կորուստները կը թաքցնէ: Իսրայէլ ուզեց Իրանը փոխել, զայն մասնատել ու ջնջել քաոսի եւ վարչակարգը հարուածելու ճամբով, սակայն ձախողեցաւ», նշեց Իրանի նախագահը: Փեզեշքիան «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին...

Թեհրանի Մէջ Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին  Շուրջ Իրան-Ռուսիա-Չինաստան Բանակցութիւններ

Թեհրանի Մէջ Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Իրան-Ռուսիա-Չինաստան Բանակցութիւններ

22 յուլիսին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած է Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ներկայացուցիչներու եռակողմ հանդիպում, որուն գլխաւոր նիւթը եղած է իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ ստեղծուած ճգնաժամի կարգաւորումը: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը: Կողմերը համաձայնած են խորհրդակցութիւնները շարունակել եւ համակարգել իրենց քայլերը` Իրանի հիւլէական ծրագիրին առնչուած ճգնաժամը լուծելու համար: Կը նշուի, որ հանդիպումները պիտի շարունակուին «յառաջիկայ շաբաթներուն տարբեր մակարդակներով»: Լրատու...

Քաց. «Իրանի Հետ Ճակատամարտի Վերսկսման  Հաւանականութիւն Գոյութիւն Ունի»

Քաց. «Իրանի Հետ Ճակատամարտի Վերսկսման Հաւանականութիւն Գոյութիւն Ունի»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Իրանի հետ ճակատամարտի վերսկսման հաւանականութիւն գոյութիւն ունի»: «Պէտք է ազդու ծրագիր մը մշակենք` վստահ ըլլալու, որ Իրան իր հիւլէական եւ հրթիռային ծրագիրները պիտի չվերականգնէ», շեշտեց Քաց: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ յայտնեց. «Կազայի եւ Եմէնի մէջ երկու բաց ճակատներ ունինք եւ պէտք է զանոնք ամբողջովին վճռենք»: «Կազայի մէջ պատերազմի նպատակներու իրագործման շատ մօտ ենք», նշեց...

Ներկայացուցիչներու Տան Ելեւմուտքի Հարցերու  Յանձնախումբը Երկու Տարիով Երկարաձգեց «Սիզըր» Օրէնքը

Ներկայացուցիչներու Տան Ելեւմուտքի Հարցերու Յանձնախումբը Երկու Տարիով Երկարաձգեց «Սիզըր» Օրէնքը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատի` Ներկայացուցիչներու տան ելեւմուտքի յանձնախումբը երկարաձգեց «Սիզըր» օրէնքը եւ անոր մէջ ներառեց նոր պայմաններ, զորս պէտք է օրէնքի ստորագրումէն ետք երկու տարի գործադրել: Օրինագիծը հետագային վերջնական քուէարկութեան համար պիտի ներկայացուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին: Օրինագիծը ներկայացուած էր Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի  Միջին արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի հարցով ենթայանձնախումբի նախագահ հանրապետական Մայք Լոլըրի կողմէ: Օրինագիծին նպատակը...

Պայրամով Իսրայէլի Դեսպանին Հետ Քննարկած Է  Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Կացութիւնը

Պայրամով Իսրայէլի Դեսպանին Հետ Քննարկած Է Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Կացութիւնը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ ընդունած է Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճորճ Տիքը` Ազրպէյճանի մէջ անոր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով: Պայրամով շնորհակալութիւն յայտնած է Տիքին իր արդիւնաւէտ աշխատանքին համար եւ յաջողութիւն մաղթած ապագայ գործունէութեան մէջ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ երկկողմանի եւ բազմակողմ համագործակցութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանային կացութիւնը:

Սպառնալով Իսրայէլին`  Ֆիտան. «Եթէ Փորձէք Սուրիան Մասնատել  Եւ Ապակայունացնել, Այդ Քայլը Մեր Ազգային  Անվտանգութեան Ուղղակի Սպառնալիք  Պիտի Նկատենք Եւ Պիտի Միջամտենք»

Սպառնալով Իսրայէլին` Ֆիտան. «Եթէ Փորձէք Սուրիան Մասնատել Եւ Ապակայունացնել, Այդ Քայլը Մեր Ազգային Անվտանգութեան Ուղղակի Սպառնալիք Պիտի Նկատենք Եւ Պիտի Միջամտենք»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ իր սալվատորցի պաշտօնակից Ալեքսանտրա Հիլի հետ Անգարայի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ կը դժկամի իր շուրջ կայուն երկիր մը տեսնել եւ մտադիր Սուէյտա նահանգին մէջ բռնարարքներուն ճամբով Սուրիան մասնատել: Այս մասին հաղորդեց թրքական «Տէյլի Սապահ»-ը: Ֆիտան ըսաւ, որ Իսրայէլ կը ձգտի «իր կարգավիճակը պահպանելու համար շրջանը քաոսի մատնել», եւ Սուէյտայի...

Թուրքիա Եւ Իրան Իսրայէլի Դէմ  Շտապ Քայլերու Կոչ Կ՛ուղղեն

Թուրքիա Եւ Իրան Իսրայէլի Դէմ Շտապ Քայլերու Կոչ Կ՛ուղղեն

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հեռաձայնած է իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանին: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին երկու կողմերը քննարկած են Կազայի վրայ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումները եւ Սուրիոյ դէմ վերջին յարձակումները: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք Արապիք»: Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները ընդգծած են Կազայի եւ շրջանին մէջ «իսրայէլեան բռնագրաւումի ոճիրները» դադրեցնելու շտապ քայլերու անհրաժեշտութիւնը: Քննարկուած են Կազայի մէջ քաղաքայիններու դէմ...

«Եթէ Անհրաժեշտ Ըլլայ, Դարձեալ  Պիտի Հարուածենք Իրանի Հիւլէական Կառոյցները»

«Եթէ Անհրաժեշտ Ըլլայ, Դարձեալ Պիտի Հարուածենք Իրանի Հիւլէական Կառոյցները»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են դարձեալ հարուածելու Իրանի հիւլէական կառոյցները, եթէ ատիկա անհրաժեշտ ըլլայ: Այս մասին ան գրած է «Թրութ Սոշըլ» ընկերային հարթակին վրայ` արձագանգելով Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի այն յայտարարութեան, թէ յունիսին կատարուած ամերիկեան հարուածներուն պատճառով Իրանի հիւլէական կառոյցներուն լուրջ վնաս հասցուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Իրանինթլ» կայքը: «Իրանի...

Սուրիոյ Ծովեզերքի Դէպքերու Հետաքննութեան  Յանձնախումբը Քաղաքայիններու Դէմ Լուրջ  Խախտումներ Արձանագրած Է

Սուրիոյ Ծովեզերքի Դէպքերու Հետաքննութեան Յանձնախումբը Քաղաքայիններու Դէմ Լուրջ Խախտումներ Արձանագրած Է

Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններու դէպքերու հետաքննութեան յանձնախումբը երէկ յայտարարեց, թէ 7 եւ 8 մարտին քաղաքայիններու դէմ լուրջ խախտումներ արձանագրուած են: Յանձնախումբի բանբեր Եասեր Ֆարհան յայտնեց, թէ մամլոյ ասուլիսը ամփոփ է, մինչեւ որ նախագահութիւնը որոշէ իրաւական, արդարադատական, ապահովական, զինուորական եւ քաղաքական տեսակէտէ ինչպէ՛ս վարուիլ զեկուցումին մնացեալ տարրերուն հետ: «Հաստատեցինք սպանութիւնը 1426 անձերու, որոնց շարքին քաղաքայիններ եւ նախկին զինուորականներ, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւն ստացանք...

Քրեմլին. «Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի,  Եթէ Ուքրանիան Գետնի Վրայ Գոյութիւն  Ունեցող Նոր Իրողութիւնները Չընդունի»

Քրեմլին Այսօր Պոլսոյ Մէջ Նախատեսուած Ուքրանիոյ Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Բեկում Չի Նախատեսեր

Քրեմլին յայտարարեց. «Պոլսոյ մէջ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններու նոր փուլին մէջ բեկում մը չենք նախատեսեր»` նշելով. «Ռուսիան մտադիր է աշխատանք տանիլ ուքրանական կարգաւորման մէջ իր շահերը երաշխաւորելու»: «Արեւմուտքը կ՛ուղղուի դէպի լարուածութիւններու մագլցում, ներառեալ հիւլէական, եւ Ռուսիան իր ազգային անվտանգութեան երաշխաւորման քայլեր կ՛որդեգրէ», ըսաւ Քրեմլին: Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, թէ Ուքրանիոյ նախկին պաշտպանութեան նախարար եւ ազգային անվտանգութեան ներկայ քարտուղար Ռուսթամ Ամիրով...

Page 76 of 882 1 … 75 76 77 … 882

Արխիւներ