Միջազգային

Ըստ Իսրայէլեան «Ուալլա»-ի.  Իսրայէլեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ  Իր Բռնագրաւած Հողերուն Մէջ Զինուորական  Գործողութիւն Մը Կը Ծրագրէ

Ըստ Իսրայէլեան «Ուալլա»-ի. Իսրայէլեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Իր Բռնագրաւած Հողերուն Մէջ Զինուորական Գործողութիւն Մը Կը Ծրագրէ

Իսրայէլեան բանակը հարաւային Սուրիոյ իր բռնագրաւած հողերուն մէջ լայնածաւալ գործողութիւն մը կը ծրագրէ` այս շրջանէն 7 հոկտեմբերին Համասի կողմէ շղթայազերծուածին նման բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքին վրայ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու, իսրայէլեան բանակի դիրքերու եւ պարեկութիւն կատարող ուժերու դէմ «համաշխարհային ժիհատի գործիչներու եւ պետեւիներու կողմէ» յարձակումներու շղթայազերծման հաւանականութեան պատճառով: Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը նշեց, թէ իսրայէլեան բանակին մէջ հետզհետէ կը մեծնայ վախը Իսրայէլի անցեալ...

Զաթուլին. «Ռուսիոյ Մէջ Վերջապէս Հասկցան`  Ազրպէյճանը Այն Չէ, Ինչ Որ Կը Փորձէր Ինքզինք  Ներկայացնել Մոսկուայի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ»

Զաթուլին. «Ռուսիոյ Մէջ Վերջապէս Հասկցան` Ազրպէյճանը Այն Չէ, Ինչ Որ Կը Փորձէր Ինքզինք Ներկայացնել Մոսկուայի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ»

Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեան սրման հիմնական արդիւնքը այն է, որ Մոսկուայի մէջ վերջապէս գիտակցած են, թէ Պաքուն այն չէ, ինչ որ կը ներկայացնէր ինքզինք: Այս մասին ռուսական «Լենթա» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Տումայի ԱՊՀ-ի հարցերու յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին: «Այս մագլցումի հետեւանքները կրնան տարբեր ըլլալ: Սակայն գլխաւոր արդիւնքը, որ շատոնց պէտք էր արձանագրուէր, այն է, թէ...

Բրիտանական «Անկլօ Էյժըն Մայնինկ»-ը Սկսած Է  Արցախի Կաշէնի Հանքին Մէջ Պղինձի Արտահանումը

Բրիտանական «Անկլօ Էյժըն Մայնինկ»-ը Սկսած Է Արցախի Կաշէնի Հանքին Մէջ Պղինձի Արտահանումը

Բրիտանական «Անկլօ Էյժըն Մայնինկ» ընկերութիւնը, որ կը զբաղի Ազրպէյճանի մէջ ոսկիի, արծաթի եւ պղինձի արդիւնահանումով, սկսած է բռնագրաւեալ Արցախի Կաշէնի պղինձի հանքավայրին մէջ պղինձի արտահանումը: Այս մասին կը հաղորդէ ընկերութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Անկլօ Էյժըն Մայնինկ»-ը կը յայտարարէ Տեմիրլիի (Կաշէն «Ա.») պղինձի հանքին մէջ շահագործման յանձնման եւ առաջին արտադրութեան մեկնարկը: Հանքի շահագործման յանձնումը կը շարունակուի, եւ արտադրութեան աճը կը նախատեսուի տարուան...

Քաց. «Հըզպալլայի Եւ Լիբանանի Դէմ Խաղի  Կանոնները Փոխելու Պահուն Շատ Մօտ Ենք»

Քաց. «Եմէնի Ճակատագիրը Իրանի Ճակատագիրն Է»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Ուժեղ կերպով կը գործենք Եմէնի մէջ հուսիներու ենթակառոյցներու վերաշինութեան փորձը արգիլելու համար»: «Եմէնի ճակատագիրը Իրանի ճակատագիրն է, եւ հուսիները սուղ գին պիտի վճարեն Իսրայէլի վրայ հրթիռներու արձակման համար», նշեց Քաց: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ յայտարարեց. «Եմէնի Հտէյտա նաւահանգիստին մէջ հուսիներու թիրախներ յարձակումի կ՛ենթարկենք»: Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց. «Եմէնի Հտէյտա նաւահանգիստին մէջ թիրախաւորեցինք նաւեր եւ...

Ուրբաթ Օր Պոլսոյ Մէջ Իրան-Եւրոպական  Եռեակ Բանակցութիւններ

Ուրբաթ Օր Պոլսոյ Մէջ Իրան-Եւրոպական Եռեակ Բանակցութիւններ

Իրանի իշխանութիւնները յայտնեցին, թէ համաձայնած են ուրբաթ օր Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ հետ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ նոր բանակցութիւններ վարել: Այս մասին հաղորդեց Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը: Պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնած է. «Ընդառաջելով եւրոպական պետութիւններու դիմումին` Իրան համաձայն գտնուեցաւ համապարփակ հասարակաց աշխատանքի ծրագիրի անդամ եւրոպական երեք պետութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութիւններու նոր...

Պաքուն Ռուսիոյ Դէմ Միջազգային  Դատարան Պիտի Դիմէ

Պաքուն Ռուսիոյ Դէմ Միջազգային Դատարան Պիտի Դիմէ

Ազրպէյճան կը պատրաստուի միջազգային դատարան դիմելու` անցեալ տարեվերջին ջախջախուած օդանաւի հարցով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` կրկին ընդգծելով, թէ օդանաւային արկածին պատասխանատուն Ռուսիան է: Ալիեւ արձագանգելով Ստեփանակերտի մէջ լրատուամիջոցներու համախմբումի մասնակիցներէն մէկուն պնդած է, թէ Ազրպէյճան այս ողբերգութիւնը պիտի չմոռնայ, քանի դեռ «մեղաւորները չեն ընդունած իրենց մեղքը, չեն պատժած պատասխանատուները եւ...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Սպիտակ Տունը Մտահոգուած Է Նեթանիահուի  Ապակառուցողական Գործողութիւններով

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Սպիտակ Տունը Մտահոգուած Է Նեթանիահուի Ապակառուցողական Գործողութիւններով

Երբ Սուրիոյ նախագահական պալատին վրայ սկսան պտտիլ ծուխի եւ բեկորներու ամպերը, Արեւմուտքի մէջ խօսակցութիւնները աւելի բարձր դարձան. Պենիամին Նեթանիահուն վերահսկողութենէ դուրս եկած է: Այս մասին կը գրէ «Աքսիոս»: «Պիպին խելագարի պէս կը վարուի: Ան անընդհատ ամէն ինչ կը ռմբակոծէ: Ասիկա կրնայ խաթարել այն, ինչ որ կը փորձէ Թրամփը ընել», «Աքսիոս»-ին ըսած է Սպիտակ տան պաշտօնատարներէն մէկը: Ամերիկացի բարձրաստիճան այլ պաշտօնատար...

Էրտողան. «Շարհ Իր Երկրի Վերջին  Զարգացումներուն Նկատմամբ Վճռական Կեցուածք  Որդեգրեց Եւ Որեւէ Զիջում Չկատարեց»

Էրտողան. «Շարհ Իր Երկրի Վերջին Զարգացումներուն Նկատմամբ Վճռական Կեցուածք Որդեգրեց Եւ Որեւէ Զիջում Չկատարեց»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ իր երկրին մէջ վերջին զարգացումներուն նկատմամբ վճռական կեցուածք որդեգրեց եւ որեւէ զիջում չկատարեց»: «Իսրայէլ կը շարունակէ իր սադրանքները, եւ շրջանին մէջ կայունութիւն չ՛ուզեր, եւ կը կարծէ, թէ ամբողջական Սուրիա մը ի շահ իրեն պիտի չըլլայ», նշեց Էրտողան:

Քրեմլին. «Սեպտեմբերին Կրնայ Փութին-Թրամփ  Հանդիպում Տեղի Ունենալ,  Եթէ Թրամփ Չինաստան Այցելէ»

Քրեմլին. «Սեպտեմբերին Կրնայ Փութին-Թրամփ Հանդիպում Տեղի Ունենալ, Եթէ Թրամփ Չինաստան Այցելէ»

Քրեմլին յայտնեց. «Հաւանական է, որ սեպտեմբերին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպում տեղի ունենայ, եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը Չինաստան այցելէ»:

Սուէյտայի Մէջ Զինադադար Յայտարարուեցաւ

Սուէյտայի Մէջ Զինադադար Յայտարարուեցաւ

Սուրիոյ նախագահութիւնը Սուէյտայի մէջ «ամբողջական եւ անմիջական» զինադադար յայտարարեց` «սուրիացիներու կեանքերը խնայելու, սուրիական հողերուն ամբողջականութեան պահպանման եւ անոր ժողովուրդի անվտանգութեան նկատմամբ նախանձախնդրութենէն մղուած, եւ ընդառաջելով ազգային ու մարդկային պատասխանատուութեան»: Նախագահութիւնը բոլորը յորդորեց «սուրիական պետութեան, անոր հաստատութիւններուն եւ ուժերուն առիթ ընծայելու այս զինադադարը պատասխանատուութեամբ գործադրելու, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ կայունութեան հաստատումն ու արիւնահեղութեան դադրեցումը»: Սուրիոյ նախագահական պալատը բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` «ամբողջապէս...

Սահեր. «Շարհին Ճառը Նախայարձակ  Ժիհատականներուն Աջակցութեան  Ցուցադրութիւն Էր»

Սահեր. «Շարհին Ճառը Նախայարձակ Ժիհատականներուն Աջակցութեան Ցուցադրութիւն Էր»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր նշեց. «Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի ճառը նախայարձակ ժիհատականներուն աջակցութեան ցուցադրութիւն էր, եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է երաշխաւորէ Սուրիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն անվտանգութիւնն ու իրաւունքները»: «Պէտք է Սուրիոյ միջազգային ընտանիքին մէջ ընդունումը կապել փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան», ըսաւ իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:    

Ռուպիօ. «Անհրաժեշտ Է Դադրեցնել Հարաւային  Սուրիոյ Մէջ Բռնաբարումներն Ու Անմեղներու  Սպանութիւնները, Որոնք Տեղի Ունեցան  Եւ Տակաւին Տեղի Կ՛ունենան»

Ռուպիօ. «Անհրաժեշտ Է Դադրեցնել Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Բռնաբարումներն Ու Անմեղներու Սպանութիւնները, Որոնք Տեղի Ունեցան Եւ Տակաւին Տեղի Կ՛ունենան»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն Իսրայէլի, Յորդանանի եւ սուրիական իշխանութիւններուն հետ ուղղակի կերպով ներքաշուած է հարաւային Սուրիոյ մէջ ընթացող վտանգաւոր զարգացումներուն հարցով: Ռուպիօ կոչ ուղղեց` անմիջապէս դադրեցնելու շրջանին մէջ տիւրզիներու եւ պետեւիներու միջեւ ընթացող կռիւը: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ պէտք է դադրին բռնաբարումներն ու անմեղներու սպանութիւնները, «որոնք տեղի ունեցան եւ տակաւին տեղի կ՛ունենան»:

Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ

Պարրաք. «Նեթանիահու Եւ Շարհ Ամերիկեան Աջակցութեամբ Համաձայնեցան Զինադադար Հաստատելու»

Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք յայտնեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ ամերիկեան զօրակցութեամբ համաձայնեցան զինադադար հաստատելու»: Յիշեցնենք, որ իսրայէլեան օդուժը բուռն կերպով ռմբակոծած էր Սուէյտայի եւ Տահրայի մէջ գտնուող սուրիական կառավարական ուժերը եւ Դամասկոսի մէջ նախագահական պալատը, պաշտպանութեան նախարարութիւնն ու սուրիական բանակի սպայակոյտի կեդրոնատեղին: «Համաձայնեցուած զինադադարը որդեգրուեցաւ Թուրքիոյ,...

Թրամփ. «Իրան Կը Ձգձգէ Շատ Լուրջ Հարցի  Վերաբերեալ Որոշում Տալը. Մեզի Շատ Շուտ  Յստակ Պատասխան Պէտք Է»

Իրան-Եւրոպական Եռեակ Այս Շաբաթ Հիւլէական Բանակցութիւննե՞ր

Լաւատեղեակ աղբիւր մը իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Իրան եւրոպական եռեակին (Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, «Ա.») հետ հիւլէական բանակցութիւններուն սկսելու համաձայնութիւն գոյացուց»` աւելցնելով. «Տակաւին յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած բանակցութիւններուն վայրին վերաբերեալ որոշումը չվճռուեցաւ»:

Սուէյտայի Մէջ Զինադադարի Ամրապնդման  Կարելիութիւններուն Շուրջ Եռակողմ Հանդիպում

Սուէյտայի Մէջ Զինադադարի Ամրապնդման Կարելիութիւններուն Շուրջ Եռակողմ Հանդիպում

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի եւ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք շաբաթ օր Ամմանի մէջ գումարեցին ժողով մը` քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ զինադադարի ամրապնդման կարելիութիւները: Այս մասին հաղորդեց Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, թէ Սաֆատին, Շիպանին եւ Պարրաքը «համաձայնեցան Սուրիոյ աջակցելու գործնական քայլերու շուրջ, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ...

Քալիպաֆ. «Դամասկոսի Վրայ Իսրայէլեան  Յարձակումին Լոյսին Տակ Կը Շեշտենք, Թէ Իրան  Միշտ Սուրիացի Ժողովուրդին Կողքին Կը Կանգնի»

Քալիպաֆ. «Դամասկոսի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին Լոյսին Տակ Կը Շեշտենք, Թէ Իրան Միշտ Սուրիացի Ժողովուրդին Կողքին Կը Կանգնի»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտարարեց. «Դամասկոսի վրայ իսրայէլեան յարձակումին լոյսին տակ կը շեշտենք, թէ Իրան միշտ սուրիացի ժողովուրդին կողքին կը կանգնի»: «Սիոնական գոյացութիւնը շրջանին մէջ ամէն տեսակի խաղաղութեան, կայունութեան ու ազգային գերիշխանութեան թշնամին է, եւ միայն ուժի լեզուէն կը հասկնայ», նշեց Քալիպաֆ: Իրանի խորհրդարանի նախագահը ըսաւ. «Անցնող ամիսներուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ պաշտպանական կառոյցներու ռմբակոծումը, Դամասկոսի վրայ յարձակումը, բռնագրաւումը,...

Իր Սուրիացի Պաշտօնակիցին Հետ  Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին.  Ֆիտան Սուրիոյ Մէջ Կայունութեան  Հաստատման Նպաստելու Թուրքիոյ Պատրաստակամութիւնը Յայտնեց

Իր Սուրիացի Պաշտօնակիցին Հետ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին. Ֆիտան Սուրիոյ Մէջ Կայունութեան Հաստատման Նպաստելու Թուրքիոյ Պատրաստակամութիւնը Յայտնեց

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ անոր սուրիացի պաշտօնակից Ասաատ Շիպանիի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկած են Սուրիոյ մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումները: Ֆիտան նշած է, որ «Թուրքիան մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ զարգացումներուն եւ կարելի եղածին չափ շուտ կայունութեան հաստատումը կը...

Օրպան. «Հունգարիան Պիտի Չհաստատէ  Եւրոպական Միութեան Պիւտճէն, Որ Կազմուած Է  Մեկնելով Ուքրանիոյ Շահերէն»

Օրպան. «Հունգարիան Պիտի Չհաստատէ Եւրոպական Միութեան Պիւտճէն, Որ Կազմուած Է Մեկնելով Ուքրանիոյ Շահերէն»

Հունգարիան պիտի չընդունի Եւրոպական յանձնաժողովին կողմէ առաջարկուած Եւրոպական Միութեան 2028-2034 թուականներու պիւտճէի առաջարկը, որովհետեւ անիկա կը նախատեսէ Ուքրանիոյ հունգարական գումարի յատկացում: Այս մասին յայտարարած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան` Պրիւքսելին առաջարկելով Պուտափեշտի նախազգուշացումը լուրջ ընդունիլ: «Ես երբեք պիտի չընդունիմ Եւրոպական պիւտճէ մը, որ Ուքրանիոյ հունգարական գումար կ՛ուղարկէ: Ես երբեք պիտի չընդունիմ Եւրոպական Միութեան պիւտճէ մը, որ կը կործանէ հունգարացի ագարակապանները:...

Ռուպիօ. «Չինաստանի Հետ Շատ Դրական  Քննարկումներ Կատարեցինք»

Ռուպիօ. «Չինաստանի Հետ Շատ Դրական Քննարկումներ Կատարեցինք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, թէ Քուալա Լամփուրի մէջ չինական կողմին հետ «շատ շինիչ» քննարկումներ կատարած է: Ան նշեց, որ գոյութիւն ունին հարցեր, որոնք կողմերը միասնաբար պիտի քննարկեն: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը ձգտին վերականգնել Չինաստանի հետ առեւտրական յարաբերութիւններու հաւասարակշռութիւնը: «Այդ յարաբերութիւնները տասնամեակներով արդար չէին», նշեց Ռուպիօ: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին Չինաստանի...

Սուրիա Կը Զգուշացնէ Իր Ներքին Հարցերու  Իսրայէլեան Միջամտութիւններու Շարունակումէն

Սուրիա Կը Զգուշացնէ Իր Ներքին Հարցերու Իսրայէլեան Միջամտութիւններու Շարունակումէն

Սուրիոյ նախագահական պալատը զգուշացուց «մեր ներքին հարցերուն իսրայէլեան բացայայտ միջամտութիւններէն եւ անոնց պատճառելիք քաոսէն ու քանդումէն»: Նախագահական պալատը նշեց, թէ որոշած է զինուորական ուժերը հեռացնել Սուէյտա նահանգէն` ընդառաջելով ամերիկեան-արաբական միջնորդութեան` հանդարտեցման ջանքերուն առիթ ընծայելու համար: Սուրիոյ նախագահական պալատը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` աջակցելու սուրիական պետութեան կայունութեան վերահաստատման, զէնքերու տարածումը զսպելու եւ բոլոր հողերուն վրայ օրէնքը կիրարկելու ջանքերուն: Նախագահական պալատը բոլոր...

Page 77 of 882 1 … 76 77 78 … 882

Արխիւներ