Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պրիթիշ Փեթրոլիում»-ը Եւ Իտալական «Էնի ՍփԱ»-ն Ազրպէյճանէն Աղտոտած Քարիւղի Մատակարարման Մասին Կը Յայտարարեն

July 25, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան խողովակաշարով մատակարարուող քարիւղը աղտոտած է օրկանական նիւթեր պարունակող վառելանիւթով. այս քիմիական նիւթերը կ՛օգտագործուին հում քարիւղի արտահանումը մեծցնելու համար: «Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ քարիւղի մեծագոյն արտահանող «Պրիթիշ Փեթրոլիում» ընկերութիւնը:

Բրիտանական ընկերութիւնը յայտարարած է, որ բացայայտած է Ազրպէյճանէն քարիւղի առանձին առաքումներու առնչուած հաւանական աղտոտման խնդիրները:

Աղտոտման վերագրուող օրկանական նիւթերը քիմիական նիւթեր են, որոնք զգալի քանակութեան պարագային, կրնան վնասել քարիւղի վերամշակման գործարաններուն եւ սարքերուն:

«Պի.Թի.Սի.» ընկերութիւնը տեղեկացուած է Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան խողովակաշարով մատակարարուող որոշ հում քարիւղի բեռնափոխադրութիւններուն մէջ օրկանական նիւթերու առնչուած որակի հաւանական խնդիրի մասին», յայտնած է «Պրիթիշ փեթրոլիում»:

«Պի.Թի.Սի.» ընկերութիւնը ներկայիս կը գնահատէ հում քարիւղի որակը խողովակաշարի երկայնքին գտնուող բոլոր տեղերուն մէջ», աւելցուցած է բրիտանական ընկերութիւնը:

Իտալական «Էնի ՍփԱ»-ն նոյնպէս յայտարարած է, որ աղտոտած քարիւղ գնած է: Ընկերութիւնը յայտարարած է, որ աղտոտած քարիւղը յայտնաբերած է ներքին ստուգումներու ժամանակ:

«Այժմ մեր համակարգեր մտնող քարիւղը պիտի մշակուի պատշաճ կերպով` առանց շրջակայ միջավայրի, առողջութեան կամ անվտանգութեան համար վտանգներու», շեշտած է «Էնի»-ի բանբերը:

Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան խողովակաշարին միջոցով ազրպէյճանական քարիւղը կ՛արտահանուի Թուրքիա: «Պլումպըրկ» կը նշէ, որ տարեսկիզբէն այդ խողովակաշարին միջոցով օրական շուրջ 575.000 տակառ հում քարիւղ առաքուած է: Ղազախստան եւս այս խողովակաշարով քարիւղ կ՛արտածէ:

Նախորդը

Զախարովա. «Մոսկուան Կը Տեսնէ Շրջանին Մէջ Փոխադրամիջոցային Շրջափակման Վերացման Հոլովոյթին Միջամտելու Ուաշինկթընի Փորձերը»

Յաջորդը

Ըստ «Հիւրրիէթ»-ի. Թուրքիան Եւ Սուրիան Զինուորական Համագործակցութեան Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրեն

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.