Թուրքիան եւ Սուրիան կը պատրաստուին զինուորական համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրելու: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական կառավարամէտ «Հիւրրիեթ» օրաթերթը:
Օրաթերթը չի նշեր, թէ փաստաթուղթի ստորագրումը ե՛րբ նախատեսուած է` նշելով, որ Անգարան եւ Դամասկոսը այս կարեւոր քայլը կը կատարեն Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ անվտանգութեան սպառնացող սպառնալիքներու լոյսին տակ:
«Հիւրրիեթ» կը յիշեցնէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նախապէս յայտարարած էր, թէ իր երկիրը Սուրիան ապակայունացնելու եւ զայն մասնատելու ծրագիրներ պիտի չարտօնէ:
Թրքական օրաթերթը նաեւ կը նշէ, թէ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Թուրքիայէն օգնութիւն խնդրած են: