Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց. «Նախարարը կը հետեւի Սուէյտայի մէջ զինուորական տարազ հագած անծանօթներու կողմէ ցնցիչ ոտնձգութիւններու մասին տեղեկութիւններուն»:
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան գրասենեակը նաեւ հաղորդեց, որ կազմուած է Սուէյտա քաղաքին մէջ ոտնձգութիւններու հարցով եւ անոնց հեղինակներուն շուրջ հետաքննութիւն կատարելու համար յանձնախումբը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք յայտնած է. «Սուրիական ուժերը Սուէյտա մուտք չգործեցին, եւ այդտեղ գործուած ահաւոր արարքները կառավարական ուժերուն կողմէ չեն կատարուած»:
«Ներկայ կառավարութեան իրատեսական այլընտրանքի չգոյութեան լոյսին տակ Սուրիոյ մէջ վտանգները շատ բարձր են», նշած է ան` աւելցնելով. «Այլընտրանքային ծրագիր չկայ, եւ եթէ սուրիական կառավարութիւնը ձախողի, ապա կայ մէկը, որ կը փորձէ զայն դիտաւորեալ կերպով տապալել. հարցումը այն է, թէ ինչո՞ւ»:
«Իսրայէլին ուղղած պատգամս է երկխօսութեան ձեռնարկել` մեղմացնելու համար Սուրիոյ մէջ սիւննի նոր ղեկավարութեան նկատմամբ իր մտավախութիւնը», աւելցուց ան:
«Ուաշինկթըն կրնայ պարկեշտ միջնորդի դեր կատարել եւ լուծել սուրիական վարչակարգին նկատմամբ իսրայէլեան որեւէ մտավախութիւն», նշեց ամերիկացի պատուիրակը:
«Կայունութեան, միասնականութեան, արդարութեան ու ներառականութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտելէ բացի սուրիական քաղաքական վարչակարգի ձեւը չենք թելադրեր», շեշտեց Պարրաք: