Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններու դէպքերու հետաքննութեան յանձնախումբը երէկ յայտարարեց, թէ 7 եւ 8 մարտին քաղաքայիններու դէմ լուրջ խախտումներ արձանագրուած են:
Յանձնախումբի բանբեր Եասեր Ֆարհան յայտնեց, թէ մամլոյ ասուլիսը ամփոփ է, մինչեւ որ նախագահութիւնը որոշէ իրաւական, արդարադատական, ապահովական, զինուորական եւ քաղաքական տեսակէտէ ինչպէ՛ս վարուիլ զեկուցումին մնացեալ տարրերուն հետ:
«Հաստատեցինք սպանութիւնը 1426 անձերու, որոնց շարքին քաղաքայիններ եւ նախկին զինուորականներ, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւն ստացանք 20 անհետ կորուածներու մասին, որոնց շարքին քաղաքայիններ եւ կառավարական ուժերու անդամներ: Խախտումները, հակառակ իրենց լայն տարողութեան, կազմակերպուած չեն», աւելցուց ան:
«Կարգ մը մեղսակիցներ գողութեան եւ թալանի աւազակախումբեր կազմեցին, իսկ ուրիշներ անձնական շահեր ապահովելու համար ձեւացան զինուորականներ կամ ապահովական մարմիններու անդամներ ըլլալ», աւելցուց ան:
Ան նշեց, որ դէպքերու ընթացքին համայնքային դրդապատճառները վրէժի եւ ոչ թէ գաղափարական բնոյթի ունէին: