Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեզեշքիան. «Պատերազմ Չենք Ուզեր, Սակայն Պատրաստ Ենք Իսրայէլի Կողմէ Որեւէ Զինուորական Քայլի Եւ Զայն Դարձեալ Հարուածելու»

Յուլիս 24, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Պատրաստ ենք իսրայէլեան որեւէ զինուորական քայլի, եւ մեր ուժերը պատրաստ են Իսրայէլի խորքը դարձեալ հարուածելու»:

«Իսրայէլ մեզի ուժեղ հարուած հասցուց, եւ մենք անոր խորքը ուժեղ կերպով հարուածեցինք, սակայն ան իր կորուստները կը թաքցնէ: Իսրայէլ ուզեց Իրանը փոխել, զայն մասնատել ու ջնջել քաոսի եւ վարչակարգը հարուածելու ճամբով, սակայն ձախողեցաւ», նշեց Իրանի նախագահը:

Փեզեշքիան «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Պատերազմ չենք ուզեր, եւ բացարձակապէս զինադադարին չենք վստահիր, սակայն ուժեղ կերպով մենք մեզ կը պաշտպանենք»:

«Իսրայէլ կ՛արգիլէ մեր հրթիռային հարուածներու յաջողութեան մասին որեւէ խօսակցութիւն, սակայն պատերազմը դադրեցնելու անոր պահանջը շատ խօսուն է», ըսաւ ան:

Փեզեշքիան պնդեց. «Իրան չյանձնուեցաւ եւ պիտի չյանձնուի, եւ ասիկա բոլորին յստակ է, սակայն դիւանագիտութեան ու երկխօսութեան կը հաւատանք»` յիշեցնելով. «Նախապէս չէ պատահած, որ շրջանի պետութիւնները Իրանին աջակցող կեցուածք որդեգրած են, ինչպէս վերջին պատերազմի ընթացքին կատարեցին»:

«Մենք ամբողջովին կը մերժենք հիւլէական զէնքի ձեռքբերումը, եւ ասիկա մեր քաղաքական, կրօնական, մարդկային եւ ռազմավարական դիրքորոշումն է: Մեր հողին վրայ իւրանիոմի հարստացումը ապագային պիտի շարունակուի` միջազգային կանոններու ծիրին մէջ», աւելցուց Իրանի նախագահը:

«Յառաջիկայ որեւէ բանակցութիւն պէտք է «յաղթող-յաղթող» տրամաբանութեան համաձայն ըլլայ: Սպառնալիք եւ ցուցմունքներ պիտի չընդունինք», շեշտեց ան:

«Այն խօսքը, թէ մեր հիւլէական ծրագիրը վերջ գտած է, պատրանք է, որովհետեւ մեր հիւլէական կարողութիւնները մեր գիտնականներու միտքին մէջ են եւ ոչ թէ կառոյցներուն», նշեց Իրանի նախագահը:

«Մենք ամբողջովին պատրաստ ենք  մեր արաբ դրացիներուն եւ շրջանի մնացեալ պետութիւններուն հետ հաւաքական անվտանգութեան միացեալ հայեցակարգ մշակելու», ըսաւ ան:

Փեզեշքիան նաեւ նշեց. «Մենք Քաթարի պետութեան վրայ յարձակում չգործեցինք, եւ ատիկա չենք կրնար ընել, որովհետեւ մեզի եղբայր է, եւ անոր ժողովուրդը մեր եղբայրն է, եւ ամէն բանի մէջ անոր կ՛աջակցինք: Քաթարը կամ քաթարցիները չթիրախաւորեցինք, այլ յարձակում գործեցինք Ամերիկայի այն ռազմակայաններուն վրայ, որոնք մեր երկիրը ռմբակոծեցին»` աւելցնելով. «Կը գիտակցինք քաթարցիներուն տեղի ունեցածին նկատմամբ զգացումին ու դիրքորոշման, այդ պատճառով ալ հեռաձայնով խօսեցայ եղբօրս` Քաթարի իշխանին հետ»:

Նախորդը

Թեհրանի Մէջ Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Իրան-Ռուսիա-Չինաստան Բանակցութիւններ

Յաջորդը

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Այսօր Միացեալ Նահանգներ – Իսրայէլ – Սուրիա Եռակողմ Ժողով` Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Փոխհասկացողութիւններու Քննարկման Համար

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?