Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատի` Ներկայացուցիչներու տան ելեւմուտքի յանձնախումբը երկարաձգեց «Սիզըր» օրէնքը եւ անոր մէջ ներառեց նոր պայմաններ, զորս պէտք է օրէնքի ստորագրումէն ետք երկու տարի գործադրել:
Օրինագիծը հետագային վերջնական քուէարկութեան համար պիտի ներկայացուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին:
Օրինագիծը ներկայացուած էր Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի Միջին արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի հարցով ենթայանձնախումբի նախագահ հանրապետական Մայք Լոլըրի կողմէ:
Օրինագիծին նպատակը վերատեսութեան ենթարկելն է դրամատնային սահմանափակումները եւ ամրապնդել դրամներու լուացման դէմ պայքարի կարողութիւնը:
Անիկա «Սիզըր» օրէնքը վերջնականապէս ջնջելու համար մարդու իրաւունքներուն առնչուած պայմաններ կը ճշդէ:
Օրինագիծը կը ներառէ պատժամիջոցներէն զերծ կացուցման ժամանակը 180 օրէն մինչեւ երկու տարի երկարաձգում եւ կը նախատեսէ ամբողջապէս վերջ տալ «Սիզըր» օրինագիծին, եթէ ամերիկեան վարչակազմը վստահ ըլլայ, թէ սուրիական կառավարութիւնը երկու իրերայաջորդ տարիներ կամ մինչեւ 2029 թուականի վերջը յարգած է ճշդուած պայմանները:
Օրինագիծը նաեւ կը բովանդակէ կէտ մը, որ ամերիկեան վարչակազմին կը պարտաւորեցնէ Քոնկրեսին զեկուցել Սուրիոյ կեդրոնական դրամատան տրամադրուած կազմակերպական եւ գործնական դիւրութիւններուն մասին: