Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թայլանտ-Քամպոտիա Սահմանային Բախում

July 25, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան Թայլանտի եւ Քամպոտիոյ սահմանին տեղի ունեցած է զինեալ բախում:

Թայլանտի բանակին տուեալներով` քամպոտիական զօրքերը կրակ բացած են, վիրաւորելու թայլանտցի երկու զինուոր: Քամպոտիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը իր կարգին յայտարարած է, որ իրենց զօրքերը պատասխան քայլերու ձեռնարկած են միայն ինքնապաշտպանութեան համար:

Թայլանտի իշխանութիւնները կը յայտնեն, թէ Քամպոտիան հրետանի օգտագործած է: Թայլանտի Սուրին նահանգի Քապչայինկ շրջանի ղեկավար սութթիրոթ Չարոյենթանասաք «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան ըսած է, որ ռումբ մը ինկած է տան մը վրայ, այդ պատճառով ալ երկու մարդ զոհուած է:

Թայլանտի բանակը օդ բարձրացուցած է «Էֆ-16» հալածիչներ: Թայլանտի բանակը կը նշէ, որ օդանաւերէն մէկը կրակ բացած է Քամպոտիոյ տարածքին վրայ եւ ոչնչացուցած զինուորական թիրախ մը: Երկիրը փակած է Քամպոտիոյ հետ բոլոր սահմանային անցակէտերը:

Քամպոտիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը դատապարտած է «Թայլանտի անխոհեմ եւ դաժան զինուորական յարձակումը»: «Ռոյթըրզ» կը հաստատէ, որ թայլանտական բանակը իսկապէս օդուժ կիրարկած է:

Քամպոտիոյ նախկին վարչապետ Հուն Սեն քաղաքացիներուն կոչ ուղղած է հանդարտ մնալու:

«Մենք բոլոր քամպոտիացիներուն կոչ կ՛ուղղենք` վստահելու մեր կառավարութեան եւ զինեալ ուժերուն, որոնք կը գտնուին առջեւի գիծին վրայ… Մենք բոլորէն կը խնդրենք… պահպանել հանդարտութիւնը եւ սովորականին պէս շարունակել իրենց ամէնօրեայ գործը», ընկերային ցանցերու վրայ գրած է Սեն:

Քամպոտիա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ պահանջեց` քննարկելու համար Թայլանտի հետ սահմանային բախումները:

 

Նախորդը

Ուքրանիոյ Մէջ Զելենսքիի Ստորագրած Վիճայարոյց Օրինագիծին Մէջ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Յաջորդը

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Բացումը Մեծ Նշանակութիւն Ունի, Պիտի Ամրապնդէ Միջին Միջանցքը» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.