Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ իր սալվատորցի պաշտօնակից Ալեքսանտրա Հիլի հետ Անգարայի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ կը դժկամի իր շուրջ կայուն երկիր մը տեսնել եւ մտադիր Սուէյտա նահանգին մէջ բռնարարքներուն ճամբով Սուրիան մասնատել: Այս մասին հաղորդեց թրքական «Տէյլի Սապահ»-ը:
Ֆիտան ըսաւ, որ Իսրայէլ կը ձգտի «իր կարգավիճակը պահպանելու համար շրջանը քաոսի մատնել», եւ Սուէյտայի մէջ անկարգութիւնները «ատոր արտացոլացումն են»:
«Իբրեւ Թուրքիա, մենք բնաւ չենք կրնար լուռ մնալ այդպիսի քայլի մը նկատմամբ», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը` շեշտելով, որ տիւրզիներու եւ պետեւիներու միջեւ բախումները կարելի էր կանխարգիլել միայն Սուրիոյ կեդրոնական կառավարութեան զինուորական միջամտութեամբ:
Ֆիտան խօսքը Իսրայէլին ուղղելով զգուշացուց. «Եթէ փորձէք (Սուրիան) մասնատել եւ ապակայունացնել, այդ քայլը մեր ազգային անվտանգութեան ուղղակի սպառնալիք պիտի նկատենք եւ պիտի միջամտենք»: