Քրեմլին յայտարարեց. «Պոլսոյ մէջ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններու նոր փուլին մէջ բեկում մը չենք նախատեսեր»` նշելով. «Ռուսիան մտադիր է աշխատանք տանիլ ուքրանական կարգաւորման մէջ իր շահերը երաշխաւորելու»:
«Արեւմուտքը կ՛ուղղուի դէպի լարուածութիւններու մագլցում, ներառեալ հիւլէական, եւ Ռուսիան իր ազգային անվտանգութեան երաշխաւորման քայլեր կ՛որդեգրէ», ըսաւ Քրեմլին:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, թէ Ուքրանիոյ նախկին պաշտպանութեան նախարար եւ ազգային անվտանգութեան ներկայ քարտուղար Ռուսթամ Ամիրով պիտի գլխաւորէ այսօր Պոլսոյ մէջ նախատեսուած Ռուսիոյ հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ ուքրանական պատուիրակութիւնը: