Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են դարձեալ հարուածելու Իրանի հիւլէական կառոյցները, եթէ ատիկա անհրաժեշտ ըլլայ: Այս մասին ան գրած է «Թրութ Սոշըլ» ընկերային հարթակին վրայ` արձագանգելով Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի այն յայտարարութեան, թէ յունիսին կատարուած ամերիկեան հարուածներուն պատճառով Իրանի հիւլէական կառոյցներուն լուրջ վնաս հասցուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Իրանինթլ» կայքը:
«Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին` Իրանի հիւլէական կառոյցներու մասին. «Վնասը շատ լուրջ է, անոնք ոչնչացուած են»: Ի հարկէ` այդպէս է, ինչպէս ես ըսած էի, եւ եթէ պէտք ըլլայ, մենք դարձեալ ատիկա պիտի ընենք», գրած է Թրամփ:
Ան նաեւ քննադատած է «Սի.Էն.Էն.»-ը` կեղծ տեղեկութիւններ տարածելու համար, ըստ որոնց, Միացեալ Նահանգներու հարուածները ամբողջութեամբ չեն վնասած Իրանի հիւլէական ծրագիրին:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Արաղչի ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին հաստատած է. «Մեր կառոյցները վնասուած են, լրջօրէն վնասուած… Ինչքանով ինծի յայտնի է` անոնք լուրջ վնասներ կրած են», ըսած է ան:
Բայց եւ այնպէս, Արաղչի ընդգծած է, որ Իրան պիտի չհրաժարի իւրանիոմի հարստացման ծրագիրէն` զայն կոչելով ազգային հպարտութեան հարց:
«Մեր հարստացման ծրագիրը չափազանց թանկ է մեզի համար: Մենք չենք կրնար անկէ հրաժարիլ, որովհետեւ անիկա մեր գիտնականներու ձեռքբերումն է, եւ հիմա` աւելին, անիկա դարձած է ազգային արժանապատուութեան հարց», ըսած է իրանեան դիւանագիտութեան պետը: