Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիոյ Մէջ Զելենսքիի Ստորագրած Վիճայարոյց Օրինագիծին Մէջ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

July 25, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայրաքաղաք Քիեւի եւ Ուքրանիոյ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ 23 յուլիսի երեկոյեան Փտածութեան դէմ պայքարի ազգային գրասենեակի եւ Փտածութեան դէմ պայքարի մասնագիտացած դատախազութեան անկախութիւնը սահմանափակող օրէնքի դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակուած են: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ն:

Օրէնքը Գերագոյն ռատային կողմէ որդեգրուած է 22 յուլիսին: Այդ երեկոյեան, հակառակ բողոքի ցոյցերուն, օրինագիծը ստորագրուած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի կողմէ:

23 յուլիսին քանի մը հազար մարդ հաւաքուած է Քիեւի մէջ` Իւան Ֆրանքոյի հրապարակին վրայ, Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի շէնքէն ոչ հեռու:

Ցուցարարները կը պահանջէին պաշտպանել Ուքրանիոյ փտածութեան դէմ պայքարի մարմինները միջամտութենէն եւ ճնշումներէն: Անոնք կը վանկարկէին «ամօ՛թ», «Ջնջե՛լ» եւ այլ նմանատիպ կարգախօսներ:

«Ըստ լրատուամիջոցներուն, հաղորդագրութիւններուն, 23 յուլիսին նմանատիպ ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Զափորոժիէի, Խարքովի, Չեռնովցիի, Տնեփրի, Նիքոլայեւի, Լվովի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Կը հաղորդուի, որ ատոնց աջակցած են բազմաթիւ երիտասարդներ: Բացի ատկէ, բողոքի ցոյցերուն միացած են հասարակական գործիչներ, նախկին զինուորներ եւ նախկին պատերազմական գերիներ:

Ուքրանիոյ մէջ Փտածութեան ազգային գրասենեակի եւ Փտածութեան դէմ պայքարի մասնագիտացուած դատախազութեան անկախութիւնը սահմանափակող օրէնքի որդեգրումը սուր քննադատութեան արժանացած է նաեւ միջազգային գործընկերներու կողմէ:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյէնը Զելենսքիէն այս վերաբերեալ «բացատրութիւններ» պահանջած է: «Նախագահ Ֆոն Տեր Լեյեն իր խոր կասկածները յայտնած է այս փոփոխութիւններու հետեւանքներուն առնչութեամբ եւ Ուքրանիոյ կառավարութենէն բացատրութիւն խնդրած», 23 յուլիսին յայտնած է Եւրոպական յանձնաժողովի մամլոյ քարտուղարը:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ իր կարգին յայտարարած է, թէ Ուքրանիոյ փտածութեան դէմ պայքարի մարմիններու անկախութեան սահմանափակումը «կը դժուարացնէ Ուքրանիոյ դէպի Եւրոպական Միութիւն ճամբան»:

22 յուլիսին ուքրանացի պաշտօնատարները չեն արձագանգած քննադատութեան: սակայն 23 յուլիսին Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած է, թէ կառավարութիւնը վերլուծած է «բոլոր մտահոգութիւնները, բոլոր երեւոյթները, թէ ի՛նչ պէտք է փոխուի եւ ի՛նչ պէտք է ուժի մէջ մտնէ»:

Նոյն ժամանակ, պետութեան ղեկավարը խոստացած է Գերագոյն ռատայի քննարկման ներկայացնել օրինագիծ մը, որ պիտի բովանդակէ «փտածութեան դէմ պայքարի հիմնարկներու անկախութեան բոլոր արժեչափերը»:

 

Նախորդը

Ըստ «Հիւրրիէթ»-ի. Թուրքիան Եւ Սուրիան Զինուորական Համագործակցութեան Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրեն

Յաջորդը

Թայլանտ-Քամպոտիա Սահմանային Բախում

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.