Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հեռաձայնած է իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանին: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին երկու կողմերը քննարկած են Կազայի վրայ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումները եւ Սուրիոյ դէմ վերջին յարձակումները: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք Արապիք»:
Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները ընդգծած են Կազայի եւ շրջանին մէջ «իսրայէլեան բռնագրաւումի ոճիրները» դադրեցնելու շտապ քայլերու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկուած են Կազայի մէջ քաղաքայիններու դէմ յարձակումներու մագլցումը եւ Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան զինուորական յարձակումները:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը կոչ ուղղած է շտապ վեհաժողով մը գումարելու եւ ցեղասպանութիւնը դադրեցնելու ու Իսրայէլի` շրջանին մէջ պատերազմ յառաջացնելու փորձերուն դէմ դնելու համար շրջանային խորհրդակցական մեքանիզմ մը կեանքի կոչելու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին շեշտած է իսրայէլեան ոտնձգութիւնները դադրեցնելու համար իսլամական պետութիւններու կողմէ համակարգուած աշխատանքի մը անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր յայտնեց, որ Իրանի հետ ճակատամարտները տակաւին չեն աւարտած: