Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ ընդունած է Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճորճ Տիքը` Ազրպէյճանի մէջ անոր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով:
Պայրամով շնորհակալութիւն յայտնած է Տիքին իր արդիւնաւէտ աշխատանքին համար եւ յաջողութիւն մաղթած ապագայ գործունէութեան մէջ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ երկկողմանի եւ բազմակողմ համագործակցութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանային կացութիւնը: