«Միշտ Հաղորդագրութիւններ Կը Փոխանակենք Ամերիկեան Կողմին Հետ, Վերջին Փոխանակումը Կայացած Է Անցած 72 Ժամուան Ընթացքին» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան
Իրանի իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներուն հետ տեղեկատուութեան մնայուն փոխանակում կը կատարեն իրանեան հիւլէական ծրագիրի շուրջ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին վերականգնման վերաբերեալ: «Արմէնփրես», յղում կատարելով իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այդ մասին երէկ յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան: Ան նշած է, որ Իրան մշտապէս հաղորդագրութիւններ կը փոխանակէ ամերիկեան կողմին հետ, վերջին փոխանակումը կատարուած է անցած 72...




















