Իրանցի խումբ մը օրէնսդիրներ շատ կարծր արձագանգած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Ազրպէյճանի սահմաններէն դուրս ապրող հայրենակիցներու մասին յայտարարութիւններուն, զորս Թեհրանի մէջ ընկալած են իբրեւ Իրանի մէջ մեծաթիւ ազրպէյճանական բնակչութեան մասին յստակ ակնարկ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թեհրան Թայմզ»-ը:
Օրէնսդիր սէյիտ Ալպորզ Հուսէյնի Ազրպէյճանի նախագահին յիշեցուցած է այն փաստը, որ Կիւլիստանի պայմանագիրով Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը ստեղծուած է` առանձնանալով Իրանէն:
«Ազրպէյճանի նախագահը դիտարկումներ կատարած է թրքաբնակ տարածքներու մասին: Ես կ՛առաջարկեմ, որ ան կարդայ Կիւլիստանի պայմանագիրը, որպէսզի հասկնայ, թէ ո՛ր տարածքը առանձնացուած է որ տարածքէն: Դրացի պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան մասին այս արտայայտութիւնները յարիր չեն Ազրպէյճանի նախագահին», ըսած է Հուսէյնի:
Վերջինիս ըսածը հնչած է իբրեւ պատասխան Ալիեւի հակասական յայտարարութեան` Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 9-րդ վեհաժողովի ընթացքին:
«Թրքական աշխարհը բաղկացած է ո՛չ միայն անկախ թրքական պետութիւններէ, անոր աշխարհագրական սահմանները աւելի լայն են: Կը կարծեմ, որ ժամանակն է կազմակերպութեան ծիրին մէջ ուշադրութիւն դարձնելու այնպիսի խնդիրներու վրայ, ինչպիսիք են թրքական կազմակերպութեան անդամ երկիրներու սահմաններէն դուրս ապրող մեր հայրենակիցներու ձուլման կանխարգիլումը եւ իրաւունքներու, անվտանգութեան ու ազգային ինքնութեան պաշտպանութիւնը», Սամարղանդի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի ընթացքին ըսած է Ալիեւ:
«Թուրք երիտասարդ սերունդը պէտք է կարելիութիւն ունենայ մայրենի լեզուով սորվելու այն երկիրներուն մէջ, ուր կը բնակի: Ցաւօք, Ազրպէյճանի սահմաններէն դուրս բնակող 40 միլիոն ազրպէյճանցիներու մեծամասնութիւնը զրկուած է նման կարելիութենէ: Թրքական երկիրներու սահմաններէն դուրս բնակող մեր հայրենակիցներու ուսուցումը մայրենի լեզուով մշտապէս պէտք է ըլլայ կազմակերպութեան օրակարգին վրայ: Այդ ուղղութեամբ պէտք է անհրաժեշտ քայլեր կատարուին: Ազրպէյճանի պետութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ արտերկրի մէջ բնակող ազրպէյճանցիներու իրաւունքներու, ազատութիւններու եւ անվտանգութեան պաշտպանութեան: Մենք պիտի շարունակենք մեր ջանքերը, որպէսզի դառն ճակատագիրի բերումով Ազրպէյճան պետութենէն անջատուած մեր հայրենակիցները պահպանեն մեր լեզուն, աւանդութիւնները, մշակոյթը, հաւատարիմ մնան ազրպէյճանական գաղափարներուն եւ երբեք չխզեն կապերը իրենց պատմական հայրենիքին հետ», յայտարարած էր Ալիեւ:
Ասոր ի պատասխան Հուսէյնի ըսած է, որ Ալիեւի յայտարարութիւնները անիրատեսական են, եւ եթէ Կիւլիստանի պայմանագիրը չըլլար, Ազրպէյճան պիտի ըլլար Իրանի մաս:


