Միջազգային

«ՕԹԱՆ-ը Չի Կրնար Գոյատեւել Առանց Թշնամիի»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին  Գործոց Փոխնախարարը

«ՕԹԱՆ-ը Չի Կրնար Գոյատեւել Առանց Թշնամիի» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը

ՕԹԱՆ-ը կազմակերպութիւն մըն է, որ չի կրնար գոյատեւել առանց թշնամիի, եւ այսօր ալ նոր տարածքներ փնտռելով կը տեղաշարժուի դէպի Ասիա, դէպի Չինաստանի սահմաններ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ: «ՕԹԱՆ-ը այնպիսի կազմակերպութիւն է, որ չի կրնար առանց թշնամիի գոյատեւել: Առանց թշնամիի անիկա պիտի մեռնի: Ամէնէն կարեւորը թշնամիի կերպար ստեղծելն է` մօտենալով...

Իրանի Նոր Գերձայնային Թեւաւոր Հրթիռը Կրնայ  4 Վայրկեանէն Նուազ Ժամանակի Մէջ Հասնիլ Թել Աւիւ

Իրանի Նոր Գերձայնային Թեւաւոր Հրթիռը Կրնայ 4 Վայրկեանէն Նուազ Ժամանակի Մէջ Հասնիլ Թել Աւիւ

Իրան ստեղծած է նոր գերձայնային թեւաւոր հրթիռ, որ կրնայ խոցել յառաջադէմ օդային պաշտպանութեան վահանները եւ որոշակի թիրախներ, անիկա Իրանի արեւմտեան շրջաններէն արձակուելու պարագային կրնայ չորս վայրկեանէն նուազ ժամանակի մէջ հասնիլ Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւ: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Յեղափոխական պահակագունդի օդատիեզերական բաժինի ղեկավար Ամիր Ալի Հաժիզատէ: «Հրթիռը ունի մեծ արագութիւն եւ կրնայ խուսանաւել...

Ամերիկեան Հետախուզութեան Կարծիքով`  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Փորձած Են  Միջամտել Միացեալ Նահանգներու Քաղաքականութեան

Ամերիկեան Հետախուզութեան Կարծիքով` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Փորձած Են Միջամտել Միացեալ Նահանգներու Քաղաքականութեան

Ամերիկեան հետախուզութիւնը բացայայտած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները փորձած են միջամտել Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան: Այս մասին հաղորդեց «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը: Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու հետախուզութիւնը պատրաստած է գաղտնի զեկուցում, որուն մէջ մանրամասն ներկայացուած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ ամերիկեան քաղաքական համակարգը շահագործելու փորձերը: Փաստաթուղթը կարդացած քանի մը աղբիւրներ կը պնդեն, որ անիկա կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու...

Պոլսոյ Թաքսիմի Հրապարակին Վրայ  Պայթումի Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Պոլսոյ Թաքսիմի Հրապարակին Վրայ Պայթումի Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ պայթումի պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ: Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ պայթումը տեղի ունեցած է կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, երբ այդ շրջանին մէջ խճողումը հասած կ՛ըլլայ իր գագաթնակէտին: Պոլսոյ կառավարիչը «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով նշեց. «Թաքսիմի պայթումը շարք մը զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառեց»: Ըստ անոր, արձանագրուած է 4 զոհ եւ 38 վիրաւոր: Ըստ թրքական...

Դեմոկրատականները Պահպանեցին  Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Վրայ  Իրենց Վերահսկողութիւնը

Դեմոկրատականները Պահպանեցին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Վրայ Իրենց Վերահսկողութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատական կուսակցութիւնը պահպանեց Ծերակոյտին վրայ իր վերահսկողութիւնը, երբ դեմոկրատական թեկնածու Քաթրին Քորթեզ Մասթօ Նեւատայի մէջ յաղթանակ արձանագրելով վերընտրուեցաւ Ծերակոյտի անդամ: Այս մասին հաղորդեց ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ»-ը: Քաթրին Քորթեզ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Շնորհակալութիւն Նեւատա»: Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, ան ապահոված է քուէներուն 48,7 առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակիցը` հանրապետական Էտըմ Լաքսալթ ստացած է քուէներու 48,2 առ հարիւրը: Ուրբաթ օր «Էն.Պի.Սի.Նիուզ»...

«Եթէ Հանրապետականները Միացեալ Նահանգներու  Ծերակոյտին Մէջ Մեծամասնութիւն Դառնան,  Ամէն Բան Մեզի Համար Աւելի Դիւրին Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Եթէ Հանրապետականները Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Մէջ Մեծամասնութիւն Դառնան, Ամէն Բան Մեզի Համար Աւելի Դիւրին Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

«ԷՖ-16» օդանաւեր գնելու հարցը Թուրքիոյ համար «շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ», եթէ հանրապետականները ի վերջոյ վերահսկեն Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ շաբաթ օր այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Լրատու գործակալութիւնը կը մանրամասնէ, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան հոկտեմբերին խնդրած էր գնել 40 «Լոքհիտ Մարթին Քորփ ԷՖ-16» հալածիչներ եւ իր գործող պատերազմական օդանաւերուն համար շուրջ 80...

Ազրպէյճանի Բանակի Սպայակոյտի Պետը  Հանդիպած Է Միացեալ Նահանգներու  Դեսպանատան Զինուորական Կցորդին Հետ

Ազրպէյճանի Բանակի Սպայակոյտի Պետը Հանդիպած Է Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Զինուորական Կցորդին Հետ

Ազրպէյճանի փոխնախարար, բանակի սպայակոյտի պետ Քերիմ Վելիեւ Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան զինուորական կցորդ, գնդապետ Քայլ Մեթիու Քոնի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ազրպէյճանական կողմի պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, կողմերը քննարկած են «զինուորական, ռազմական-արհեստագիտական ռազմակրթական եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները»:  

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան  Հոլովոյթը Տակաւին Փխրուն Կը Մնայ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Հոլովոյթը Տակաւին Փխրուն Կը Մնայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը տակաւին փխրուն կը մնայ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Սամարղանդի մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 9-րդ վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը: «Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը տակաւին կը մնայ փխրուն` հակառակ Ազրպէյճանի բոլոր ջանքերուն: Մենք Ազրպէյճանի կողքին կանգնած ենք թէ՛ խաղաղութեան հասնելու հարցին մէջ, թէ՛ պայքարին մէջ», ըսած...

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Ընեն Այն,  Ինչ Որ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կայուն  Խաղաղութեան Հաստատման Համար  Ամէնէն Օգտակարը Կը Նկատեն»  Կ՛ըսէ Փրայս

Միացեալ Նահանգներ «Իրանի Հռետորաբանութեան» Լոյսին Տակ Կը Կանգնին Ազրպէյճանի Կողքին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Իրան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն` մեկնելով այն իրողութենէն, որ Թեհրան վերջերս յայտարարած էր, որ Իրանի մէջ ահաբեկչութիւն կատարած անձերէն մէկը Ազրպէյճանի քաղաքացի է: Պատասխանելով լրագրողի` «աճող հռետորաբանութիւն կայ նաեւ Իրանէն դէպի դրացի երկիրներ, ինչպիսին է Ազրպէյճանը: Անոնք վերջերս կը սպառնան: Անոնք նաեւ յայտարարութիւն մը կատարած են` մեղադրելով Ազրպէյճանը Իրանի տարածքին...

Ուքրանական Ուժերը Տասնեակ Բնակավայրերու  Վրայ Վերահսկողութիւն Հաստատած Են

Ուքրանական Ուժերը Տասնեակ Բնակավայրերու Վրայ Վերահսկողութիւն Հաստատած Են

Ռուսական ուժերու Խերսոն քաղաքէն նահանջէն ետք, Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը դարձեալ իրենց վերահսկողութեան տակ առած են շարք մը բնակավայրեր, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը Նիքոլայեւսքի մարզին մէջ գտնուող Սնիկիրիովքա քաղաքն է, որ կը գտնուի Խերսոն մարզի վարչական սահմանին մօտ: «Արմէնփրես»-ին համաձայն, վերջին մէկ օրուան ընթացքին ուքրանական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Խերսոնի եւ Նիքոլայեւսքի մարզերու 12 բնակավայրեր: Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը կը հաղորդեն...

Էրտողան Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Սոչիի  Հանդիպումի Արդիւնքներն  Ու Շրջանի Մէջ Կացութիւնը

Էրտողան Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Սոչիի Հանդիպումի Արդիւնքներն Ու Շրջանի Մէջ Կացութիւնը

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները քննարկած են Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումին արդիւնքները եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը: «Ազատութեան» համաձայն, այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը: Իլհամ Ալիեւն ու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կը գտնուին Սամարղանդ, ուր հինգշաբթի օր սկսած է Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովը:  

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարը  Ըսած Է, Որ Կրնան Իրանը Հարուածել

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարը Ըսած Է, Որ Կրնան Իրանը Հարուածել

Իսրայէլ Իրանը հարուածելու կարելիութիւն ունի, սակայն երկրին ղեկավարութիւնը պէտք է ուշադիր քննարկէ այս որոշումը, եթէ անհրաժեշտ նկատէ նման քայլի դիմել: «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց: «Իսրայէլը Իրանի մէջ գործելու կարողութիւն ունի: Մենք ունինք պատրաստակամութիւն, կարողութիւն եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներ: Մենք պէտք է պատրաստուինք այդ կարելիութեան, սակայն նաեւ պէտք է ուշադիր մտածենք...

Խօսելով Տնեփրի Աջ Ափէն Ռուսական  Բանակի Նահանջի Մասին`  «Մոսկուան Իր Բանակին Հետ  Իրական Խնդիրներ Ունի»  Կ՛ըսէ Պայտըն

Խօսելով Տնեփրի Աջ Ափէն Ռուսական Բանակի Նահանջի Մասին` «Մոսկուան Իր Բանակին Հետ Իրական Խնդիրներ Ունի» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ իր զօրքերը Տնեփր գետի արեւմտեան ափէն հեռացնելու Ռուսիոյ որոշումը ցոյց կու տայ, որ Մոսկուան իր բանակին հետ «իրական խնդիրներ» ունի: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Պայտըն լրագրողներուն ըսած է, որ հետաքրքրական է, որ Ռուսիան սպասած է մինչեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ընտրութիւններուն աւարտը, որպէսզի իր զօրքերու հեռացման մասին յայտարարէ: «Ատիկա կը վկայէ,...

Իրանը Եւ Ռուսիան Քննարկած Են Արեւմտեան  Գաղտնի Սպասարկութիւններու Կողմէ  Երկու Երկիրներու Ներքին Գործերուն  Միջամտութեան Հարցը

Իրանը Եւ Ռուսիան Քննարկած Են Արեւմտեան Գաղտնի Սպասարկութիւններու Կողմէ Երկու Երկիրներու Ներքին Գործերուն Միջամտութեան Հարցը

Իրանի անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի եւ Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ Թեհրանի մէջ քննարկումներ կատարած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Օրակարգի վրայ այլ նիւթերու կողքին եղած է «երկու երկիրներու ներքին գործերուն արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւններու միջամտութեան» հարցը: Փաթրուշեւ եւ Շամխանի համաձայնած են պատժամիջոցներու ճնշման պայմաններուն մէջ աշխուժացնել արտաքին առեւտրական կապերը եւ փորձառութեան փոխանակում կատարել տնտեսական...

Փութին Առցանց Պիտի Մասնակցի  Պալիի Մէջ «Քսաննեու Խմբակ»-ի  Վեհաժողովին

Փութին Առցանց Պիտի Մասնակցի Պալիի Մէջ «Քսաննեու Խմբակ»-ի Վեհաժողովին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անձամբ ներկայ պիտի չգտնուի «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովին, որ 15 նոյեմբերին պիտի սկսի Պալիի մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ինտոնեզիոյ ծովային եւ ներդրումային գործերու նախարար-համակարգողի մամլոյ քարտուղար Ճոտի Մահարատի խօսքերը: Վերջինիս համաձայն, կ՛ակնկալուի, որ իբրեւ ռուսական կողմի ներկայացուցիչ հանդիպումին ներկայ գտնուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Մահարատի նշած է, որ նաեւ կ՛ակնկալուի, որ...

Միացեալ Նահանգներու Եւ Բրիտանիոյ  Պաշտպանութեան Փոխնախարարները  Համաձայնած Են  Շարունակել Ուքրանիոյ Օգնել

Միացեալ Նահանգներու Եւ Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան Փոխնախարարները Համաձայնած Են Շարունակել Ուքրանիոյ Օգնել

Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Բրիտանիոյ գործողութիւնները Ուքրանիոյ օգնութիւն ցուցաբերելու հարցին մէջ եւ պատրաստ են ապագային շարունակելու այդ ուղղութեամբ համագործակցութիւնը: Փենթակոն կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան փոխնախարար Քեթլին Հիքս: «Փոխնախարար Հիքս շնորհակալութիւն յայտնած է Բրիտանիոյ անոր աւանդին (…) համար եւ խոստացած է շարունակել (Լոնտոնի հետ) սերտօրէն համագործակցիլ Ուքրանիոյ ապագայ պահանջները բաւարարելու գործին մէջ», կը նշուի Բրիտանիոյ պաշտպանութեան...

Իրանի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը  Սէուտական Դեսպանատան Դէմ Յարձակումին  Պատճառով Պաշտօնազրկեց  Թեհրանի Նահանգապետի Օգնականը

Իրանեան Հետախուզութիւնը Ռիատին Կոչ Կ՛ուղղէ` Չփորձելու Թեհրանի «Ռազմավարական Համբերութիւնը»

Իրանի իշխանութիւնները Սէուտական Արաբիոյ կոչ կ՛ուղղեն չփորձելու Թեհրանի «ռազմավարական համբերութիւնը իսլամական հանրապետութեան մէջ բողոքի մթնոլորտ ստեղծելու առնչուած»: Այս մասին յայտարարած է Իրանի հետախուզութեան նախարար սէյրիտ Էսմայիլ Խաթիպ: «Իրանի մէջ որեւէ անկայունութիւն կրնայ տարածուիլ նաեւ շրջանի երկրին մէջ: Մինչեւ հիմա Իրան ռազմավարական համբերութեամբ զինուած է, սակայն ան ոչ մէկ երաշխիք չի տար, որ զայն պիտի պահպանէ թշնամական գործողութիւններու շարունակման պարագային», ըսած...

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Աջակցին  Ուքրանիոյ` Անկախ Միջանկեալ  Ընտրութիւններու Արդիւնքէն»  Կ՛ըսէ Տանֆրիտ

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Աջակցին Ուքրանիոյ` Անկախ Միջանկեալ Ընտրութիւններու Արդիւնքէն» Կ՛ըսէ Տանֆրիտ

Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ համակողմանի օգնութիւն ցուցաբերել Քիեւին` անկախ Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններու արդիւնքներէն: Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Քարեն Տանֆրիտ: «Բաւական բեւեռացած երկրի մէջ ապրող ամերիկացիի տեսանկիւնէն ես ապշած եմ Ուքրանիոյ երկկուսակցական աջակցութեան մակարդակէն: Կը կարծեմ, որ մեր աջակցութիւնը պիտի շարունակուի», ըսած է ան: Ըստ Տանֆրիտի, կան որոշ ձայներ,...

Վառելանիւթով Բեռնաւորուած Սիթեռններու  Կարաւան Մը Պուքամալի Մէջ Օդային  Յարձակումի Ենթարկուեցաւ

Վառելանիւթով Բեռնաւորուած Սիթեռններու Կարաւան Մը Պուքամալի Մէջ Օդային Յարձակումի Ենթարկուեցաւ

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ անօդաչու թռչող սարք մը հարուածած է իրանեան վառելանիւթով բեռնաւորուած եւ Լիբանան ուղղուող 22 սիթեռններէ կազմուած կարաւանի մը մաս կազմող 2 սիթեռններ` նշելով. «Միացեալ Նահանգներ թիրախ դարձուցին իրանեան վառելանիւթով բեռնաւորուած, Լիբանան ուղղուող սիթեռններ. զոհեր չեն արձանագրուած»: Նախապէս հաղորդուած էր, որ երէկ արշալոյսին իրաքեան վառելանիւթով բեռնաւորուած շարք մը սիթեռններ սուրիական Պուքամալ շրջանին մէջ օդային յարձակումի ենթարկուած...

Չաւուշօղլու Նշած Է Սուրիոյ Հետ Դիւանագիտական  Հաղորդակցութիւններ Հաստատելու Պայմանը

Չաւուշօղլու Նշած Է Սուրիոյ Հետ Դիւանագիտական Հաղորդակցութիւններ Հաստատելու Պայմանը

Թուրքիան Սուրիոյ հետ դիւանագիտական հաղորդակցութիւններու հաստատումը պիտի քննարկէ համապատասխան պայմաններու գոյութեան պարագային: «Արմէնփրես» թրքական «Այտընլըք» օրաթերթին յղում կատարելով կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: «Սուրիոյ հարցին մէջ մենք կը պահպանենք սկզբունքային դիրքորոշումը չորս ռազմավարական նպատակներու հիման վրայ. երկրի միասնականութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը, ատոր անխախտ կայունութիւնը քաղաքական լուծման վրայ, մեր սահմաններուն մօտ ահաբեկչութեան...

Page 235 of 882 1 … 234 235 236 … 882

Արխիւներ