Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Ճանեթ Ելըն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ նոր պատժամիջոցներ պիտի հաստատեն անհատներէ եւ ընկերութիւններէ կազմուած անդրսահմանային ցանցի մը վրայ, որ աշխատանք կը տանի Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի ծիրին մէջ Ռուսիոյ զինուորական ճարտարագիտական սարքեր գնելու:
Ելըն Պալիի մէջ «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ լրագրողներու յայտնած է, որ պատժամիջոցներու պիտի ենթարկուին 14 անհատներ եւ 28 ընկերութիւններ, ներառեալ մեծահարուստներ, սակայն մերժեց անոնց գտնուած վայրին մասին տեղեկութիւններ փոխանցել եւ բաւարարուեցաւ նշելով, որ երկուշաբթի օր աւելի ուշ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի յայտարարուին:
«Ասիկա մաս կը կազմէ պատժամիջոցներու եւ արտածման սահմանափակումներու ճամբով Ռուսիոյ պատերազմական ջանքերը խափանելու մեր աւելի լայն ջանքերուն», աւելցուց ան: