Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Վերսկսած Է Իրաքի Հիւսիսը Ահաբեկչական Կառոյցներուն Դէմ Հարուածները

November 15, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը վերսկսած է հրետանային եւ հրթիռային հարուածները հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող այն կազմաւորումներու դիրքերուն, զորս Թեհրան ահաբեկչական կը նկատէ: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին հաղորդած է իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

ԻՐՆԱ-ի տեղեկութեամբ` երէկ Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային զօրքերը անօդաչուներու եւ հրթիռներու օգտագործումով հարուածներ հասցուցած են Իրաքի հիւսիսը գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներու կեդրոններուն: Նախապէս իրանեան «Շաֆաք Նիուզ» նորութիւններու կայքը հաղորդած էր, որ Իրանի զինեալ ուժերը երեք անօդաչուներու միջոցով հարուածած են «Քոմալա» կուսակցութեան Սուլէյմանիէ նահանգին մէջ գտնուող կեդրոնատեղին:

Իրանցի զինուորները նոյն ատեն երեք հրթիռ արձակած են իսլամական հանրապետութեան մէջ արգիլուած Իրանեան Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութեան Էրպիլ նահանգին մէջ գտնուող կեդրոնին դէմ: Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի իշխանութիւններուն տուեալներով` հրթիռակոծման պատճառով Էրպիլի մէջ զոհուած է առնուազն մէկ մարդ, իսկ ութ ուրիշներ վիրաւորուած են:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը 24 սեպտեմբերին սկսած էր Իրաքի մէջ տեղակայուած ահաբեկչական կազմաւորումներուն հարուածներ հասցնել: ԻՐՆԱ կը նշէ, որ գործողութիւններուն պատճառը այդ ուժերու` իսլամական հանրապետութեան մէջ կացութիւնը ապակայունացնելու փորձերն են:

Յեղափոխական պահակագունդը 8 հոկտեմբերին նախազգուշացուցած էր, որ պիտի վերսկսի հարուածել Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ անջատողականներու ռազմակայանները, եթէ նոր յարձակումներ կատարեն, ինչպէս նաեւ Պաղտատէն պահանջած էր «վերջ տալ հակաիրանեան խմբաւորումներու վայրագութիւններուն»:

 

 

Նախորդը

«ՕԹԱՆ-ը Չի Կրնար Գոյատեւել Առանց Թշնամիի» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը

Յաջորդը

Իրան Վերջին Քանի Մը Օրուան Մէջ 2-րդ Բողոքագիրը Յանձնած Է Ազրպէյճանի Դեսպանին

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.