Միջազգային

Ինտոնեզիոյ Մէջ 5,6 Աստիճան  Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ

Ինտոնեզիոյ Մէջ 5,6 Աստիճան Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ

Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցած է ուժգին երկրաշարժ մը, որուն պատճառով արձանագրուած են բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ տեղական իշխանութիւնները լրագրողներուն յայտնած են. «Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն, այս պահուն միայն այս հիւանդանոցին մէջ մահացած է շուրջ 20 մարդ, առնուազն 300 հոգի հիւանդանոցին մէջ դարմանուած է»: ԱՖՓ աւելի ուշ նշած է, որ զոհերուն թիւը առնուազն 44 է:...

«Մենք Չենք Կրնար Թուրքիոյ Ամերիկեան  Սպառազինութիւն Վստահիլ»  Կ՛ըսէ Փալոն

«Մենք Չենք Կրնար Թուրքիոյ Ամերիկեան Սպառազինութիւն Վստահիլ» Կ՛ըսէ Փալոն

Ամերիկեան «ԷՖ-16» հալածիչները պէտք չէ վաճառուին Թուրքիոյ: Այս մասին յայտարարած է ամերիկացի քոնկրեսական Ֆրանք Փալոն` դատապարտելով թրքական զինեալ ուժերու Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային հատուածներուն դէմ հարուածները: «Էրտողանը ռմբակոծած է քաղաքային ենթակառոյցներ, ներառեալ հիւանդանոց: Ահա պատճառ մը եւս, որ ես կ՛աշխատիմ արգելակել «ԷՖ-16» հալածիչներու Թուրքիոյ վաճառքը: Էրտողանի յարձակումի օրինակները ցոյց կու տան, որ մենք չենք կրնար ամերիկեան սպառազինութիւնը անոր վստահիլ», «Արմէնփրես»-ի...

Քաթարի Իշխանը Պաշտօնապէս Բացումը  Կատարեց Արաբական Աշխարհի Առաջին Մոնտիալին

Քաթարի Իշխանը Պաշտօնապէս Բացումը Կատարեց Արաբական Աշխարհի Առաջին Մոնտիալին

Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի երէկ Տոհայի մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարեց 2022-ի Մոնտիալին` նշելով. «Շատերու հետ միասնաբար աշխատեցանք եւ ամբողջ մարդկութեան բարիքին մէջ ներդրում կատարեցինք, եւ միասնաբար, եւ մեզի հետ ամբողջ աշխարհը, պիտի հետեւինք քաղաքակիրթ հաղորդակցութեան ֆութպոլային մեծ փառատօնին»: «Ի՜նչ գեղեցիկ է, երբ մարդիկ մէկ կողմ կը դնեն զիրենք իրարմէ առանձնացնողը, որպէսզի տօնեն իրենց բազմազանութիւնը եւ այն, ինչ...

Վիլայեթի. «Ազրպէյճանի Կամ Մէկ  Այլ Երկրի Դէմ Պատերազմ Շղթայազերծելու  Մտադրութիւն Չունինք»

Վիլայեթի. «Ազրպէյճանի Կամ Մէկ Այլ Երկրի Դէմ Պատերազմ Շղթայազերծելու Մտադրութիւն Չունինք»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտնեց, որ Իրանին ուղղուած ամբաստանութիւնները, թէ մտադիր է Ազրպէյճանի դէմ պատերազմ շղթայազերծել, «կեղծ մեղադրանքներ» են: Վիլայեթի իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրան մտադիր չէ Կովկասի մէջ դրացի որեւէ երկրի կամ որեւէ այլ երկրի դէմ  յարձակում գործել, եւ երբեք դրացի երկրի մը նկատմամբ ախորժակներ չէ ունեցած, ընդհակառակն, միշտ ալ մտածած է...

Թուրքիա Հիւսիսային Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ  «Սուրի Ճանկ» Գործողութեան Յաջող  Շարունակութիւնը Կը Յայտարարէ

Թուրքիա Հիւսիսային Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ «Սուրի Ճանկ» Գործողութեան Յաջող Շարունակութիւնը Կը Յայտարարէ

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը յաջողութեամբ օդային հարուածներ հասցուցած է հիւսիսային Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի մէջ «ահաբեկիչներու որջերուն»: Աքար հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ «Սուրի ճանկ» գործողութիւնը «յաջողութեամբ» կը շարունակուի` նշելով. «Մեծ յաջողութեամբ եւ ուղղակի հարուածներով քանդուած են ահաբեկիչներուն պատկանող որջեր, թաքստոցներ, փապուղիներ եւ պահեստանոցներ»: Թրքական օդուժը շաբաթ օր...

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացումը Մեր Գլխաւոր Առաջնահերթութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Մեր Գլխաւոր Առաջնահերթութիւնն Է» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի նշանակեալ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շաբաթ օր ակնարկած է, որ յառաջիկայ շրջանին իր գլխաւոր նպատակներէն մէկը Սէուտական Արաբիոյ հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելն է: Այս մասին հաղորդեց «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը: Իսրայէլեան օրաթերթը նշեց, որ Նեթանիահու «Զում»-ի ճամբով Լաս Վեկասի մէջ «Հրէական հանրապետական դաշինք»-ի ժողովի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Նպատակս աբրահամեան համաձայնագիրներուն նոր երկիրներ միացնելն է, մասնաւորաբար այլ երկիր մը»:...

Իսրայէլի Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան  Նախարարներուն Միջեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Իսրայէլի Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարներուն Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Անոնք քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդումը: Կանց շնորհակալութիւն յայտնած է իր պաշտօնակիցին` Թել Աւիւի մէջ դեսպանատուն բանալու Ազրպէյճանի որոշումին համար: Իսրայէլի գործող վարչապետ Եայիր Լափիտ «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը կ՛ողջունէ Իսրայէլի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատուն բանալու որոշումը`...

«ՕԹԱՆ-ի Մէջ Շատերը Կը Կարծեն,  Որ Թուրքիան Դաշինքին Համար  Անյարմար Կացութիւն Ստեղծած Է»  Կ՛ըսէ Ֆինլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«ՕԹԱՆ-ի Մէջ Շատերը Կը Կարծեն, Որ Թուրքիան Դաշինքին Համար Անյարմար Կացութիւն Ստեղծած Է» Կ՛ըսէ Ֆինլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Փեքա Հաավիսթոն յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ բազմաթիւ երկիրներ կը կարծեն, որ Թուրքիան Շուէտի եւ Ֆինլանտայի անդամակցութեան դիմումի վաւերացումը ձգձգելով դաշինքին համար անյարմար կացութիւն ստեղծած է: «Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, ապա նպատակը այն է, որ շատ շուտով յաջորդ եռակողմ հանդիպումը տեղի ունենայ Թուրքիոյ եւ Շուէտի հետ: Մենք առանձին չենք այս հարցին մէջ: ՕԹԱՆ-ի բազմաթիւ երկիրներ կացութիւնը...

Քրեմլին. «Հաստատօրէն Պետութիւն Մը  Մեղսակից Է «Հիւսիսային Հոսք»-ին Դէմ  Ահաբեկչական Յարձակումին»

Շուէտ «Նորտ Սթրիմ»-ի Խափանարարական Արարքի Ենթարկուած Ըլլալը Հաստատեց

Շուէտի ընդհանուր դատախազի գրասենեակը յայտարարեց. «Հաստատուեցաւ «Նորտ Սթրիմ» խողովակաշարի խափանարարական արարքի ենթարկուած ըլլալու իրողութիւնը. դէպքի վայրին մօտ պայթուցիկ նիւթերու մնացորդներ գտնուեցան: Հետաքննութիւնը շատ բարդ է, եւ ի յայտ եկածին համաձայն, տեղի ունեցածը բացայայտ խափանարարութիւն է»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Յիշեցնենք, որ ռուսական կազը Եւրոպա փոխադրող «Նորտ Սթրիմ-1» եւ «Նորտ Սթրիմ-2» խողովակաշարերը 26 սեպտեմբերին յարձակումի ենթարկուած էին: Օրին Գերմանիոյ...

«Պոլսոյ Մէջ Ահաբեկչական Գործողութիւն  Կատարելու Հրամանը Տրուեցաւ Մընպեժէն»  Կ՛ըսէ Սոյլու

«Պոլսոյ Մէջ Ահաբեկչական Գործողութիւն Կատարելու Հրամանը Տրուեցաւ Մընպեժէն» Կ՛ըսէ Սոյլու

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտնեց. «Մերսինի եւ Իսթիքլալ թաղի ահաբեկչական գործողութիւնները կատարուեցան հիւսիսային Սուրիոյ Մընպեժ քաղաքէն տրուած հրամաններով»: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ թուրք պաշտօնատար մը քանի մը օր առաջ ըսած է, թէ Թուրքիան հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի զինեալներու դէմ գործողութեան աւարտէն եւ Պոլսոյ մէջ մահաբեր պայթումէն ետք մտադիր է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թիրախներ հարուածել: «Այս տարուան...

Էրտողան Եւ Նեթանիահու Համաձայնեցան  Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու  Նոր Ժամանակաշրջան Սկսիլ

Էրտողան Եւ Նեթանիահու Համաձայնեցան Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Նոր Ժամանակաշրջան Սկսիլ

Թուրքիոյ նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իսրայէլի նշանակեալ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին նշած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հասարակաց շահերը յարգելու հիմամբ պահպանելու կարեւորութիւնը` ցաւ յայտնելով երկու օր առաջ Այսրյորդանանի մէջ արձանագրուած դէպքերուն համար: Նեթանիահու իր կարգին ցաւակցութիւն յայտնած է անցեալ կիրակի Պոլսոյ մէջ արձանագրուած պայթումին պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար: Նեթանիահուի ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով...

«Լեհաստանի Մէջ Ուքրանական Հրթիռի  Պատմութիւնը ՕԹԱՆ-ի Վերջի Սկիզբն Է»  Կ՛ըսէ Վոլոտին

«Լեհաստանի Մէջ Ուքրանական Հրթիռի Պատմութիւնը ՕԹԱՆ-ի Վերջի Սկիզբն Է» Կ՛ըսէ Վոլոտին

Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին յայտնեց. «Լեհաստանի մէջ ուքրանական հրթիռի պատմութիւնը Քիեւի օգնութեամբ անգամ մը եւս աշխարհին ցոյց տուաւ այս դաշինքին անկարողութիւնն ու ձախողութիւնը, եւ ասիկա ՕԹԱՆ-ի վերջի սկիզբն է»: Նշենք, որ Լեհաստանի նախագահ Անտրիէ Տոտա հինգշաբթի գիշեր յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչները չեն կրնար մասնակցիլ 15 նոյեմբերին Լեհաստանի հողերուն վրայ ինկած հրթիռի հարցին շուրջ հետաքննութեան, սակայն աւելցուց, որ անոնք կրնան...

«Ուքրանիան Եւ Լեհաստանը Փորձած Են  Բախում Հրահրել Ռուսիոյ  Եւ ՕԹԱՆ-ի Միջեւ Ուղղակի»  Կ՛ըսէ Նեպենզիա

«Ուքրանիան Եւ Լեհաստանը Փորձած Են Բախում Հրահրել Ռուսիոյ Եւ ՕԹԱՆ-ի Միջեւ Ուղղակի» Կ՛ըսէ Նեպենզիա

Ուքրանիան եւ Լեհաստանը` օգտագործելով սահմանին հրթիռներու իյնալը, փորձած են ուղղակի բախում հրահրել Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիան: «Եթէ հանդիպումը նախատեսուած չըլլար, ապա անիկա պէտք է հրաւիրուէր` քննարկելու Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ ուղղակի բախում հրահրելու Ուքրանիոյ եւ Լեհաստանի փորձերը: Այս երկու պետութիւններու ղեկավարութիւններուն բացարձակ անպատասխանատու յայտարարութիւնները...

«Օմանի Ծոցին Մէջ Քարիւղատարին Վրայ  Յարձակած Անօդաչու Թռչող Սարքը  Իրանի Արտադրութիւն Է»  Կ՛ըսէ Ամերիկեան Բանակը

«Օմանի Ծոցին Մէջ Քարիւղատարին Վրայ Յարձակած Անօդաչու Թռչող Սարքը Իրանի Արտադրութիւն Է» Կ՛ըսէ Ամերիկեան Բանակը

Ամերիկեան բանակը յայտնեց, որ Օմանի ծովեզերքին մօտ «Փասիֆիք Զիրքոն» քարիւղատար նաւուն վրայ յարձակում գործած անօդաչու թռչող սարքը Իրանի մէջ արտադրուած է: «Իսթըրն Փասիֆիք շիփինկ» ընկերութիւն, որուն կեդրոնատեղին Սինկափորի մէջ է, յայտարարեց, որ իրեն պատկանող վերոնշեալ նաւը յարձակումի ենթարկուած է, երբ Օմանի ծովափէն շուրջ 150 մղոնի վրայ կը գտնուէր: «Մենք նաւուն հետ կապի մէջ ենք, եւ վիրաւորներու կամ ապականումի մասին տեղեկութիւններ...

«Ուքրանական Բանակը Պիտի Չկարողանայ  Ուքրանիայէն Վտարել Ռուսական Բանակը»  Կ՛ըսէ Զօր. Միլլի

«Ուքրանական Բանակը Պիտի Չկարողանայ Ուքրանիայէն Վտարել Ռուսական Բանակը» Կ՛ըսէ Զօր. Միլլի

Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր.Մարք Միլլի յայտարարեց, որ «Ուքրանական ուժերը պիտի չկարողանան Ուքրանիոյ հողերէն վտարել ռուսական ուժերը»: «Ռուսերը Ուքրանիայէն հեռացնելը շատ դժուար առաքելութիւն է, եւ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի չունենայ, բացի եթէ ռուսական բանակը ամբողջական քայքայումի ենթարկուի, ինչ որ բացարձակապէս անհաւանական է», աւելցուց զօր.Միլլի: «Ուքրանական զինուորական յաղթանակի արձանագրման, ռուսերուն` ամբողջ Ուքրանիայէն, ներառեալ Խրիմէն վտարելու հաւանականութիւնը… մօտիկ ժամանակին մեծ...

«Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Փոխհատուցէ  Հակառուսական Պատժամիջոցներէն  Տուժած Երրորդ Երկիրներուն»  Կ՛ըսէ Պորել

«Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Փոխհատուցէ Հակառուսական Պատժամիջոցներէն Տուժած Երրորդ Երկիրներուն» Կ՛ըսէ Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան պիտի փոխհատուցէ երրորդ երկիրներուն հասցուած վնասը, եթէ նման խնդիր յառաջանայ հակառուսական պատժամիջոցներուն իբրեւ հետեւանք: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Պատժամիջոցներու հետեւանքները պէտք է մանրակրկիտ սերտուին եւ ճշդուին: Ատոնք պէտք չէ ազդեն գումակային գործօններու վրայ: Երէկ մենք շատ արդիւնաւէտ քննարկում ունեցանք ուրոյն խնդիրներու շուրջ,...

«Եգիպտոսի Եւ Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւնները  Կրնանք Վերատեսութեան Ենթարկել  Նախագահական Ընտրութենէն Ետք»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Եգիպտոսի Եւ Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Կրնանք Վերատեսութեան Ենթարկել Նախագահական Ընտրութենէն Ետք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` խօսելով Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն մասին, յայտնեց.«Կրնանք վերատեսութեան ենթարկել յարաբերութիւնները այն երկիրներուն հետ, որոնց հետ մենք խնդիրներ ունինք, եւ կրնանք այդ մէկը կատարել յունիսին նախատեսուած նախագահական ընտրութենէն ետք»: «Քաղաքականութեան մէջ յաւիտենական տարակարծութիւն ու դժգոհութիւն գոյութիւն չունի, եւ կրնանք կացութիւնը գնահատել, երբ ժամանակը գայ եւ կարելի ըլլայ այդ հիմամբ վերանորոգել», ըսաւ Էրտողան: Թուրքիոյ նախագահը նաեւ...

Քոնկրեսի 100 Անդամներ Պայտընի Վարչակազմին  Կոչ Կ՛ուղղեն` Արցախի Եւ Հայաստանի  Կողքին Կանգնելու

Հանրապետական Կուսակցութիւնը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Ներկայացուցիչներու Տունը

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը` 218 աթոռներ ապահովելէ ետք, իր վերահսկողութեան տակ առած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը: Լրատուամիջոցներու նախատեսութիւնները ցոյց տուին, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը  վերահսկողութիւն հաստատած է Ներկայացուցիչներու տան վրայ, սակայն ջնջին մեծամասնութեամբ մը, որ կուսակցութիւնը կարող պիտի դարձնէ նախագահական նստաշրջանի աւարտին համար մնացած յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին ընդդիմանալու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աշխատանքի...

«Լեհաստանի Պայթումը Թերեւս Ռուսիայէն  Արձակուած Հրթիռի Պատճառով Չէր»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Լեհաստանի Պայթումը Թերեւս Ռուսիայէն Արձակուած Հրթիռի Պատճառով Չէր» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ի անդամ անոր դաշնակիցները կը հետաքննեն պայթումը, որուն պատճառով Լեհաստանի մէջ երկու զոհ արձանագրուեցաւ, սակայն նախնական տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ ատիկա Ռուսիայէն արձակուած հրթիռի պատճառով չէր: Պայտըն այս մասին հաղորդեց «Քսաններու խմբակ»-ի Ինտոնեզիոյ Պալի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի մասնակից ղեկավարներու` Լեհաստանի մէջ հրթիռի պայթումին հարցով արտակարգ ժողովի գումարումէն...

Իսրայէլացի Միլիառատէրի Մը Պատկանող  Քարիւղատար Նաւ Մը Օմանի Մօտ Անօդաչու  Թռչող Սարքի Կողմէ Յարձակումի Ենթարկուեցաւ

Իսրայէլացի Միլիառատէրի Մը Պատկանող Քարիւղատար Նաւ Մը Օմանի Մօտ Անօդաչու Թռչող Սարքի Կողմէ Յարձակումի Ենթարկուեցաւ

«Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդեց, որ քարիւղատար նաւ մը վնասուած է, երբ Օմանի ծովափին մօտ անօդաչու թռչող սարքի մը կողմէ յարձակումի ենթարկուած է: Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ նշեալ քարիւղատար նաւը կը պատկանի իսրայէլացի միլիառատէրի մը սեփականութիւնը եղող ընկերութեան եւ բարձրացուցած էր Լիպերիոյ դրօշը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին, մէջբերելով ամերիկեան զինուորական պատասխանատուի մը խօսքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու 5-րդ նաւատորմիղը տեղեակ է...

Page 233 of 882 1 … 232 233 234 … 882

Արխիւներ