Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ականահարման Սուրիացի Հեղինակը Ձերբակալուած Է. Անգարա Թաքսիմի Մէջ Ականահարման Համար Կ՛ամբաստանէ ՔԱԿ-ն ու Միացեալ Նահանգները Եւ Կը Սպառնայ «Շատ Ուժեղ» Պատասխան Տալ

November 15, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարեց, որ թրքական ապահովական մարմինները ձերբակալած են այն անձը, որ կիրակի օր Պոլսոյ Թաքսիմ շրջանի Իսթիքլալ փողոցին մէջ զետեղած է այն ռումբը, որուն պատճառով արձանագրուեցան 6 զոհեր եւ 81 վիրաւորներ: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) ամբաստանած է Պոլսոյ մէջ պայթումին ետին կանգնելու յանցանքով:

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած էր, որ Պոլսոյ ընդհանուր դատախազութիւնը դէպքը նկատած էր «ահաբեկչական արարք» եւ 8 ընդհանուր դատախազներու եւ 2 օգնականներու վստահած դէպքի հետաքննութիւնը:

Թրքական ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ ականահարման հեղինակը 23 տարեկան սուրիացի կին մըն է, որ խոստովանած է, թէ քիւրտ զինեալներուն կողմէ մարզուած է, գործած է ՔԱԿ-ի հրամանով եւ ցուցմունք ստացած է Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան Արաբ Բունար քաղաքէն:

Ոստիկանութիւնը նաեւ յայտարարեց, որ պայթումին հարցով ձերբակալած է 46 անձեր:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտարարեց, որ ձերբակալուած է ականահարումը գործադրողն ու աւարտէն ետք ՔԱԿ-ի, Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու, Ժողովրդավարական միութեան կողմէ զինք սպաննելու պարտականութիւնը ունեցող անձը:

«Մենք չենք ընդունիր Անգարայի մէջ ամերիկեան դեսպանատան յղած ցաւակցութիւնը եւ կը մերժենք զայն», ըսաւ Սոյլու` աւելցնելով. «Գիտենք, թէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ո՛վ ահաբեկչութեան կ՛աջակցի, եւ գիտենք այն պատգամը, որ այս յարձակումին ճամբով ուզեցին Թուրքիոյ հասցնել»:

«Ան, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան կ՛աջակցի, ան է, որ մեր վրայ յարձակումը գործեց», շեշտեց Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը` յայտարարելով. «Այս յարձակումին ճամբով մեզի հասած պատգամին շատ ուժեղ կերպով պիտի պատասխանենք»:

Պոլսոյ մէջ Իրաքի հիւպատոսարանը հաղորդեց, որ վիրաւորներուն շարքին են 4 իրաքցիներ:

Նախորդը

Անգարայի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններ. Քրեմլինը Ո՛չ Հաստատած Է, Ո՛չ Ալ Հերքած

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.