Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Վերջին Քանի Մը Օրուան Մէջ 2-րդ Բողոքագիրը Յանձնած Է Ազրպէյճանի Դեսպանին

Նոյեմբեր 15, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ալի Ալիզատէ կանչուած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն` բողոքագիր յանձնելու համար: «Ռեկնում» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ լրագրողներուն յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի Չաֆի:

«Ազրպէյճանի Հանրապետութեան դեսպանին կանչած ենք, անոր բողոքագիր տուած ենք», ըսած է Քենաանի:

Անոր համաձայն, ատիկա կատարուած է Իրանի մէջ Ազրպէյճանի շարք մը քաղաքացիներու «յանցաւոր» գործունէութեան համար: Ան յայտարարած է, որ դեսպանին ներկայացուած են մեղադրանքները հաստատող ապացոյցներ եւ փաստեր:

Ազրպէյճանի Պետական Անվտանգութեան Ծառայութիւնը
Զեկուցած Է «Իրանեան Լրտեսական Ցանց»-ի Բացայայտման Մասին

Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը (ՊԱԾ) զեկուցած է «իրանեան լրտեսական ցանց»-ի բացայայտման մասին: Այս մասին հաղորդեց «Նիուզ»-ը:

Ինչպէս ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդած են. «ՊԱԾ-ն յաջողած է բացայայտել, որ Կասպից ծովու ծովային քարիւղային նաւատորմիղի նաւու գնդապետ Զահիր Ասկերով, Քոմի մէջ կրօնական կրթութիւն ստանալով, գաղտնի համագործակցութեան մէջ մտած է Իրանի գաղտնի սպասարկութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Անցեալ շրջանին Ասկերով տեղեկութիւններ հաւաքած է Ազրպէյճանի մէջ օտարերկրեայ ընկերութիւններու եւ օտարերկրեայ պետութիւններու ներկայացուցչութիւններու, Կասպից ծովուն մէջ ծովուժի նաւատորմիղի ռազմափորձերու, քարիւղի հարթակներ հասցուած բեռներու մասին` զանոնք փոխանցելով բջիջային հեռաձայնով, ինչպէս նաեւ Իրանի իր հովանաւորներուն հետ անմիջական հանդիպումներու ժամանակ:

«Մէկ այլ հետաքննութիւն ցոյց տուած է, որ քաղաքացի Էլնուր Ռասուլով, 2018-ին Իրան գտնուելով, համաձայնած է գաղտնի համագործակցիլ գաղտնի սպասարկութիւններու հետ երկու հովանաւորներու միջոցով, որոնք ներկայացած են իբրեւ «Մէյսէ» եւ Տոքթոր»: Ապա Ռասուլով այս գործին մէջ ընդգրկած է իր ազգականը` Արիֆ Ռասուլովը, եւ անոր հետ միասին «ՈւացԱփփ»-ով լուսանկարած քարիւղատար եւ կազատար խողովակաշարերու տեղերը Պաքուի Կարատաղի շրջանին մէջ, օդակայաններուն մէջ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ պետական սահմանապահ ծառայութեան անօդաչու թռչող սարքերը, այն տարածքը, ուր կը պահուին հրասայլերը եւ տարբեր զինուորական սարքաւորումները Պաքուի «Թեխնոֆեսթ» ցուցահանդէսէն, ռազմավարական եւ ռազմական կառոյցները, հակաօդային հրթիռային համակարգերը, ինչպէս նաեւ Պաքուի, Սայիանսքի եւ Ֆիզուլիի շրջանի ռատարներն ու այլ սարքեր:

«Ի յայտ եկած է նաեւ, որ Ազրպէյճանի մէկ այլ քաղաքացի` Պախթիար Աղազատէ, հաւաքագրուած է իրանեան գաղտնի սպասարկութիւններուն կողմէ: Ան եւս կրօնական կրթութիւն ստացած է Իրանի մէջ: Իր դասարանակիցներուն յանձնարարութեամբ` Աղազատէ տեղեկութիւններ հաւաքած է Ազրպէյճանի մէջ գործող օտարերկրեայ պետութիւններու ներկայացուցչութիւններու, երկրին մէջ տեղի ունեցող հասարակական-քաղաքական հոլովոյթներու, զօրամասերու, անոնց տեղակայման վայրերու եւ նշանակութեան, ներառեալ հրամանատարական կազմի մասին եւ զանոնք փոխանցած իրանեան գաղտնի սպասարկութեան:

«Մէկ Այլ քաղաքացի` Միրհաֆիզ Զաֆարզատէ, կատարելով 2018-էն միջազգային հետախուզման մէջ գտնուող եւ այժմ Իրանի մէջ թաքնուող Օրհան Մամետովի յանձնարարութիւնները, «Թելեկրամ»-ի ճամբով իրանեան գաղտնի սպասարկութեան տեղեկութիւն փոխանցած է զինուորական նշանակութեան առարկաներու գտնուելու վայրի մասին:

«Զահիր Ասքերովը, Էլնուր Ռասուլովը, Արիֆ Ռասուլովը, Միրհաֆիզ Զաֆարզատէն եւ Պախթիար Աղազատէն պատասխանատուութեան ենթարկուած են 274-րդ յօդուածով (պետական դաւաճանութիւն) եւ դատարանի վճիռով ձերբակալուած են:

«Հետաքննութեան ընթացքին պարզուած է, որ իրանեան գաղտնի սպասարկութեան հրահանգով գործող եւ քրէական հետապնդումէն Իրանի մէջ թաքնուող Թոհիտ Իպրահիմպէյլին, Օրհան Մամետովը, Էլշատ Հաճիեւը եւ միւսները «ՈւացԱփփ»-ի պատգամներուն մէջ ստեղծած են փակ խումբեր` «Քննարկումներ» եւ «Յայտարարութիւններ» անուններով, այնտեղ ընդգրկելով ազրպէյճանցի քաղաքացիներ, եւ այդ խումբերուն միջոցով տարածած են արմատական, կրօնական-ծայրայեղական գաղափարներ, որոնք կը հակասեն մարդու իրաւունքներու մասին ժամանակակից միջազգային իրաւունքներուն, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան, եւ որոնք նպատակ ունեցած են Ազրպէյճանի մէջ կրօնական պետութեան ստեղծումը»:

 

Նախորդը

Իրան Վերսկսած Է Իրաքի Հիւսիսը Ահաբեկչական Կառոյցներուն Դէմ Հարուածները

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Ռուսական Զէնքերու Գնման Ցանցին Դէմ Պատժամիջոցներ Պիտի Հաստատէ» Կ՛ըսէ Ելըն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?