Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուան «Ուշադիր Կը Հետեւի» Ամէնէն Մօտ Դաշնակիցներու` ՄԱԿ-ի Մէջ Քուէարկութեան» Կ՛ըսէ Փեսքով

November 16, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան կտրուկ կերպով դէմ է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի` Մոսկուայի կողմէ Ուքրանիոյ հատուցումներու մասին բանաձեւին, որ ընդունուած է երէկ: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Բնականաբար, այս հոլովոյթի կազմակերպիչները կը փորձեն աւարտին հասցնել մեր` ամբողջութեամբ ապօրինի արգելափակուած ոսկիի եւ արժութային պահեստներու թալանը», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով:

Ան նշած է, որ «Ռուսիան ամէն ինչ պիտի ընէ»` կանխարգիլելու համար ռուսական սառեցուած հաշիւներու գրաւումը:

Փեսքովին նաեւ հարցուցած են, թէ Քրեմլինը ինչպէ՞ս կը վերաբերի այն փաստին, որ Ռուսիոյ ամէնէն մօտ դաշնակիցները ՄԱԿ-ի մէջ ձեռնպահ մնացած են բանաձեւի նախագիծի քուէարկութեան ժամանակ:

«Ասոնք գերիշխան պետութիւններ են, մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք այս կամ այն հարցերուն վերաբերեալ անոնց դիրքորոշումին», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի արտակարգ նստաշրջանի մասնակիցները բանաձեւ որդեգրած են Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ պատճառուած վնասներու միջազգային արձանագրութիւն ստեղծելու մասին, ինչպէս նաեւ ճանչցած կորուստներու փոխհատուցման մեքանիզմ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: Բանաձեւին թեր քուէարկած է 94, դէմ` 14, ձեռնպահ` 73 երկիր:

Փաստաթուղթին դէմ քուէարկած են Ռուսիան, Պիելոռուսիան, Զիմպապուէն, Իրանը, Չինաստանը, Հիւսիսային Քորէան, Քուպան, Մալին, Նիքարակուան, Սուրիան, Պահամեան կղզիներու համագործակցութիւնը, Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւնը, Էրիթրիան եւ Եթովպիան:

Յետխորհրդային տարածքի երկիրներէն ձեռնպահ քուէարկած են Հայաստանը, Ղազախստանը, Խըրխըզիստանը, Տաճիկիստանը եւ Ուզպեքիստանը: Բանաձեւին աջակցած են Վրաստանը, Լաթվիան, Լիպուանիան, Մոլտովան, Ուքրանիան եւ Էսթոնիան: Ազրպէյճանն ու Թուրքմենիստանը չեն մասնակցած քուէարկութեան:

Բանաձեւին աջակցած են Հունգարիան եւ Թուրքիան: Ինտոնեզիան, Սէուտական Արաբիան եւ Սերպիան ձեռնպահ մնացած են:

ՊՐԻՔՍ-ի երկիրներէն ձեռնպահ մնացած են Պրազիլը, Հնդկաստանը եւ Հարաւային Ափրիկէն:

Նախորդը

Ֆրանսայի Ծերակոյտի Շէնքին Մօտ Ազրպէյճանցիներու Բողոքի Ցոյց

Յաջորդը

Զելենսքի «Քսաններու Խմբակ»-ի Վեհաժողովին Ներկայացուցած Է Խաղաղութեան Հաստատման Համար 10 Պայման. Ռուսիան Զանոնք «Անիրատեսական» Որակած Է

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.