Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրամովի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. «Երկիրներու Գերիշխանութեան Յարգումը Կարեւոր Եւ Հիմնական Սկզբունք Է, Որ Պէտք Է Հաշուի Առնել» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

November 17, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան, իր դժգոհութիւնը արտայայտելով վերջին օրերուն Ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ հնչած որոշ անիրատեսական յայտարարութիւններուն վերաբերեալ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ըսած է, որ երկիրներու գերիշխանութիւնը յարգելը կարեւոր սկզբունք է:

«Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի երեկոյեան Պայրամովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Ապտոլլահեան կրկնած է, որ երկիրներու գերիշխանութիւնը յարգելը կարեւոր եւ հիմնական սկզբունք է, որ պէտք է հաշուի առնել:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը պաշտօնական եւ դիւանագիտական ուղիները նկատած է թիւրիմացութիւններու ու տարակարծութիւններու լուծման լաւագոյն միջոցը եւ ընդգծած, որ լրատուամիջոցներուն մէջ նման հարցերու բարձրացումը ո՛չ միայն չ՛օգներ խնդիրի լուծման, այլ նաեւ ճամբայ կը բանայ թշնամիներու համար` շահարկելու հարցը:

Ապտոլլահեան Իրանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը նկատած է դրացիներու, ներառեալ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը եւ ընդգծած երկու երկիրներուն միջեւ համակողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցը հրաւիրած է մասնակցելու Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք «3+3» ձեւաչափի հանդիպումին` իբրեւ դիւանագիտական ռազմավարութեան միջոցով շրջանային խնդիրներու լուծման շրջանակ:

Պայրամով ընդգծած է երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ թիւրիմացութիւններու վերացման անհրաժեշտութիւնը:

Զրոյցի ընթացքին երկու կողմերը ընդգծած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներուն մէջ շարունակելու եւ ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ հաւանական թիւրիմացութիւններու ջնջման ուղղութեամբ:

Նախորդը

Թրամփ Պաշտօնապէս Յայտարարած Է 2024-ի Նախագահական Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Մասին

Յաջորդը

«Միշտ Հաղորդագրութիւններ Կը Փոխանակենք Ամերիկեան Կողմին Հետ, Վերջին Փոխանակումը Կայացած Է Անցած 72 Ժամուան Ընթացքին» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.